Գաղթականներու Համաշխարհային Օրուան առիթով Առաջնորդ Սրբազանին կոչը
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 2000 թուականին որդեգրած է բանաձեւ մը, նշելու «Գաղթականներու Համաշխարհային Օր»ը ամէն տարի Յունիս 20-ին։ Այս տարի եւս, վերոյիշեալ թուականին նշուեցաւ «Գաղթականներու Համաշխարհային Օր»ը։
Սա առիթ մըն է, անդրադառնալու գաղթականներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ յատկապէս մտածելու անոնց օգնելու հնարաւորութիւններուն եւ կարելիութիւններուն մասին։ Սակայն, միաժամանակ նշելու եւ գնահատելու իրենց ունեցած տոկունութիւնը եւ քաջութիւնը, որոնց շնորհիւ անոնք կարողացան յաղթայարել ամէն տեսակի խոչընդոտ եւ դժուարութիւն։
Անցնող 3 տարիներու ընթացքին, ականջալուր եւ եւ ականատեսը եղանք, Սուրիոյ տարածքին տեղի ունեցող երկարատեւ եւ աւերնջ պատերազմական վիճակին։ Աւելի քան 10 միլիոն սուրիացիներ տեղահան եղան իրենց բնակավայրերէն, որ կը կազմէ բնակչութեան առնուազն 45%-ը։ Տեղահան եղան նաեւ սուրիահայեր, որոնք հաստատուեցան Գանատա։
Մեր ժողովուրդը անցնող տարիներուն ձեռք երկարեց սուրիոյ մէջ ապրող թէ գաղթականի ցուպը ձեռին թափառական դարձած սուրիահայ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Բնականաբար, դժուարութիւնները չվերացան անմիջապէս. տակաւին գոյութիւն ունին խնդիրներ։
Այս առիթով, շնորհակալութիւն կը յայտնենք եւ կը գնահատենք, Գանատայի Պետութիւնը, որ իր դռները բացաւ եւ հիւրընկալեց ու դիւրութիւններ ստեղծեց գաղթականներուն։ Բոլոր այն միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, հայ թէ օտար բարեսիրական մարմիններուն եւ եկեղեցիներուն եւ անհատներուն, որոնք զօրավիգ կանգնեցան եւ իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը կատարեցին։
Այսու գրով, կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, «Գաղթականներու Համաշխարհային Օր»ուան առիթով, վերանորոգելու համար իրենց յանձնառութիւնը, զօրակցելու գաղթական դարձած սուրիահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։
Աստծույ օրհնութիւնը հը հայցեմ ձեր բոլորին համար, եղէք առողջ, տոկուն եւ քաջ։ Կ՚աղօթեմ որ Աստուած դադրեցնէ պատերազմները այս աշխարհի վրայէն, Սուրիոյ պարգեւէ խաղաղութիւն եւ մանաւանդ մարդկանց մէջ հաշտութիւն։
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ՝
Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի