102 տարի առաջ՝ այսօր . Վռամեանի եւ Արմէն Գարոյի Ծանրակշիռ Տեսակցութիւնը Թալէաթի Հետ

 

Նազարէթ Պէրպէրեան 

30 ­Յու­նի­սի այս օ­րը, 1914 թո­ւա­կա­նին, պատ­մա­կան ծան­րակ­շիռ նշա­նա­կու­թեամբ քա­ղա­քա­կան հան­դի­պում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ ա­տե­նի թրքա­կան պե­տու­թեան ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Թա­լէաթ փա­շա­յի մի­ջեւ։

Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէին Ար­շակ Վ­ռա­մեան ու Ար­մէն ­Գա­րօ։ ­Տե­սակ­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նած էր ­Թա­լէաթ, որ­պէս­զի Իթ­թի­հա­տի ա­նու­նով փոր­ձէր տար­հա­մո­զել ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ի նպաստ օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան հետ գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման։

Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը 1909-ի Ա­տա­նա­յի ջար­դե­րէն ետք սկսած էր բուռն քննա­դա­տու­թեան են­թար­կել 1908-ի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան յե­ղաշրջ­ման օ­րե­րու իր զի­նա­կից Իթ­թի­հա­տը, աս­տի­ճա­նա­բար խզած էր կա­պե­րը Իթ­թի­հա­տի հետ, իսկ 1912ին պաշ­տօ­նա­պէս ընդ­դի­մա­դի­րի դիրք ճշդած էր ա­նոր նկատ­մամբ։

Իթ­թի­հատ-­Դաշ­նակ­ցու­թիւն հա­կադ­րու­թեան այդ շրջա­նին տե­ղի ու­նե­ցած էր 1913-ի ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մը։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մով՝ ­Պալ­քան­նե­րու մէջ հայ կա­մա­ւո­րա­կան ու­ժեր, Անդ­րա­նի­կի եւ Նժ­դե­հի գլխա­ւո­րու­թեամբ, մաս­նակ­ցած էին պա­տե­րազ­մին, որ վերջ գտաւ թրքա­կան բա­նա­կի խայ­տա­ռակ պար­տու­թեամբ։

Տե­ղի ու­նե­ցած էր նաեւ, ­Փետ­րո­ւար 1914-ին, եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց հա­մա­խո­հու­թիւ­նը՝ հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րուն մէջ բա­րե­կար­գում­ներ ի­րա­գոր­ծե­լու ­Մա­յի­սեան Ծ­րագ­րին շուրջ։ ­Հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րուն մէջ տե­ղա­կան լայն ինք­նա­կա­ռա­վար­ման դրու­թիւն հաս­տա­տե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով՝ Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը հա­մա­ձայ­նած էին զոյգ կու­սա­կա­լու­թեանց վե­րա­ծել Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը։ Այդ նպա­տա­կով եւ­րո­պա­ցի եր­կու կա­ռա­վա­րիչ­ներ նոյ­նիսկ ճամ­բայ ե­լած էին դէ­պի ­Կա­րին եւ ­Վան։ Ար­մէն ­Գա­րօ ան­ձամբ նշա­նա­կո­ւած էր փոխ-կա­ռա­վա­րիչ։

Հ.Յ.Դ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ ­Թա­լէա­թի 30 ­Յու­նիս 1914-ի պատ­մա­կան հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ իթ­թի­հա­տա­կան այլ պա­րագ­լու­խի մը՝ ­Թա­լէա­թի մտե­րիմ ու սերտ գոր­ծա­կից ­Խա­լիլ փա­շա­յի տան մէջ։ Ար­շակ Վ­ռա­մեան եւ Ար­մէն ­Գա­րօ յանձ­նա­րա­րո­ւած էին Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան փո­խան­ցե­լու ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մօ­տե­ցում­նե­րը ոչ միայն մի­ջազ­գա­յին կա­րե­ւոր զար­գա­ցում­նե­րուն նկատ­մամբ, այլ նաեւ ար­դէն խմո­րու­մի մէջ գտնո­ւող հա­ւա­նա­կան պա­տե­րազ­մի մը պա­րա­գա­յին հա­յու­թեան դիր­քո­րո­շու­մին վե­րա­բե­րեալ։

Իթ­թի­հա­տը ներ­կա­յաց­նե­լու բո­լոր տո­ւեալ­նե­րը ու­նէր ­Թա­լէաթ, որ ոչ միայն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րարն էր, այ­լեւ՝ գլխա­ւոր դէմքն էր Իթ­թի­հա­տի ղե­կա­վար ե­ռա­պե­տու­թեան։

