Իվ Քեռնալկուեն. Ֆրանսացի նաւաստին, որ մասնակցեցաւ մուսալեռցիներու փրկութեան գործողութեան

 

Տիգրան Եկաւեան auroraprize.com կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ խօսելով Իվ Քեռնալկուենի մասին կը յայտնէ‚ որ ան ծնած է իր խստադէմ եւ ծովուժի մէջ տարիներու ծառայութեամբ կոփուած նկարագրի տէր մեծհօր՝ Էօժեն մահունէն տարիներ ետք։ Իվ միշտ ալ հետաքրքրուած եղած է իր մեծ հօր պատմութեամբ՝ տեղեակ ըլլալով‚ որ վերջինս մասնակցած է Համարշարհային Ա պատերազմին մէջ ծովային ճակատամարտներու։ Սակայն միայն 2010-ին էր‚ որ ան կրցաւ ամբողջովին ծանօթանալ Էօժեն Քեռնալկուենի առնչուած դէպքերու շարքին։

24 Ապրիլ 2010-ին‚ Ֆրանսայի Ֆինիսթեր շրջանի Պէօզեք-Քափէ Սիզէօն քաղաքին մէջ արարողութեան մը ընթացքին բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշատախտակի մը բացումը տեղի ունեցաւ։ Այդտեղ էր‚ որ Իվ Քեռնալկուեն ծանօթացաւ Ճորճ Գէորգեանին։ Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ նախկին աւագ ճարտարապետ‚ այժմ պատմաբան Գէորգեան կենդանի խորհրդանիշան է հայ-պրէօթոնական բարեկամութեան։ Իվ Գէորգեանի օգնութեամբ ծանօթացաւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ դէպքերուն։

Պրէթոն նաւաստիներ‚ որոնք մասնակցած են Համաշխարհային Ա պատերազմին չէին ուզեր իրենց երիտասարդութեան դժուար ժամանակներուն մասին խօսիլ իրենց սիրելիներուն։ «Անոնք կը հաւատային‚ որ իրենց պարտականութիւնը կատարած են եւ փափաք չունէին իրենց հերոսական արարքներով պարծենալու»‚ կ’ըսէ Իվ։

Ֆրանսական ծովուժի արխիւները աչքէ անցնելէ ետք‚ Իվ ծանօթացաւ Սեպտեմբեր 1915-ին Մուսա Տաղի լեռան վրայ պաշարուած հայերու փրկութեան մէջ ֆրանսական ծովուժի դերակատարութեան։ Ան նաեւ յայտնաբերեց‚ որ իր մեծ հայրը՝ Էօժենը պրէօթոն այլ նաւաստիներու կողքին մասնակցած է այդ հերոսական գործողութեան։

Էօժեն Քեռնալկուեն ծնած է 26 Մարտ 1894-ին‚ Պրիթանիի Տուարնենեզ ձկնորսական նաւահանգիստին մէջ։ Անոր ընտանիքի անդամ բոլոր այր մարդիկը սերունդերէ ի վեր կամ նաւաստի էին կամ ձկնորս‚ եւ իր կեանքը անքակտելի կերպով կապուած էր ծովուն։ Ան Համաշխարհային Ա պատերազմին սկիզբը զինուորագրուեցաւ ֆրանսական ծովուժին մէջ։ Մարտանաւին վրայ ան պարաններով կը զբաղեր եւ երբ նաւը նաւահանգիստ մը հասնէր‚ իր մասնագիտութիւնը մեծապէս կը ծառայէր նաւը խարսխելու։

Փետրուար 1915-ին Ֆրանսան իր մարտանաւերը ուղարկեց Միջերկրական‚ Օսմանեան կայսրութեան ծովափին մօտ։ Ֆրանսական ծովուժի 3-րդ տորմիղը կը շրջեր Սուրիոյ ծովեզերքին մօտ Օսմանեան նաւահանգիստներու մուտքը փակելու եւ մատակարարումները արգելակելու համար։ Երիտասարդ նաւաստի Էօժեն Քեռնալկուեն կը ծառայէր այդ տորմիղին մաս կազմող «Տ’Էսթրէ» հածանաւին վրայ։

