14 Ապրիլ 1919. Նախագահ Ուիլսըն Կը Հանդիպի Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս-Նուպար Փաշայի Հետ


Նազարէթ Պէրպէրեան 

Ապ­րիլ 14-ի այս օ­րը, 97 տա­րի ա­ռաջ, ­Փա­րի­զի մէջ պատ­մա­կան հան­դի­պում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ մէկ կող­մէ ա­տե­նի Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Վուտ­րօ Ո­ւիլ­սը­նի, իսկ միւս կող­մէ ­Հա­յաս­տանն ու հայ ժո­ղո­վուր­դը ներ­կա­յաց­նող զոյգ պա­տո­ւի­րա­կու­թեանց նա­խա­գահ­նե­րուն՝ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի եւ ­Պօ­ղոս-­Նու­պար փա­շա­յի մի­ջեւ։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը նոր ա­ւար­տած էր եւ ­Փա­րի­զի մէջ իր աշ­խա­տանք­նե­րը սկսած էր Խա­ղա­ղու­թեան ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ իր օ­րա­կար­գին վրայ ու­նէր աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան նոր քար­տէ­սը ձե­ւա­ւո­րե­լու մե­ծա­գոյն ու պատ­մակ­շիռ խնդի­րը։

Յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ուղ­ղա­կի «պա­տե­րազ­մա­կան ա­ւար»ը ի­րենց մի­ջեւ բաժ­նե­լու խօլ մրցա­պայ­քա­րի մը մէջ էին։ ­Յատ­կա­պէս ­Մեծն Բ­րի­տա­նիան եւ Ֆ­րան­սան, օգ­տո­ւե­լով ­Դաշ­նա­կից եր­րորդ գլխա­ւոր ու­ժին՝ ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան ներ­քին յե­ղա­փո­խու­թեան հե­տե­ւան­քով փլու­զու­մէն, ստանձ­նած էին Աշ­խար­հա­մար­տի յաղ­թա­նա­կին «պտուղ­ներ»էն ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւե­լու եւ ի­րենց մեծ ու փոքր դաշ­նա­կից­նե­րուն ալ այդ ա­ւա­րէն «փշրանք»ներ բա­ժին հա­նե­լու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Հին Եւ­րո­պա­յի մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րէն ­Ռու­սաս­տա­նը վերջ տո­ւած էր իր ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան եւ ին­կած էր մեծ յե­ղա­փո­խու­թեան մը ներ­քին գա­լա­րում­նե­րուն մէջ՝ մե­կու­սա­նա­լով նոր աշ­խա­րա­հա­կար­գի ձե­ւա­ւոր­ման մե­ծա­պե­տա­կան մրցա­պայ­քա­րէն։ Իսկ ­Կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիան ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թիւն կրած էր եւ ա­կա­մայ ձեռ­նա­ծալ նստած կը դի­տէր ու կը սպա­սէր, թէ ինչ­պէ՞ս պի­տի ա­ւար­տի հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ յա­ռաջ ըն­թա­ցող գաղ­թա­տի­րու­թեան մրցա­պայ­քա­րը…

Մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կին վրայ յայտ­նո­ւած էր նոր մրցա­կից մըն ալ՝ յան­ձին Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն, ո­րոնք թէեւ ուղ­ղա­կիօ­րէն մաս չկազ­մե­ցին Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մին եւ ծա­ւա­լու­մին, բայց ա­նոր ա­ւար­տի փու­լին աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին պա­րէ­նով, զի­նամթեր­քով, մար­դու­ժով ու տե­ղա­հան­նե­րու եւ գաղ­թա­կան­նե­րու պատս­պար­ման եւ հո­գա­տա­րու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով։

Ա­հա այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, նա­խա­գահ ­Վուտ­րօ Ո­ւիլ­սըն բազ­ման­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թեամբ մը ե­կած էր ­Փա­րիզ, ուր շուրջ վեց ա­միս մնաց եւ մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ ու մաս­նա­կից դար­ձաւ աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան նոր քար­տէ­սի ձե­ւա­ւոր­ման տեն­դոտ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։

