Լոյս տեսաւ «ՀՅԴ կուսակցական եւ համակիր պարբերական մամուլը Օսմանեան Թուրքիայում 1909-1915 եւ 1918-1923»

 

Մարիամ Յովսէփեան

Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Մարիամ Յովսէփեանի «ՀՅԴ կուսակցական եւ համակիր պարբերական մամուլը Օսմանեան Թուրքիայում 1909-1915 եւ 1918-1923» ուսումնասիրութիւնը, 310 էջ ծաւալով։։

Աշխատութիւնը կը ներկայացնէ 1909-1915 եւ 1918-1923 թուականներուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած ՀՅԴ կուսակցական եւ համակիր պարբերականներն ու թերթերը։ Ներկայացուած են նաեւ Դաշնակցական ուղղուածութիւն ունեցող գաւառահայ մամուլի օրգաններու պատմութիւնը եւ խաղացած դերը հայ կեանքէն ներս։

Մարիամ Յովսէփեանի երկարամեայ աշխատանքի արգասիքը հանդիսացաող այս հրատարակութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայոց ցեղասպանութիւնը  մամուլի հրապարակումներու միջոցով ուսումնասիրելու տեսանկյունէն։ Մարիամ Յովսէփեան ներկայիս հաղորդավար աշխատակից է Հայաստանի Հանրային ռատիոյին մէջ։

Գիրքի խմբագիրն է ՀՀ ԱԱ թղթակից անդամ Ալբերտ Ա. Խարատյանը։ Գիրքը հրատարակուած է ՀՀ ԱԱ պատմութեան ինստիտուտի գիտական խորհուրդի որոշումով։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.