Ազատամարտիկ Ամուսինիս հանդէպ կարօտս «ստիպեց» ծառայել հայոց բանակին. Գայեանէ Գէորգեան

 

21 տարի է ի վեր Գայեանէ Գէորգեանը կը ծառայէ Հայոց բանակին։ Ինչպէս ինք կ’ըսէ` պատճառը ամուսինի հանդէպ ունեցած կարօտն է: Ամուսինը` Աւետիս Օհանեան, մասնակցած է Արցախեան առաջին պատերազմին ու զոհուած, երբ դեռ չէր բոլորած 30 տարեկանը: Զոհուած է 1993 թուականի Մայիս 25-ին Մարտակերտի Կուսապատ գիւղի մէջ` 25-ամեայ կնոջ ուսերուն ձգելով իր “բացակայութեան” ծանրութիւնն ու երեք անչափահաս որդիներու խնամքը:

– Տիկին Գայեանէ, ամուսնանալէն ետք Ձեր ընտանիքը տեղափոխուած էր Ղրիմ: Սակայն, Արցախեան պատերազմը ստիպեց Ձեզ վերադառնալ եւ Ձեր ամուսինը մեկնեցաւ կռուի դաշտ: Ինչը՞ մղեց անոր վերադառնալ, չէ՞ որ հայրենիքէն հեռու էր ու կրնար այդ քայլին չդիմել:

– Արցախեան շարժումը մոգական ուժ ունէր: Ինչպէս մագնիսը կը ձգէ, մոռացութեան խորքէն կը յայտնաբերէ տարիներ շարունակ կորսուած համարուող իրեր, այնպէս ալ Արցախեան ազատամարտը հայոց հոգիի մէջ արթնցուց մոռցուած ու կորսուած թուացող մարտական ոգին: Արցախը իւրայատուկ մագնիս մըն էր. շատերը եկան անոր կանչով: Այո՛, վերադարձողներէն մէկն ալ ամուսինս էր` Աւետիս Օհանեանը:

– Դուք 25 տարեկան էիք, երբ Ձեր ամուսինը զոհուեցաւ Արցախեան պատերազմին: Ինչը՞ Ձեզի օգնեց յաղթահարել վիշտն ու շարունակել ապրիլ:

 

– Այո՛, երբ ամուսինս զոհուեցաւ, ես ընդամէնը 25 տարեկան էի: Վիշտը շատ ծանր էր, սակայն երեք զաւակներս ստիպեցին զիս յաղթահարել այն դառն վիշտն ու ճակատագիրը, որ բաժին հասաւ ինծի: Յաղթահարեցի (եթէ կարելի է յաղթահարել համարել) ու որոշեցի յետագայ ամբողջ կեանքս նուիրաբերել երեք տղաներուս: Ամէն բան ըրած եմ, որ ըլլան կիրթ, հայրենասէր, իրենց աշխատանքին նուիրուած` անոնց հայրը այդպէս կ’ուզէր տեսնել զիրենք:

-Տեղեակ եմ, որ Դուք փորձած էք ետ պահել Ձեր ամուսինը Արցախ մեկնելու որոշումէն, բայց ան պատասխանած է` “ես կ’երթամ, որ ընտանիքս խաղաղ եւ ազատ ապրի”. ինչպէ՞ս ապրեցաւ եւ կը շարունակէ ապրիլ Ձեր ընտանիքը այս տարիներու ընթացքին, Ձեր ամուսինի “բացակայութիւնենէն” ետք:

– Դժուարութիւններ շատ եղած են. լոյս չկար, ջուր չկար, բնութեան դէմ պայքարելով` կ’ապրէինք: Սակայն ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ հունի մէջ մտաւ: Մեր հարազատները, ամուսնիս մարտական ընկերները միշտ աջակցած են: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ Ագարակի մէջ տեղակայուած զօրամասի հրամանատարութիւնը միշտ մեր ընտանիքի կողքին են: Անկախ ամէն ինչէ` պայքարեցանք ու կ’ապրինք: Մեզմէ շատ շատերը աւելի վատ ճակատագրի արժանացան:

– Դուք այսօր կը ծառայէք Հայոց բանակին, ինչպէ՞ս եւ ինչու՞ նման որոշում կայացուցիք:

– Որոշումիս պատճառը կարօտն էր ամուսինիս նկատմամբ: Անոր զոհուելէն երկու տարի ետք, երբ ընդամէնը 27 տարեկան էի, որոշեցի ծառայել Հայոց բանակին, պէտք է շարունակէի անոր սուրբ գործը, եւ կը շարունակեմ մինչեւ այսօր:

Այս 21 տարիներու ընթացքին շատ կարեւոր բան մը հասկցայ. եթէ մենք կ’ապրինք այս հողի մէջ, ապա պէտք է որեւէ կերպ մասնակցինք մեր հայրենիքի պաշտպանութեան: Ես ալ այսպէս կը ծառայեմ հայրենիքիս ու կը մասնակցիմ անոր պաշտպանութեան:

Ինչպէս Արցախեան հերոսամարտի տարիներուն, այնպէս ալ այսօր, կնոջ ներկայութիւնը զինուած ուժերու մէջ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունի: Կնոջ ներկայութեամբ տղամարդիկ աւելի խիզախ են եւ զուսպ (կը ծիծաղի-հեղ.):

– Տիկին Գայեանէ, զինուորական աշխատանքը, զինուորականի կեանքը դժուար չէ՞ կնոջ համար:

-Բանակի մէջ կանանց ներգրաւելու թեման յաճախ անորոշ եւ վերացական կը թուի, մինչեւ սահմանային զօրամաս այցելելը եւ հանդիպումը կանանց, որոնք շուրջ 20 տարի կ’ապրին բանակային առօրեայով…

Մենք կ’ապրինք այնպէս, ինչպէս միւս բոլոր կանայք, բայց եթէ օրինակ զէնք պէտք է մաքրել ու եղունգներդ կը խանգարեն` անպայման պէտք է կտրես: Ու այսօր արդէն, կը կարծեմ, որ երիտասարդ աղջիկներու համար բանակը այլեւս խորթ ու արգիլուած կառոյց չէ:

Ինծի համար հաճելի է բանակը, բանակային կեանքն ու առօրեան: Հայոց բանակի, զօրամասի գլխաւոր խնդիրը` հայրենիքի սահմանները պաշտպանելն է: Ու թէեւ կանայք ներգրաւուած չեն մարտական հերթապահութեան մէջ, այնուամենայնիւ, զօրամասի մէջ մեր աշխատանքը եւս տեսանելի է:

– Բանակ ըսելով` սովորաբար կը հասկնանք` խստութիւն, զգացումներու, յոյզերու բացակայութիւն կամ զսպուածութիւն, այն ինչը յատուկ չէ կնոջ: Արդեօք կնոջ էութեան համար դժուար չէ՞ բանակի կեանքը:

– Մեր գործի մէջ կարեւորը զօրաւոր կամքն է: Ինչ խօսք, կանայք թուլութիւններ ունին: Բայց այս ոլորտի մէջ ոեւէ մէկը իր թոյլ կողմը ցոյց չի տար: Շատ բաներ կան, որ իսկապէս դժուարութեամբ յաղթահարած եմ:

Հայ կինը, եթէ կրնայ ընտանիքի ամբողջ հոգը տանիլ, բանակը անոր դիմաց շատ թեթեւ բան է, միայն ֆիզիքական ծանրաբեռնութիւնը կրնայ քիչ մը դժուար ըլլալ։ Այնպէս որ, շատ պատմական դրուագներու մէջ տեսած եմ, թէ հայ կնոջ աւանդական նուրբ ու հեզ կերպարը ինչպէս զուգակցուած է հայ կնոջ մէկ այլ` խիզախ եւ քաջ կերպարի հետ:

– Տիկին Գայեանէ, Հայոց բանակին ծառայելու տարիները, ի՞նչ փոխեցին Ձեր կեանքի մէջ կամ ստիպեցին վերանայիլ Ձեր հայեացքները:

– Բանակը ընդունակ չէ մարդը փոխելու. եթէ ներսդ բան չկայ, չի ալ յայտնուիր: Ծառայութիւնը կը կոփէ ծառայողը, զինք կը դարձնէ աւելի ինքնուրոյն, պատասխանատու, հաւասարակշռուած:

Ես բանակի մէջ “ձգած եմ” անվստահութիւնը սեփական ուժերու հանդէպ, շատ կարծրատիպեր եւ նման այլ բաներ, որոնք կը խանգարեն ապրիլ լիարժէք կեանքով: Իսկ բանակային 21 տարիները ինծի տուին ինքնուրոյնութիւն, ըլլալ համբերատար ու երբեք չդատել միայն առաջին հայեացքէն:

– Ինչպիսի՞ն է Հայկական բանակի ներկայ իրավիճակը` կնոջ, մօր եւ զինուորականի աչքերով: Եւ արդեօ՞ք տարբեր են այդ հայեացքները:

– Այն զօրամասի մէջ, ուր ես մինչեւ այսօր կը ծառայեմ (Ագարակի N գունդ), ծառայած են որդիներս, բայց ինչպէս միւսներու, այնպէս ալ նրանց համար` ես տիկին ենթասպայ էի: Եթէ իմ եւ անոնց ծառայութեան ընթացքին մայր ու որդի յարաբերութիւններ ըլլային ապա անոնք այսօր չէին “ճանչնար” աշխարհը ու առաջին հերթին իրենք զիրենք, չէին կրնար զգալ, թէ ուրկէ կը սկսի եւ ուր կը սպառի իրենց հնարաւորութիւնները:

Բանակի մէջ զինուորները կը սորվին ապրիլ միայնակ ու ինքնուրոյն պատասխան տալ իրենց արարքներուն համար, գնահատել ճիշտը, արժէւորել կարեւորագոյնն ու անտեսել մնացած ոչ կարեւոր ամէն բան: Անիկա հիանալի դաս է ամբողջ կեանքի համար, ուղղակի պէտք է կարենալ այդ դասը քաղել:

-Ձեր տղաները արդէն հասուն մարդիկ են, կը պատմէ՞ք անոնց մասին:

-Արդէն ծնած էր աւագ որդիս` Սիրակը, իսկ Ալպերթն ու Օնիկը ծնած են պատերազմական այն օրերուն, երբ հայրը “Արեւիկ” ջոկատի կազմի մէջ կը մարտնչէր Զանգեզուր աշխարհի սահմանամերձ տարբեր հատուածներու մէջ` Կապանէն մինչեւ Մեղրի ու Ծիրանաձոր: Հայրական քնքշանք չճաշակած զաւակներս կը գիտակցին, թէ ինչու համար իրենց հայրը զոհած է իրամենաթանկը` կեանքը:

Շատ ծանր պայմաններու մէջ մեծցուցի զիրենք: Այսօր արդէն որդիներս հասուն տղաներ են: Իրաքանչիւրը ընտրած է իր ճանապարհը: Աւագ որդիս` Սիրակը, ընտրած է լրագրութիւնը, միջնեկս` Ալպերթը (անոր կարճ Պապօ կ’ըսեն, որուն մեծ որդիս “կնքած” է, երբ դեռ շատ փոքր էր եւ չէր կրնար արտաբերէր Ալպերթ անունը), մասնաւոր իր աշխատանքը ունի: Շատ հաւասարակշռուած եւ զուսպ անձնաւորութիւն է, փխրուն հոգի ունի:

Կրտսեր որդիս` Օնիկը, կ’աշխատի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Մեղրիի մասնաճիւղի մէջ:

Ալպերթն ու Օնիկը ծառայութեան ընթացքին պարգեւատրուած են “քաջարի մարտիկ”, “լաւագոյն մարզիկ” կրծքանշաններով, ժամացոյցով:

Ուրախ եմ եւ շատ հպարտ, որ իրենք այսօր այդպիսին են:

– Տիկին Գայեանէ, ի՞նչ երազանքներ ունէր Ձեր ամուսինը (յատկապէս երեխաներու, ընտանիքի հետ կապուած), որոնք այսօր կատարուած են կամ մնացած են անկատար…

– Ամուսինս շատ մեծ յոյսեր ունէր իր որդիներու հետ կապուած: Ամենաշատը ցանկացած է, որ ճիշտ դաստիարակուին ու ըլլան պիտանի մեր ազգի համար: Վստահ եմ, որ ինք հիմա վերէն կը նայի մեր ընտանիքին ու կը տեսնէ, թէ ինչ հրաշալի որդիներ ունի:

– Ին՞չ երազանքներ, ցանկութիւններ ունիք Դուք այսօր:

– Մէկ ցանկութիւն ունիմ. տա՛ Աստուած, որ մեր զաւակները ապրին միայն խաղաղ ու անհոգ, թող ասիկա ըլլայ իմ եւ ինծի պէս մայրերու վերջին ցաւը, ճակատագրի վերջին դառն պտուղը, որ այդպէս ալ մեզի համար չքաղցրացաւ:

Միակ երազանքս է. ըլլալ զաւակներուս կողքին մինչեւ կեանքիս վերջին վարկեանները…

 

Զրուցեց՝ Լուսինէ Աբրահամեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Նայիրի Մկրտիչեան

  

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.