Ճեմարանի հիմնադրութեան 85-ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ Գանատայի մէջ

 

15 Մայիս 2016-ին տեղի ունեցաւ Հայ Ճեմարանի հիմնադրութեան 85-ամեակի յոբելեան հանդիսութիւնը Գանատա, Քէպէգ նահանգի Լաւալ քաղաքի Էմպիսի Բլազա սրահէն ներս ներկայութեամբ 100 ճեմարանականներու։

Այս յոբելեան հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենար 2015-ի տարեշրջանին սակայն, 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները չի խաչացեւելու, նաեւ նկատի առնելով գաղութին այլազան ձեռնարկները եւ համագործակցաբար Համազգային Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան ամէնայարմար թուականը 15 Մայիս 2016-ն էր։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Ճեմարանի քայլերգով ապա, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մոնթրէալի Ճեմարանականներու Վարչութեան անդամ ընկ. Սերժ Եսայեան։ Ան իր խօսքին մեջ անդրադարցաւ Ճեմարանին հիմնադրութեան, գոյութեան եւ առաքելութեան իբրեւ ուխտավայր հայ լեզուին եւ մշակոյթին. Ան նաեւ շեշտը դռաւ ուսման կարեւորութեան վրայ ըսելով.« Ուսումը անկախ իր տուած նիւթական օգուտներուն, մեծ բարիք մըն է մարդուն համար որովհետեւ ան կը չեզոքացնէ մարդուն տգիտութիւնը, մոլորութիւնը եւ որովհետեւ ուսումը լոյս կը սփռէ մարդուն հոգեկան աշխարհին մեջ, կը բարձրացնէ անոր կոպիտ կենդանաբնազդը ազնուացնելով անոր միտքը, զգացումները, երեւակայութիւնը, եւ հոգին։ Ահա թէ ինչու Ճեմարանը Հայ դպրութեան ջահակիրն է։»

 

Խօսք առաւ ըկհ. Թամար Փօլատեան՝ Համազգային Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի ատենապետուհին իր ճեմարանականի յուշերը բաժնելով ներկաներուն հետ ապա, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց ընկ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան, գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ։ Ան իր խօսքը սկսաւ Նիկոլ Աղբալեանի արտասանած խօսքով «Շրջապատուած ենք ահաւոր եւ քանդիչ ուժերով։ Հարկ է նոր եւ մոլեռանդ հայութիւն ստեղծել՝ դիմագրաւելու համար այն ուժերը, որոնք ամէն կողմէ կը խուժեն հայը ոչնչացնելու համար։»

Ընկ. Թիւֆէնքճեան անդրադարձաւ Ճեմարանին հիմնադրութեան պատմականին եւ աւելցուց « Իր 85 տարիներու ընթացքին, Ճեմարանը յաջողեցաւ յառաջացնել հայու այն որակը, որ կը ճանչցուի ճեմարանական մակդիրով։ Ճեմարանականը իր մէջ կը խտացնէ հայ անհատի նկարագրական մը, որ դիւրաւ կը զանազանուի այլ պատկերացումներէ։ Նոյնիսկ մեր առօրեայ խօսակցութիւններուն մէջ, երբ կը գործածենք Ճեմարանական բառը, գիտենք թէ ճիշդ ինչ ըսել կ՚ուզենք, թէ ո՞ր հայու մտապատկերին մասին կը խօսինք։ Այդպէս է եւ ձեր պարագան, սիրելի շրջանաւարտներ, Երբ տարբեր սերունդներէ եւ իրարու անծանօթ ճեմարանականներ մէկզմէկու հանդիպիք, դուք ձեր խօսակիցին մէջ անմիջապէս կը ճանչնաք նոյն ձեր դաստիարակութիւնը ստացած մէկ ուրիշը, ձեր իտէալներն ու երազները բաժնեկցող զտարիւն հայ մը։»

Ընկ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ ընթրիքի սպասարկութիւն։ Ընթրիքէն ետք պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Ճեմարանի տնօրէն Պրն. Տիգրան Ճինպաշեանին ուղերձը Մոնթրէալի ճեմարանականներուն որմէ ետք տեղի ունեցաւ 1943-էն 1966-ի ճեմարանաւարտներու հաստատագիրերու բաշխում։

 

Ճեմարանի 85-ամեակի յոբելեան հանդիսութեան կարկանդակը մոմավառեցին եւ կտրեցին 1943-ի ճեմարանաւարտ՝ ընկհ. Տէր Մելքոնեան Մինասեան Շաքէն 2012-ի շրջանաւարտ՝ ընկհ. Գլոէ Աճէմեան եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան։

Հանդիսութեան տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւն։ Նուիրատուներուն անունները պիտի յայտարարենք յատագային երբ խօստումները ամբողջանան։

Երեկոն խանդավառեց երգիչ Սագօ Թաշճեանը եւ իր նուագախումբը ընկերակցութեամբ DJ Կարոյին։

 Մոնթրէալի Ճեմարանականներու Վարչութիւն

Մայիս 16 2016

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.