Իսկ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­նու­նով ներ­կա­յա­ցած խօ­սա­կից­նե­րը նոյն­պէս ամ­բող­ջա­կան լիա­զօ­րու­թիւն ու­նէին։ Ար­շակ Վ­ռա­մեան (Օն­նիկ ­Դեր­ձա­կեան) Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ էր եւ, միա­ժա­մա­նակ, ­Վա­նի հա­յու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող պե­տա­կան պատ­գա­մա­ւոր էր օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նին մէջ։ Իսկ ­Պանք Օ­թո­մա­նի հե­րո­սա­կան գրա­ւու­մէն վե­րապ­րած Ար­մէն ­Գա­րոն (­Գա­րե­գին ­Փաստր­մա­ճեան) ­Կար­նոյ հա­յու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող պե­տա­կան պատ­գա­մա­ւոր ե­ղած էր մին­չեւ 1912, երբ նոյ­նինքն ­Թա­լէա­թի սադ­րանք­նե­րով պար­տու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, բայց որ 1913-ի Օ­գոս­տո­սին ­Կար­նոյ մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 7-րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ընտ­րո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ։

Փաս­տօ­րէն տե­ղի ու­նե­ցա­ծը պա­տաս­խա­նա­տու տե­սակ­ցու­թիւն մըն էր Իթ­թի­հա­տի եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րուն մի­ջեւ։ Ե­րեք մաս­նա­կից­ներն ալ անձ­նա­պէս քա­ջա­ծա­նօթ էին ի­րա­րու ոչ միայն մին­չեւ 1908-ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը Իթ­թի­հա­տի եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մի­ջեւ ա­ռա­ջա­ցած գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տու մաս­նակ­ցու­թեան բե­րու­մով՝ ­Հա­մի­տեան վար­չա­կար­գի դէմ մղո­ւած միա­ցեալ պայ­քա­րի շրջա­նէն, այ­լեւ՝ այ­նու­հե­տեւ ի­րենց ու­նե­ցած գոր­ծակ­ցու­թեամբ, բա­խում­նե­րով եւ, 1911-ի Իթ­թի­հատ-­Դաշ­նակ­ցու­թիւն ի­րո­ղա­կան խզու­մէն ետք, հա­կադ­րու­թիւն­նե­րով։

Տե­սակ­ցու­թեան պատ­մա­կան խո­րա­պատ­կե­րին վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւոր է նշել, որ 1909-ի ­Կի­լի­կիոյ Մեծ Ա­ղէ­տէն ետք ան­վե­րա­կանգ­նե­լիօ­րէն վատ­թա­րա­ցան կա­պե­րը Իթ­թի­հա­տի եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մի­ջեւ՝ պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան միեւ­նոյն դաշ­տին մէջ գոր­ծե­լու հար­կադ­րան­քով հան­դերձ։

Այ­սօր ար­դէն պատ­մա­կան բա­ցա­յայ­տում­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ Իթ­թի­հատ 1912-ին, ­Սե­լա­նի­կի իր գաղտ­նի ժո­ղո­վին կա­յա­ցու­ցած գեր-գաղտ­նի ո­րո­շու­մով, վճռած էր պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րել հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­հա­ւոր ո­ճի­րը՝ մէ­կան­գա­մընդ­միշտ «ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու» հա­մար ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցէն։ Այդ հրէ­շա­յին ո­րո­շու­մին հիմք ծա­ռա­յե­ցո­ւե­ցաւ 1913-ին պայ­թած ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մին մէջ օս­մա­նեան բա­նա­կի ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թիւ­նը։ Իթ­թի­հատ իր կրած պար­տու­թեան հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու նկա­տեց ­Դաշ­նակ­ցու­թիւնն ու հա­յու­թիւ­նը։ ­Նաեւ՝ այս ան­գամ ա­րե­ւել­քէն «իր ներ­քին գա­ւառ­նե­րուն» այս­պէս կո­չո­ւած «սպառ­նա­ցող վտանգ»ը կան­խե­լու մտադ­րու­թեամբ, վճռած էր հա­յա­թափ ը­նել Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը։

