«Հայ Վիրաւոր Հերոսներ» Ֆոնտը Արցախի համար Շտապ Օգնութեան Սարքերու 300‚000 Տոլարի Արշաւ Կը Նախաձեռնէ

 

100‚000 Ամերիկեան Տոլար Արդէն Գոյացած է եւ Շտապ օգնութեան 2 Ծրագիրներ Նախաձեռնուած են

armenianweekly  կը հաղորդէ‚ որ «Հայ Վիրաւոր Հերոսներ» ֆոնտը (ՀՎՀՖ կամ Ֆոնտը) ստեղծուած է ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ժողովուրդի դէմ Ազրպէյճանի լայնածաւալ զինուորական յարձակումին‚ որ պատճառեց շուրջ 100 հայ բանակային եւ քաղաքային զոհեր‚ ինչպէս նաեւ քանի մը հարիւր վիրաւորներ։ ՀՎՀՖ-ն իր ծրագիրին առաջին փուլին կը ջանայ գոյացնել 300‚000 ամերիկեան տոլար Արցախի երկու ամէնէն վտանգուած շրջաններ («Շրջան 1» եւ «Շրջան 2»‚ անունները պահուած են ապահովական նկատառումներով»)‚ ինչպէս նաեւ Արցախ-Ազրպէյճան սահմանը առանց բժիշկներու օգնութեան պաշտպանող աւելի քան 600 հերոսներ ամբողջապէս սարքաւորել կեանք փրկող‚ ռազմական մակարդակի շտապ օգնութեան սարքերով։

Ֆոնտը մայիսէն ի վեր գոյացուցած է աւելի քան 100‚000 ամերիկեան տոլար եւ նախաձեռնած երկու ծրագիրներ՝ Արցախի «Շրջան 1»-ի մէջ ամբողջական տեղակայում‚ եւ կառավարութեան խնդրանքով‚ Յատուկ Կացութեանց փորձառական ծրագիր մը։

«Կ’ողջունենք մեր վիրաւոր ու նահատակուած հերոսներուն ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու այլ կազմակերպութիւններու ջանքերը։ Այդպիսի ծրագիրներու կողքին‚ մենք մեր ուշադրութեան գլխաւոր նիւթը դարձուցած ենք կեանքերու փրկութիւնը‚ վէրքերու մեղմացումն ու մահերու կանխարգիլումը։ Շտապ օգնութեամբ պիտի սկսինք եւ հետագային նաեւ զգաղինք անձնական կենսական պաշտպանութեան եւ վերապրումի կարիքներով»‚ ըսաւ ՀՎՀՖ-ի համահիմնադիր Քրիս Պետրոսեան։ Պետրոսեան Լոս Անճելոսի մէջ դրամատնային մարզի ներդրումային աւագ պաշտօնատար մըն է եւ հայկական բարեսիրական բազմաթիւ նախաձեռնութեանց վաղեմի աջակից մը։

ԽՆԴԻՐՆ ՈՒ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ

Ըստ Միացեալ Նահանգներու վիճակագրութեան‚ ճակատի վրայ արձանագրուած մահերուն շուրջ 20 առ հարիւրը կանխարգիլելի է։ Կանխարգիլելի մահուան երեք պատճառներն են‚

–        Ծայրամասային արիւնահոսութիւն (60 առ հարիւր)

–        Պատառուն թոքեր (33 առ հարիւր)

–        Շնչառական խողովակներու խցում (6 առ հարիւր)

ՀՎՀՖ-ի 2016-ի համար գլխաւոր նպատակներէն մէկն է մարտական աստիճանի շտապ օգնութեան արդիական կազմածներ տրամադրել Արցախի մեր հերոսներուն‚ որոնք առաւելագոյնը ենթակայ են Ազրպէյճանի կողմէ յարձակումներու եւ սպառնալիքներու‚ ինչպէս Ապրիլ 2016-ի առաջին քանի մը օրերուն տեսանք։ Ամերիկեան այս կազմածները փաստուած են 90-էն 100 առ հարիւր ազդու ըլլալ այնպիսի կացութիւններու մէջ‚ երբ ցնցումներ մահուան եւ անդամահատման կ’առաջնորդեն։

Առաջնակարգ բանակները‚ օրինակ ամերիկեան ու իսրայէլեանը‚ այդպիսի կացութեանց մէջ կեանքեր փրկելու համար որդեգրած են շտապ օգնութեան գերարդիական սարքեր։ ՀՎՀՖ-ի անդամները լայնածաւալ խորհրդակցութիւններ ունեցած են մարտական վնասուածքներու ամերիկացի‚ իսրայէլացի եւ հայ մասնագէտներու հետ‚ եւ Հայաստանի համար առաջարկած լուծում մը‚ որ զայն օգտագործող գերարդիական բանակներուն գործելաոճին ու սարքերուն համահունչ է։ Մայիսին Ֆոնտը Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնատարներուն հետ աշխատեցաւ վերջնականացնելու համար սարքերու չորս տեսակներ.

