ԱՐԽԻՒ. «Հորիզոն»ի հարցազրոյցը Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի հետ
«Հորիզոն»ի հանդիպումը Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ երշ. Սուրէն Եպիսկ. Գաթարոյեանի հետ
Ստորեւ կը հրատակենք «Հորիզոն»ի Յուլիս 16, 1979 թուակիր շաբաթօրեայ թիւին մէջ լոյս տեսած Բերիոյ թեմի նախկին Առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի հետ կայացած հարցազրոյցը, որ լոյս կը սփռէ 1970-80-ականներու շրջանի Սուրիոյ հայ համայնքի կառոյցին մասին:
Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ նախկին հովիւ եւ ներկայիս Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Սուրէն Եպիսկոպոսի Մոնթրէալ այցելութենէն օգտուելով խնդրեցինք ունենալ հանդիպում մը, որուն սիրով ընդառաջեց Սրբազանը։
Հորիզոն. Ո՞ր թուականին ստանձնեցիք ձեր ներկայ պաշտօնը.
Սրբազան. 1977 Սեպտեմբերի 10-ին առաջնորդական տեղապահի պաշտօնը ստանձնեցի, իսկ Հոկտ. 15-ին՝ աւառական ժողովին կողմէ ընտրուեցայ Բերիոյ Թեմի առաջնորդ։
Հ.- Ի՞նչ սահմաններ կ՛ընդգրկէ Բերիոյ Թեմը.
Ս.- Հիւսիւսային Սուրիան ընդհանրապէս, հետեւեալ գլխաւոր շրջաններով. Քեսապ, Լաթաքիա, Եագուպիէ, Հալէպ, Ռաքքա, Թել Ապիատ, եւ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդութեան շրջանը։ Ընդհանուր հայութիւնը՝ շուրջ 60.000, որուն 50.000-ը՝ Հալէպ, որմէ եղած արտագաղթին դիմաց բազմաթիւ գիւղերու եւ աւաններու բնակչութիւնը հոն փոխադրուած է։
Հ. Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ շրջանիդ հայութեան տնտեսական պատկերը։
Ս. Ընդհանրապէս հայերը ինքնաբաւ են, յաճախ բարեկեցիկ. պահած են իրենց տոհմիկ սովորութիւնները եւ կ՛ապրին ազգային հաստատութիւններու եւ մշակութային կեդրոններու շուրջ համախմբուած։ Արհեստներով կը զբաղին շատեր, միւս կողմէ երիտասարդութիւնը բարձրագոյն ուսման հետամուտ է. օրինակի համար Հալէպի համալսարանին մէջ 500 հայ ուսանող ունինք։
Հ. Ի՞նչ ազգային հաստատութիւններ կը գործեն ներկայիս։
Ս. Առաջին հերթին Ազգային Առաջնորդարանը՝ իր Թեմական կառոյցով՝ շուրջ 15 եկեղեցիներով եւ իր բազմաթիւ դպրոցներով։
Հ. Դպրոցներուն անդրադառնանք քիչ ետք.
Ս. … շարունակելով՝ մշակութային միութիւնները.- Համազգային, Նոր Սերունդ, ՀԵԴ Թէքէեան, Վասպուրական, Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւն, եւայլն. մարզական միութիւն՝ ՀՄԸՄ «Նատի Եարմուք» Սուրիահայ Օգնութեան Միութիւնը՝ իր պատսպարանով եւ դարմանատունով, ապա՝ բարեսիրական կազմակերպութիւններ՝ Բարեգործական եւ վերջապէս Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը։ Այս բոլորը եռուն գործունէութիւն ունին։ Օրինակ՝ տարին 10-15 թատերախաղ կը ներկայացուի։ Ունինք Զուարթնոց երգչախումբը որ կը բաղկանայ շուրջ 100 երկսեռ անդամներէ, իսկ Մեսրոպ Մաշտոց աշակերտական երգչախումբը, 125 հոգիով, երկուքն ալ Պօղոս Ապաճեանի ղեկավարութեամբ։
Ասոնցմէ զատ չմոռնանք Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայքները, եւ յիշենք Հայ Ծերանոցը որ կը հովանաւորուի երեք համայքներուն կողմէ։
Հ. Մամո՞ւլ.
Ս. Առաջնորդարանը նոր սկսաւ հրատարակել իր Պարբերաթերթը որ մեր տեղեկատուն հանդիսանալէ զատ կը քաջալերէ երիտասարդ գրիչները։
Գաղութը կը ստանայ նաեւ, Պէյրութէն, Ազդակ եւ Զարթօնք օրաթերթերը։
Հ. Իսկ ի՞նչ է դպրոցական ցանցին վիճակը.
Ս. Շնորհիւ Սուրիոյ Կրթական նախարարութեան բարեացակամութեան, Առաջնորդարանիս Ազգային ուսումնական Խորհուրդը կը հովանաւորէ 18 ազգային նախակրթարաններ որոնց 6-ը Հալէպ են, եւ ազգային Քարէն Եփփէ երկրորդական վարժարանը։ Իսկ կան նաեւ միութենական վարժարաններ, օրինակ՝ Բարեգործականի նախակրթարանի-ճեմարանը, վենետիկեան Մխիթարեան հայրերու վարժարանը եւ Կրթասիրաց վարժարանը։
Հ. Աշակերտութեան թի՞ւը։
Ս. Շուրջ 6000 աշակերտ ունինք միայն Հալէպի նախակրթարաններուն մէջ, իսկ երեք ճեմարաններու մէջ՝ շուրջ 2000։ Հալէպէն դուրս կայ դարձեալ շուրջ 2500 աշակերտութիւն, ընդհանուր թիւ՝ 10,000։
Կրթական նախարարութեան կողմէ արտօնուած շաբաթական հայերէնի 4 եւ կրօնի 2 ժամերը լաւագոյն կերպով կ՛օգտագործուին։
Պետական քննութիւններուն մեր աշակերտները ձեռք կը ձգեն ամենափայլուն արդիւնքները։
Հ. Ի՞նչ է հայութեան ընդհանուր կացութիւնը։
Ս. Շնորհիւ սուրիական հայրենիքի ներկայ վարչակարգին եւ իր իմաստուն ղեկավարին՝ նախագահ Հաֆեզ Ասատին, գաղութիս հայութիւնը կ՛ապրի բարօր եւ երջանիկ կեանք մը, պահելով իր տոհմիկ աւանդութիւնները, եկեղեցիները, մշակութային եւ այլ հաստատութիւնները, զարկ տալով մայրենի լեզուով դաստիարակութեան եւ հայրենիքի վերելքին։