Եւ ո­րով­հե­տեւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիա ու Ֆ­րան­սա պա­տե­րազ­մա­կան գո­ղօ­նին ի­րենց մի­ջեւ բա­ժա­նու­մը եւ նոր գաղ­թա­տի­րու­թեան հաս­տա­տու­մը գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն կը դի­մա­յար­դա­րէին փոքր ազ­գե­րու ա­զա­տագր­ման եւ բռնա­տի­րա­կան լու­ծե­րը ժո­ղովրդա­վա­րա­կան ու ա­զա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րով փո­խա­րի­նե­լու գրա­ւիչ կար­գա­խօս­նե­րով՝ ­Միացեալ ­Նա­հանգ­նե­րը բնա­կա­նա­բար յայտ­նուե­ցան այդ կար­գա­խօս­նե­րու դրօ­շա­կի­րի յա­ռա­ջա­պահ դիր­քին վրայ։ Ի վեր­ջոյ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու օ­րուան նա­խա­գա­հը՝ Վ. Ո­ւիլ­սըն ինք­նին ա­խո­յեան մըն էր մարդ­կայ­նա­կան վեհ գա­ղա­փար­նե­րու հռչակ­ման ու պաշտ­պա­նու­թեան։

Փա­րի­զի ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վին կա­րե­ւո­րա­գոյն օ­րա­կար­գե­րէն մէ­կը, ե­թէ ոչ ա­ռաջ­նա­յի­նը, բնա­կա­նա­բար, փլու­զո­ւած Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­ւե­րակ­նե­րուն վրայ Ա­րե­ւել­քի նոր քար­տէ­սին ձե­ւա­ւո­րումն էր։ Եւ­րո­պա­յի «­Հի­ւանդ ­Մար­դը» ոչ եւս էր եւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիա ու Ֆ­րան­սա, հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէն մին­չեւ Մի­ջին Ա­րե­ւելք ու ­Փոքր Ա­սիա­յէն մին­չեւ ­Կաս­պից ­Ծով, պէտք է վե­րա­դա­սա­ւոր­ման են­թար­կէին… հին աշ­խար­հը։

Դաշ­նա­կից ա­խո­յեան­նե­րուն գլխա­ւոր շա­հագրգ­ռու­թիւ­նը, ան­կաս­կած, ­Սեւ Ոս­կիի պա­շար­նե­րուն վրայ սե­փա­կան տի­րա­պե­տու­թիւ­նը հաս­տա­տելն էր՝ միա­ժա­մա­նակ բա­ւա­րա­րու­թիւն տա­լով դաշ­նա­կից, այ­լեւ ազ­դե­ցիկ ու­ժե­րու ա­խոր­ժակ­նե­րուն, ինչ­պի­սին էր մա­նա­ւանդ Հ­րէա­կան Օ­ճա­խի մը ստեղծ­ման պա­հան­ջով ­Սիո­նա­կա­նու­թեան եւ ­Մա­սո­նա­կա­նու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մը։

Բայց ով ա­ւե­լի ի­րա­ւա­ցիօ­րէն, ե­թէ ոչ հայ ժո­ղո­վուր­դը ինք ա­մէն հիմք ու­նէր ինք­նավս­տա­հու­թեամբ ի­րա­ւա­տէր ու պա­հան­ջա­տէր ներ­կա­յա­նա­լու յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից­նե­րուն։ ­Փաս­տօ­րէն թէ՛ ­Ռուս-Թր­քա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տի ամ­բողջ եր­կայն­քին, թէ՛ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րուն վրայ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Գուն­դե­րով եւ Ա­րե­ւե­լեան ­Լե­գէո­նի ­Հայ­կա­կան ստո­րա­բա­ժի­նով՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը քա­ջա­բար կռո­ւած էր ­Դաշ­նա­կից­նե­րու կող­քին եւ ա­հա՛ ե­կած էր ժա­մը՝ քա­ղե­լու «­Փոքր ­Դաշ­նա­կից»ի իր մեծ զո­հա­բե­րու­թեան ար­դա­րա­ցի պտուղ­նե­րը։

Պատ­մա­քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րու այս խճան­կա­րին մէջ կը տե­ղա­ւո­րո­ւի 14 Ապ­րիլ 1919-ին կա­յա­ցած Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի եւ ­Պօ­ղոս-­Նու­պար փա­շա­յի միա­ցեալ ու բախ­տո­րոշ հան­դի­պու­մը նա­խա­գահ Ո­ւիլ­սը­նի հետ։
Ա­հա­րո­նեան կը գլխա­ւո­րէր 28 ­Մա­յիս 1918-ին ստեղ­ծո­ւած Ա­զատ եւ Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, իսկ ­Պօ­ղոս-­Նու­պար՝ Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ­Հա­մա­գու­մա­րին կող­մէ կեան­քի կո­չո­ւած ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը։

Շատ գրո­ւած է եւ վէ­ճե­րով խճճո­ւած ամ­բողջ թղթած­րար մը գո­յու­թիւն ու­նի ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը զոյգ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րով աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նե­լու պատ­մա­կան այս նա­խա­դէ­պին մա­սին։ ­Նաեւ զոյգ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րը ի­րենք ան­հար­կի եւ ծան­րակ­շիռ իւղ թա­փած են ազ­գա­յին տա­րա­կար­ծու­թեանց եւ երկ­փեղ­կո­ւա­ծու­թեան ինք­նին թէժ կրա­կին վրայ։ ­Պօ­ղոս-­Նու­պար՝ իր կող­քին ու­նե­նա­լով Անդ­րա­նի­կը, շա­րու­նակ յա­մա­ռե­ցաւ «Ա­րա­րա­տեան ­Հան­րա­պե­տու­թիւն» կո­չե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ մեր­ժեց ճանչ­նալ ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դը ներ­կա­յաց­նե­լու ա­նոր բնա­կան ի­րա­ւուն­քը։

Մինչ ­Թիֆ­լի­սի Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­րե­ւե­լա­հայ մտա­ծո­ղու­թեան դրօ­շա­կիրն ու պատ­գա­մա­բե­րը՝ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան բնաւ չհաշ­տո­ւե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հայ մտա­ծո­ղու­թեան այն պնդու­մին հետ, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ «­Ծո­վէ ­Ծով» ­Հա­յաս­տա­նի ստեղ­ծումն էր նա­խա­պայ­մա­նը ­Հայ­կա­կան Հար­ցի ի­րա՛ւ լու­ծու­մին։

Բայց յա­նուն պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան պէտք է ընդգ­ծել, որ ներ­քին այդ բո­լոր տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րով հան­դերձ՝ զոյգ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­ներն ու ա­նոնց ե­տին կանգ­նած հայ­կա­կան ու­ժե­րը, պատ­մա­կան այդ բախ­տո­րոշ ­Պա­հուն, կրցան հա­մա­կար­գել ի­րենց ու­ժե­րը եւ գոր­ծակ­ցա­բար ներ­կա­յա­նալ աշ­խար­հի ճա­կա­տա­գի­րը վճռող ու­ժե­րուն՝ դրսե­ւո­րե­լով պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան անհ­րա­ժեշտ մա­կար­դա­կը, որ մե­ծա­պէս ու­սա­նե­լի կը մնայ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն հա­մար նաեւ մեր օ­րե­րուն։

Փաս­տօ­րէն նա­խա­գահ Ո­ւիլ­սը­նի հետ ­Պօ­ղոս-­Նու­պա­րի եւ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի միա­ցեալ հան­դի­պու­մը լա­ւա­գոյն վկա­յու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ հա­մա­կար­գո­ւած գոր­ծե­լու եւ զի­րար լրաց­նե­լու հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ըն­դո­ծին պե­տա­կան հա­սու­նու­թեան։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի զոյգ պա­տո­ւի­րա­կու­թեանց նա­խա­գահ­նե­րը նա­խա­պէս՝ 26 ­Փետ­րո­ւար 1919-ին, ­Փա­րի­զի ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վի պաշ­տօ­նա­կան նիս­տին ու­նե­ցած էին ա­ռան­ձին ե­լոյթ­ներ եւ ներ­կա­յա­ցու­ցած էին ի­րենց պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­ջատ պա­հանջ­նե­րը։ Ա­հա­րո­նեա­նի ե­լոյ­թը կը պա­հան­ջէր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ըն­դար­ձա­կու­մը դէ­պի Տ­րա­պի­զո­նի եւ ­Կար­նոյ նա­հանգ­նե­րը, անց­նե­լով ­Վա­նի եւ Պիթ­լի­սի նա­հանգ­նե­րէն, որ­պէս­զի հայ ժո­ղո­վուր­դը ելք ու­նե­նար ­Սեւ ­Ծո­վու վրայ։ Իսկ ­Պօ­ղոս-­Նու­պար պա­հան­ջած էր ­Կի­լի­կիոյ մէջ ստեղ­ծու­մը ­Հայ­կա­կան Օ­ճա­խի, որ պի­տի դրո­ւէր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հո­գա­տա­րու­թեան տակ։

