Ծովը Խլեց Սուրիահայ Աղջկան Ընտանիքը, Իսկ Անոր Փրկօղակը Հայաստանը Դարձաւ

 

Սուրիահայ Թէքէեաններու ընտանիքին պատմութիւնը անցեալ տարի յուզեց շատերը: Օրեր, շաբաթներ շարունակ մեր հերոսուհի Սէրլի Թէքէեանը սպասեց` յոյսով, որ կը վերագտնէ ընտանիքը…աւաղ, յաջողեցաւ փրկուիլ միայն քոյրը` Արինան…

Իսկ պատմութիւնը սկիզբ կ’առնէ Սասունէն ու Անյթապէն, ուրկէ ալ կը սերին Սէրլիի հայրական ու մայրական կողմերու մեծ հայրերը: Ցեղասպանութիւնը վերապրած շատ հայորդիներու նման անոնք եւս ապաստան կը գտնեն Սուրիոյ մէջ, այնտեղ կը կառուցեն իրենց նոր բոյնը: 18-ամեայ Սէրլիի ընտանիքին մէջ բոլորը արուեստի հանդէպ մեծ սէր ունէին: Հայրը կիթառի խումբ ունէր Սուրիոյ մէջ, մայրն ալ դաշնակահարուհի էր. վերջին տարիներուն, երբ ընտանիքը Սուրիայէն Լիբանան տեղափոխուեցաւ,  կը դասաւանդէր Պէյրութի Համազգային դպրոցէն ներս:

11143170_862437740479428_1600828739398919916_n

Միայն թէ Սէրլիի միտքը անընդհատ Հայաստանի հետ էր, ու անցեալ տարուան Ապրիլին եկաւ Երեւան` մեծմօր ու քեռիին մօտ: «Ինծի Երեւան բերողը Աստուած էր, Երեւանը ինծի համար աշխարհի կեդրոնն էր կարծես»,-յիշելով մէկ տարուան վաղեմութեան դէպքերը` «Հայերն այսօր»-ին կը պատմէ Սէրլին:

Մինչ Սէրլին կը հաստատուի Երեւանի մէջ, կը յաճախէ այստեղ դպրոց ու նոր ընկերներ ձեռք կը բերէ, ընտանիքը` հայրը, մայրը,մեծմայրը, 19-ամեայ քոյրն ու 10-ամեայ եղբայրը, կ’որոշեն Պէյրութէն նաւով հասնիլ Թուրքիա, յետոյ` Յունաստան որպէսզի այնտեղէն ալ տեղափոխուին Գերմանիա` Սէրլիի մօրաքրոջ մօտ: Այս ընտանիքին, ցաւօք, միասին ըլլալ վիճակուած չէր: Թուրքիայէն Յունաստան ճանապարհին նաւը կը խորտակի, եւ Սէրլիի ընտանիքի 4 անդամները կը խեղդուին` մայրը, հայրը, մեծմայրն ու 10-ամեայ եղբայրը: Կը փրկուի միայն քոյրը` Արինան, որ 4 ժամ լողալէ յետոյ կը հասնի Իզմիր, եւ այսօր քրոջ հետ միասին կ’ապրի Երեւանի մէջ:

Այդ ծանր օրերու ապրումներուն մասին խօսելուն` Սէրլին չի կրնար թաքցնել յուզմունքը, բայց անգամ այդ պարագային անոր աչքերուն մէջ սէրը կը խօսի, եւ ոչ դառնութիւնը: Ի դէպ, Սէրլին իր անունը հէնց այդպէս ալ կը մեկնաբանէ` սիրով լի…

10551078_754236587948799_1729907494868074379_n 10665087_613217922121334_3107740922696579029_n

«Այսքան կորուստներէ ետք  կը հասկնաս, որ միայն «մարդ» ըլլալով` անհնար է խաղաղութիւնը վերապրիլ, պէտք է նաեւ աստուածայինը, վերերկրայինը…հաւատքն է, որ կը փրկէ զիս»,-կ’ըսէ 18-ամեայ հայուհին, որ այդչափ փորձութիւններու միջով անցնելէ ետք  ալ լի է կենսուրախութեամբ, Հայրենիքի հանդէպ սիրով ու ապագայի ծրագիրներով: Սէրլին այս տարի աւարտեց դպրոցը ու կը մտածէ ձեւաւորող դառնալու մասին: Դեռ չէ որոշած, որ համալսարանը դիմէ, բայց, համոզուած է` ինչ ուղի ալ, որ ընտրէ, Հայրենիքի ու արուեստի հանդէպ սէրը չի փոխուիր:

Ջուլիետա Մաթեւոսեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.