Ճակատամարտէն ետք՝ սպառազինուելու ժամանակը


«Ոչ ոք չի կասկածում, որ բոլորս միասին ենք,

եւ այս պայքարը միասին պէ՛տք է աւարտենք,

համոզուած եմ, յաղթանակո՛վ»

Արթուր Մկրտչեան

ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ

Ապրիլ 1-5 Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումը կը միտէր կայծակնային յարձակումով ռազմական բեկում յառաջացնել Արցախի հիւսիսային եւ հարաւային պաշտպանական դիրքերու ուղղութեամբ՝  հիւսիսէն գրաւելով Մարտակերտէն Քարվաճառ սփռուած տարածքը, իսկ հարաւէն՝ Ֆիզուլիի ու Ճեպրայիլի ճակատային գիծը։

Յարձակման ուժգնութիւնն ու տարողութիւնը կը փաստէ նաեւ, որ ատրպէյճանական կողմը երկար ժամանակէ ի վեր նախածրագրած էր այս դաւադիր յարձակումը եւ փաստը այն է, որ չորսօրեայ բախումներու ընթացքին Պաքուն օգտագործեց իր գերարդիական զինանոցի ամբողջ պահեստը, մարտի դաշտ նետելով անօդաչու թռչող սարքեր եւ արտաձգային հեռահար հրթիւռներ։

Ատրպէյճանական այս նենգ  յարձակումն ու զինադադարի խախտումը ետ մղուեցաւ շնորհիւ հայկական բանակի ստորաբաժանումներու հակահարուածին, բայց մանաւանդ՝ հայ զինուորներու անվեհեր սխրանքներուն եւ անվկանդ հայրենասիրական ոգիին։

Չափակշռելով Արցախի ապրիլեան պատերազմի ռազմաքաղաքական տարողութիւնը, ակնյայտ է, որ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ուղղուած այս յարձակումը կը տեղադրուի Միջին-Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի հակամարտութեանց ընդհանուր ծիրին մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով վերոնշեալ աշխարհաքաղաքական տարածաշրջանին մէջ թրքական գործօնը։

Արդարեւ, ներկայ հանգրուանին, Անգարայի եւ իր ցեղակից պետութեան կողմէ, դիւանագիտական, ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով անհաւասար պայքար կը մղուի Հայ դատը, Հայաստանը, Արցախն ու հայութիւնը հաշուեյարդարի ենթարկելու եւ 1915-ին սկսած հայ ազգը ի սպառ ջնջելու եւ ցեղասպանութեան ծրագիրը իր վախճանական նպատակին հասցնելու։

Հայոց պատմութեան նորօրեայ այս գոյամարտը շրջադարձային է։ Կը գտնուինք պատմական այնպիսի փորձութեան մը դիմաց, ուր Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ուժերու համատեղ լարումն ու ներքին ճակատի միասնութիւնը օրուան հրամայականներն են։

Ներկայ հանգրուանին, համազգային մեր կիզակէտը պէտք է դառնայ Հայոց բանակը։ Մեր պետութեան լինելութեան կռուանը Հայոց բանակն է: 24 տարի առաջ, Արցախեան ազատամարտի թէժ մարտերու յորձանուտին մէջ ծնունդ առաւ հայոց բանակը, որ պիտի դառնար հայ ազգի անվտանգութեան եւ գոյատեւելիութեան հիմնական երաշխաւորը: Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին, թշնամիի սանձազերծած խափանարար գործողութիւնները ձախողութեան մատնելով հայ զինուորը փաստեց, որ  իր մարտունակութեամբ եւ բարոյահոգեբանական կատարեալ պատրաստուածութեամբ կը մնայ պատնէշի վրայ հսկող հայրենիքի արթուն պահակը:

Ի մտի ունենալով վերջին զարգացումները եւ ի տես ատրպէյճանական զինուորական հրթիռակայաններուն ու գերարդիական ռազմօդային սարքերուն՝ այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է սպառազինել մեր բանակը, հետեւակազօրքն ու իւրաքանչիւր զինուորը, որպէսզի սահմանային պաշտպանական մեր ամրոցները մնան անխորտակ։

Այսօր, մեր սեփական ուժերուն, կարողութեան եւ կամքին վստահելու ժամանակն է, հայաշխարհի բնակավայրերէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ոստանները  Հայոց բանակին նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցելու, հայրենիքի պաշտպանութեան առաքելութիւնը միասնաբար կերտելու պահն է, հաստատ գիտակցելով, որ

Մենք ենք մեր սարերը,

Մենք ենք մեր սահմանները,

Մենք ենք մեր ապաւէնը։   

«Հորիզոն»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.