Այնճարի Մէջ Վերանորոգեալ Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Օծում

 

Կիրակի, 3 Յուլիսին, Այնճարի վերանորոգեալ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ օծումը կատարուեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ ու ձեռամբ եւ կազմակերպութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին:

Կիրակնօրեայ պատարագը մատուցեց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան մասնակցութեամբ— եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին: Յընթացս պատարագին, 18 կնքահայրերը հրաւիրուեցան մասնակցելու օծման արարողութեան: Անոնք ստանձնեցին 18 խաչեր, որոնք հերթաբար օրհնուեցան եւ օծուեցան ձեռամբ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Վարուժան արք. Հերկելեանի, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը օրհնեց եկեղեցւոյ սիւները:

Ս. Պատարագի ա-ւարտին, սրբազան հայրը տուաւ իր հայրական պատգամը:

Սրբազան հայրը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը— ընթերցելու վեհափառ հայրապետի գնահատական կոնդակը— ուղղուած Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանին— իր ունեցած եկեղեցանուէր եւ արդիւնաբեր գործունէութեան համար:

Յաւարտ Ս. պատարագի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը— կազմակերպութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ Տիկնանց միութեան:

Թաղական խորհուրդի անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Մովսէս Նուպար Գէորգեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ վերանորոգութեան գլխաւոր բարերար Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանին, 18 կնքահայրերուն, առաջնորդ հօր, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, նոյն առիթով հրատարակուած գրքոյկի հեղինակներ— Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին եւ Եսայի Հաւաթեանին, շինարարական յանձնախումբին եւ ճարտարապետ Հրաչ Մարգարեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք թիկունք կանգնեցան եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքին:

Գեղարուեստական բաժինէն ետք ճաշկերոյթի երկու սեղանապետներ— տոքթ. Խաժակ Այնթէպեան եւ Եսայի Հաւաթեան, փոխնիփոխ հանդէս եկան յաւուր պատշաճի խօսքերով, վերյիշեցնելով համայնքի 77 տարիներու անցած ճանապարհը:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեան, Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան, նախկին նախարար Փանոս Մանճեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անունով Յարութ Լագիսեան, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Սեդրակ Հաւաթեան եւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ներկայացուցիչը:

Ճաշկերոյթի աւարտին, փակման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս պատմական առիթով Այնճարի ժողովուրդին հետ գտնուելուն համար:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.