Ա­ւե­լի ուշ, Իթ­թի­հատ կա­յա­ցուց ­Գեր­մա­նիոյ կող­քին պա­տե­րազ­մի մէջ մտնե­լու եւ, ընդ­հա­նուր կռո­ւի պայ­ման­նե­րուն մէջ, հա­յաս­պա­նա­կան իր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ա­րա­գաց­նե­լու ո­րո­շու­մը։ ­Մա­նա­ւանդ որ ­Ռու­սաս­տա­նի ճնշում­նե­րով եւ Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց հա­խո­հու­թեամբ՝ օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ստի­պո­ւած ե­ղած էր ըն­դու­նե­լու հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րուն վար­չա­կան ինք­նա­վա­րու­թիւն տա­լու ծրա­գի­րը եւ հաս­տա­տե­լու ­Հոֆն ու ­Վես­տե­նեն­կը իբ­րեւ կա­ռա­վա­րիչ­ներ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան ու­ղար­կե­լու ո­րո­շու­մը, իսկ Ար­մէն ­Գա­րո­յի վստա­հո­ւած էր փոխ-կա­ռա­վա­րի­չի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Հա­կա­ռակ այս բո­լոր զար­գա­ցում­նե­րուն, թրքա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան բնո­րոշ ա­մե­նայն կեղ­ծա­ւո­րու­թեամբ ու շնա­կա­նու­թեամբ, ­Թա­լէաթ փա­շա ամ­բողջ հան­դի­պու­մը փոր­ձեց ծա­ռա­յեց­նել հայ ժո­ղո­վուրդն ու ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն քնաց­նե­լու… խա­բե­լու աճ­պա­րա­րու­թեան։ ­Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ­Թա­լէաթ փոր­ձեց ա­մէն կար­գի փաս­տարկ­նե­րով տար­հա­մո­զել իր խօ­սա­կից­նե­րը, թէ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ին­չո՛ւ պէտք է գոր­ծակ­ցի Իթ­թի­հա­տի հետ, ­Գեր­մա­նիոյ կող­քին ­Ռու­սաս­տա­նի դէմ պա­տե­րազ­մի հռչակ­ման պա­րա­գա­յին։ ­Մին­չեւ իսկ խոս­տա­ցաւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի կող­քին նաեւ ռու­սա­կան տի­րա­պե­տու­թե­նէն ա­զա­տագ­րել Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նը եւ միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղին վրայ լայն ինք­նա­վա­րու­թեամբ հայ­կա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մել…

Տե­սակ­ցու­թե­նէն ա­միս մը ետք ար­դէն, ­Յու­լիս 1914-ին, երբ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ­Կար­նոյ մէջ կը գու­մա­րէր իր 8-րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը, Իթ­թի­հատ պաշ­տօ­նա­պէս իր բա­նագ­նաց­նե­րը ու­ղար­կեց Դաշ­նակ­ցու­թեան Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին՝ ա­ռա­ջար­կե­լու հա­մար, որ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի թէ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի մէջ Իթ­թի­հա­տի կող­քին պա­տե­րազ­մի մէջ մտնե­լու պա­րա­գա­յին, ան­խու­սա­փե­լի պի­տի ըլ­լար յաղ­թա­նա­կը եւ ա­պա­հո­վո­ւած պի­տի ըլ­լար, իբր թէ, ա­զա­տագ­րո­ւած ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի ինք­նա­վա­րու­թիւնն ու հե­տա­գայ ան­կա­խու­թիւ­նը….

Ան­շուշտ ե՛ւ ­Թա­լէա­թի հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, թէ՛ այ­նու­հե­տեւ Հ.Յ.Դ. Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցած Իթ­թի­հա­տի բա­նագ­նաց­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան դի­մու­մին՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նէր մէկ ու միակ պա­տաս­խան, որ կա­յա­ցո­ւած էր տա­կա­ւին 1911-ի Օ­գոս­տոս-­Սեպ­տեմ­բե­րին, Պոլ­սոյ մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 6-րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին.-

Մեկ­նե­լով 1909-ի Ա­տա­նա­յի ­Կո­տո­րա­ծին դառ­նա­ղէտ դա­սէն, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շած էր բո­լոր ու­ժե­րով լծո­ւիլ հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մին, իսկ ­Կով­կա­սի, Պարս­կաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մէջ հա­ւա­նա­կան պա­տե­րազ­մի պա­րա­գա­յին, իւ­րա­քան­չիւր շրջա­նի մէջ մղել հա­յու­թիւ­նը, որ­պէս­զի քա­ղա­քա­ցիա­կան իր պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը կա­տա­րէ հան­դէպ իր ապ­րած երկ­րին, միա­ժամ­նակ ար­թուն գտնո­ւե­լով՝ ազ­գա­յին ա­մէն հա­ւա­նա­կան վտանգ կան­խե­լու պատ­րաս­տու­թեամբ եւ վճռա­կա­նու­թեամբ։

Ն­ման նշա­նա­կու­թեամբ ծան­րակ­շիռ հան­դի­պու­մի մը տա­րե­դարձն է այ­սօր։ 30 ­Յու­նիս 1914-ին, թրքա­կան եր­կե­րե­սայ­նու­թիւ­նը իր պատ­մա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րէն մէ­կը ու­նե­ցաւ, երբ մեծ ջար­դա­րա­րը՝ Թա­լէաթ ի գործ դրաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մի­ջո­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դը խա­բե­լու եւ կռնա­կէն դա­շու­նա­հա­րե­լու ա­լա­թուր­քա ա­ւան­դա­կան վար­քա­գի­ծը…

Եւ երբ բա­խե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան վճռա­կան մեր­ժու­մին՝ ցե­ղաս­պան թուրք պե­տու­թիւ­նը ձեռ­նար­կեց քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.