Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի Անդրանիկ Այցելութիւնը Վանգուվըր
Ուրբաթ 19 Օգոստոս 2016-ին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան անդրանիկ այցելութեամբ ժամանեց Վանգուվըր։ Օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանի, Հոգաբարձութեան, պատկան մարմիններու եւ գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7-ին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժամանեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ արժանացաւ ժողովրդային մեծ ընդունելութեան։ Հացի եւ աղի օրհնութենէն յետոյ «Հրաշափառ»ով, դպրաց եւ սարկաւագաց դասերու առաջնորդութեամբ, թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։ Ապա Հոգեւոր Հովիւ Հայր Սուրբը, յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որմէ ետք Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան տուաւ իր անդրանիկ պատգամը։
Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ, նախ ողջունեց Վանգուվըրի հայութիւնը, Հոգեւոր Հովիւը, գաղութէն ներս գործող միութիւններն ու պատկան մարմինները եւ ներկայութիւնը եկեղեցւոյ նախկին Հոգեւոր Հովիւ եւ այժմու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի Վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի, որ յատուկ հրաւէրով կը գտնուի Վանգուվըր ներկայ ըլլալու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Հայ Կեդրոնի կազմակերպած «Սասուն» հայ պարի ամառնային ճամբարի 10-րդ ամեակի հանդիսութեան։
Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը քրիստոնէական հաւատքին եւ հայեցի դաստիարակութեան, որոնք հիմքը կը կազմեն մեր նոր սերունդի առողջ կազմաւորման եւ ճշմարիտ քրիստոնեայի ու իսկական հայու կերտման։ Ան կոչ ուղղեց, որպէս ամբողջական մեծ ընտանիք համախմբուելու եկեղեցւոյ շուրջ՝ միասնական ճիգերով եւ համագործակցութեամբ գաղութի ազգային եկեղեցական կեանքը աշխուժացնելու եւ մեր նոր սերունդը դաստիարակելու ազգային արժէքներով։
Իր խօսքի աւարտին, Թեմակալ Առաջնորդը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կոնդակը, ուր Վեհափառ Հայրապետը լանջախաչ կրելու իրաւունք կը շնորհէր Հայր Հրանդին եւ ապա լանջախաչ մը անցուց Հայր Սուրբին վիզէն։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք Սրբազան Հայրը կատարեց ջրաղբիւրի բացումը, որուն բարերարներն էին Սարաֆեան ընտանիքը։ Ապա, Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ «Սասուն» ճամբարի աւարտին կազմակերպուած ընկերային հաւաքին ու ընթրիքին։
Նշենք, որ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս յառաջիկայ օրերուն զանազան հանդիպումներ պիտի ունենայ հոգաբարձութեան, գործակից միութիւններու եւ պատկան մարմիններու հետ, ինչպէս նաեւ Կիրակի օր Ս. Եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցէ եւ ապա նախագահէ «Սասուն» հայ պարի ամառնային ճամբարի 10-ամեակի հանդիսութեան։