Զոյգ պա­տո­ւի­րա­կու­թեանց ա­ռա­ջադ­րած լու­ծում­նե­րուն նկատ­մամբ յաղ­թա­կան մեծ ­Դաշ­նա­կից­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը ան­շուշտ ու­նէր իր ու­րոյն դիր­քո­րո­շու­մը։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ յատ­կա­պէս ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ եւ Ֆ­րան­սա­յի ուղ­ղու­թեամբ դի­ւա­նա­գի­տա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­ցին հա­յոց զոյգ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի մե­ծա­պե­տա­կան սա­կար­կու­թեանց խո­հա­նո­ցին զոհ չեր­թայ ­Հայ­կա­կան Ի­րա­ւուն­քին վե­րա­կանգ­նու­մը։ Իսկ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին հետ հան­դի­պու­մը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէր, ո­րով­հե­տեւ ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը սկզբուն­քա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցու­ցած էր ար­դէն ի­րա­ւա­րա­րի դե­րը ­Վուտ­րօ Ո­ւիլ­սը­նին վստա­հե­լու տե­սա­կէ­տին շուրջ։

Պատ­մա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը, պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րը եւ մաս­նա­կից­նե­րու յու­շե­րը կը հաս­տա­տեն, որ նա­խա­գահ Ո­ւիլ­սըն ամ­բող­ջա­կան հա­մակ­րան­քով ու հա­մա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դա­ռա­ջեց թէ՛ Ա­հա­րո­նեա­նի, թէ՛ ­Պօ­ղոս-­Նու­պա­րի ա­ռա­ջար­կած ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի լուծ­ման տա­րազ­նե­րուն։ ­Խոս­տա­ցաւ այդ հի­ման վրայ կա­տա­րել իր ի­րա­ւա­րա­րու­թիւ­նը, ո­րուն պսա­կու­մը ե­ղան թէ՛ ­Կի­լի­կիոյ մէջ ­Հայ­կա­կան Օ­ճա­խի ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րին որ­դեգ­րու­մը, թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ կա­տա­րո­ւած պե­տա­կան սահ­ման­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միակ փաս­տա­թուղ­թին մշա­կու­մը, որ յայտ­նի դար­ձաւ «Ո­ւիլ­սը­նեան ­Սահ­ման­ներ» ա­նու­նով։

97 տա­րի­ներ ան­ցած են Ապ­րիլ 1919-ի այդ պատ­մա­կան հան­դի­պու­մէն աս­դին։ ­Թէեւ ար­դիւ­նա­ւորուե­ցաւ այդ հան­դի­պու­մը եւ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը, բայց պատ­մու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին տար­բեր հո­լո­վոյթ ար­ձա­նագ­րեց։ ­Տե­ղը չէ քննե­լու եւ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ­Յու­շա­տետ­րը քննու­թեան նիւթ դար­ձու­ցած է այն ա­մէ­նը, թէ ին­չո՛ւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը օ­րի՛ն եւ ի­րո­ղա­պէ՛ս չգտաւ իր քա­ղա­քա­կան ար­դար լու­ծու­մը։

Բայց ան­պայ­ման այ­սօ­րո­ւան յու­շա­տետ­րի է­ջը տեղն է յի­շեց­նե­լու, որ իր ներ­քին բո­լոր տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րով հան­դերձ՝ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ի վի­ճա­կի ե­ղաւ եւ այ­սօր ալ ի վի­ճա­կի է հա­մա­կար­գո­ւած ու միա­ցեալ մօ­տե­ցու­մով ներ­կա­յա­նա­լու աշ­խար­հին, երբ հնչէ ­Մեծ Հա­տուց­ման ­Պա­հը՝ միաս­նա­կան ու միա­կամ պա­հան­ջա­տէր կանգ­նե­լով հա­յոց ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ Ար­դա­րու­թեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.