–        Հայդուկ (անհատական սարք)

–        Ջոկատային (ջոկատի բժիշկ)

–        Յատուկային (յատուկ-անջատ կացութիւններու համար)

–        Փրկարար (յառաջացած դարմանումի եւ փրկարար գործողութեան ընթացքին վերակենդանացման համար)

Այդ սարքերը վաւերացուած կառավարութեան նախարարութիւններուն կողմէ‚ իբրեւ Հայաստանի մէջ ձեւաչափ եղող մարտական վնասուածքներու դարմանման համակարգեր։ «Շրջան 1»-ի համար 100‚000 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ առաջին պատուէրը Հայաստան պիտի հասնի սեպտեմբերին մարզումի համար։ Աւելին‚ փորձառական ծրագիրը ընթացք առաւ յունիսի սկիզբը եւ Յատուկային սարքերը Հայաստան պիտի հասնին 10 յունիսին։ ՀՎՀՖ-ն կը ձգտի գոյացնել յաւելեալ 200‚000 ամերիկեան տոլար ամբողջացնելու համար 2016-ի համար կենսական նախնական կարիքները‚ եւ պիտի կարողանայ նոր պատուէր ներկայացնել «Շրջան 2»-ի համար‚ երբ յաջորդ 100‚000 ամերիկեան տոլարը հաւաքուի։ ՀՎՀՖ-ն կը ձգտի մինչեւ 2018 այս սարքերը 100 առ հարիւրով մատակարարած ըլլալ Արցախի բոլոր 9 շրջաններուն մէջ գտնուող մեր հերոսներուն։

ՀՎՀՖ-Ի ՄԱՍԻՆ

«Հայ վիրաւոր հերոսներ» ֆոնտը նպատակն է ծառայել մեր հերոսներուն‚ դժուար ժամանակներու մէջ անոնց կողքին կանքնիլ‚ կեանքեր փրկել‚ վիրաւոր հերոսներուն վերականգնման աջակցիլ‚ ինչպէս նաեւ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուածներու ընտանիքներուն օժանդակել։

Մեր խումբին մաս կը կազմեն գործարար աշխարհի ղեկավարներ‚ որոնք փորձառութիւն ունին արեւմտեան ճարտարագիտութեան եւ կեանքի փրկութեան սարքերու‚ Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ ծրագիրներու ղեկավարման‚ ինչպէս նաեւ հաշուապահական ու ելեւմտական վերահսկողութեան մէջ։ Մեր հիմնադիրները պիտի շարունակեն վարչական ծախսերը հոգալ‚ որպէսզի նուիրաբերուած տոլարները ամբողջութեամբ ծառայեն մեր հերոսներուն ուղղուած արդիական սարքերու գնման ու մատակարարման։ Անոնք պիտի ապահովեն‚ որ միայն լաւագոյն լուծումները ապահովուին եւ այդ սարքերը ամբողջութեամբ հասնին իրենց հասցէին՝ շնորհիւ վերահսկութեան խիստ մեքանիզմի մը‚ որուն շուրջ արդէն համաձայնութիւն գոյացած է Հայաստանի մէջ պաշտօնատարներու հետ։

ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մեր նուիրատուներուն‚ ինչպէս նաեւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն կոչ կ’ուղղենք միանալու այս կարեւոր նախաձեռնութեան‚ եւ արագացնելու դէպի Արցախ այս կենսական սարքերու մատակարարումը։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք այցելել մեր կայքը www.armenianwoundedheroes.com գրել info@armenianwoundedheroes.com հասցէին եւ մեր տեղեկութեանց ետեւիլ Դիմատետրի (https://www.facebook.com/ArmenianHeroes/)‚ «Թուիթըր»-ի (https://twitter.com/ArmenianHeroes) եւ «Ինսթակրամ»-ի (https://www.instagram.com/armenianheroes/) վրայ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.