8 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 6։30-ին «Կուիշեն» մարտանաւի պահակները նշմարեցին Մուսա Տաղը պաշտպանողները‚ որոնք լեռան վրայէն դրօշներ կը ծածանէին։ Հայ հրամանատար Փիեռ Տամլաքեան «Տըսէ» մարտանաւ բարձրացաւ‚ իր հետ օգնութեան խնդրանք պարունակող նամակ մը։ Այս հայկական ամրոցը պաշտպանողներուն փամփուշտները հատած էին եւ այլեւս անկարող էին թրքական յարձակումները ետ մղել։

Հեռագիր մը յղուեցաւ ծովակալ Տարթիժ տիւ Ֆուռնէին‚ ով դէպքին վայր հասաւ մէկ այլ մարտանաւի «Ժան տ’Արք»-ի վրայ‚ եւ սպայից ժողով մը հրաւիրուեցաւ։ Ցամաքահանման ուժ մը ուղարկուեցաւ ծովափին ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ հայ քաղաքայիններու հետ կապ հաստատելու համար։

Փրկարար գործողութիւնը սկսաւ 10 սեպտեմբերին։ «Կուիշեն» եւ «Տ’Էսթրէ» հածանաւերը‚ «Ամիրալ Շառնէ» եւ «Տըսէ» մարտանաւերը‚ ինչպէս նաեւ օժանդակ հածանաւ «Ֆուտր»-ը նաւարկեցին դէպի ծովափ‚ առնելով կիները‚ մանուկները‚ տարեցներն ու մարտիկները‚ որոնք ցամաքէն դէպի մարտանաւեր նաւարկեցին ձեռակերտ լաստերով։

Էօժեն մաս կը կազմեր ցամաքահանում կատարած ուժին եւ 16 ժամ շարունակ մատակարարումներ կատարեց եւ տարհանման մասնակցեցաւ՝ գաղթականները փոքր նաւերով ցամաքէն մարտանաւեր փոխադրելով։

«Տ’Էսթրէ»-ն եւ «Ֆուտր»-ը‚ որոնք 12 Սեպտեմբերի առաւօտեան մօտեցան Մուսա Տաղին առաջինն էին‚ որոնց ծովափէն հեռացան։ Անոնք 48 ժամ ետք հասան Փոր Սայիտ։

Ծովակալ Տարիոյի հասցէագրուած 22 Սեպտեմբեր 1915 թուակիր նամակի մը մէջ «Տ’Էսթրէ»-ի հրամանատար Ժուրտան տը լա Փասատիէր խնդրեց պարգեւատրել 10 նաւաստիներ‚ որոնց շարքին էր Էօժեն Շեռնալկուեն‚ «ով մեծ ջանք թափեց եւ մեծ նուիրում ցուցաբերեց գաղթականներու նաւ բարձրացնելու հոլովոյթին մէջ»։

Էօժեն մեծ բան չնկատեց այս ձեռքբերումը։ Ան պատերազմէն ետք հեռացաւ զինուորական ծառայութենէն եւ վերադարձաւ Տուարնենեզի մէջ իր ձկնորսի կեանքին։ Ան իր կեանքի մնացեալ տարիներուն անդադար աշխատեցաւ‚ յաճախ հազարաւոր մղոններ՝ մինչեւ Մաւրիտանիոյ ծովեզերք նաւարկեց ձուկ բռնելու համար։

Էօժեն Քեռնալկուեն մահացաւ 24 Ապրիլ 1956-ին։ «Մեծ հօրս չծանօթացայ‚ սակայն մեծապէս հպարտացայ‚ երբ իմացայ այն ինչ կատարած է 1915-ին»‚ կ’ըսէ Իվ Քեռնալկուեն։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.