300 Վանաձորցի երեխաներ կը մասնակցին ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Ճամբար 2016»ին

 

 Վանաձոր -Վեցերորդ տարին ըլլալով Գանատայի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը (ԳԵՄ) իր երկշաբաթեայ ճամբարը կը կազմակերպէ Վանաձորի մէջ։ Այս տարի ճամբարին կը մասնակցին 9-15 տարեկան 300-է աւելի վանաձորցի երեխաներ, որոնք կը հետեւին ԳԵՄ-ի 13 վարիչներու պատրաստած ամէնօրեայ դասընթացքներուն եւ ծրագիրներուն, որոնք կ՚ընդգրկեն անգլերէն լեզուի դասընթացք, ազգային-յեղափոխական երգերու ուսուցում, ՀՅԴ պատմութիւն, ձեռային աշխատանք, մարզանք… Ճամբարը սկիզբ առաւ Յուլիս 18-ին։

Այս տարուան ծրագիրը դարձեալ կ՚ընդգրկէ «Առաջնորդներու պատրաստութիւն» ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ պատանիները ծանօթացնել ղեկավարման ձեւերուն։

Ճամբարի ամենօրեայ աշխատանքներուն կը հսկեն Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն, Վանգուվըրէն, Լոս Անճելոսէն, Պոսթընէն, Երուսաղէմէն եւ Էգիպտոսէն ՀՅԴ երիտասարդական միութեան 13 անդամներ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.