Արտաքին եւ ներքին թշնամիներուն դէմ


Միհրան Քիւրտօղլեան

 Արտաքին վտանգը միաւորեց ազգը՝ Հայաստանէն-սփիւռք: 10 միլիոն հաշուող հայութիւնը վերածուեցաւ մէկ բռունցքի՝ դէմ դնելու համար Ազրպէյճանի հայատեաց մոլուցքին: Թշնամին չհասաւ իր նպատակին, բայց իր այս ձախողութիւնը չի նշանակեր, որ ան պիտի հրաժարի անկէ: Անոր շղթայազերծած պատերազմական արկածախնդրութիւնը թերեւս աւելի մեծ գրոհի մը նախապատրաստութեան առաջին փուլն էր, հետազօտութեան փորձ մը՝ չափելու համար զենուորական մեր, միաժամանակ իր ուժին կարողականութիւնը, հայկական բանակին բարոյական կորովը եւ հայութեան դիմադրականութիւնը: Ենթադրելի է զարմանքը Ալիեւին ու իր վարչախումբին, իրենց դէմ տեսնելով ամողջ ժողովուրդ մը, որ երգով ու պարով կ’ուղղուէր դէպի կռուի դաշտ:

Հաւանական է, որ Ալիեւ կրկնէ իր արկածախնդրութիւնը , քանի որ թիկունքին ունի նեցուկն ու քաջալերանքը զինակից Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանի վրայ վերահսկողին՝ Ռուսիոյ հանդուրժողականութիւնը կը վայելէ: Դժուար է հաւատալ, որ Ռուսիան տեղեկացուած չէր անոր առնելիք վտանգաւոր քայլին մասին: Այդ հանդուրժողականութիւնը կարելի է բացատրել տնտեսական ու ռազմաքաղաքական վարկածներով: Զէնքի գնորդ մըն է Ազրպէյճանը,մեծ յաճախորդ մը, որ իր գնած յարձակողական զինատեսակները փորձարկելու «իրաւունքը» պէտք է ստանայ, որպէսզի գնումի նոր ապսպրանք պատրաստէ…: Սա տնտեսական-շուկայական հաշիւն է : Միւսը, ռազմաքաղաքականը այն է, որ պատերազմի խլած զոհերուն ու պատճառած աւերներուն ստեղծած խուճապին մէջ, պատերազմող կողմերէն դիւրին, թերեւս նաեւ որպէս «բարիք» կրնայ ընկալուիլ, եթէ Ռուսիա իբրեւ հրատապ խնդիր սեղանին բերէ «խաղաղապահ»ի անուան տակ զինուորական ուժեր տեղակայելու անհրաժեշտութիւնը շրջանին մէջ: Այդ ուժերը անգոյ «խաղաղութիւնը» չէ որ պիտի պահեն, այլ հոն պիտի հաստատուին եւ իրենց ուզած «խաղաղութիւնը» պիտի պարտադրեն: Նման հաւանականութիւն մը նպաստաւոր չէ ղարաբաղեան դատին եւ ի զուր կ’ըլլայ արիւնով շահուած մեր յաղթանակը, որովհետեւ այդ պարագային ղարաբաղեան խնդիրը միջազգային հանրութենէն պիտի անցնի Ռուսիոյ ձեռքը, որով եւ ան պիտի դառնայ միակ տէրը այդ «խաղաքարտ»ին: Ահա ինչու է ենթադրութիւնը, թէ յարձակումին համար Փութինի կանաչ լոյսը ապահոված պէտք է ըլլայ Ազրպէյճան:

Եթէ իսկապէ’ս աշխարհի «տէրերը» (ԱՄՆ ու Ռուսիա) չէին տեղեկացուած յարձակումի մասին եւ անոնք ալ անակնկալի առջեւ գտնուեցան, ապա ուրեմն կը նշանակէ, թէ անկանխատեսելի ու վտանգաւոր մարդ մըն է Ալիեւ, որով եւ երկար պիտի չթողուն, որ դիմանայ իր պաշտօնին վրայ: Կամ ալ կը նշանակէ, թէ ռազմաքաղաքական հարցերու մէջ անգրագէտ մըն է ան եւ այդ պատճառով է որ կը հանդուրժուի: Մօտաւոր ապագան ցոյց կու տայ…:

Մինչ այդ սակայն, հայ ազգի ցուցաբերած միասնութիւնը եւ համահայկական վճռականութիւնը առիթ է, որ ուղղուին ներքին ճակատ, ներքին վտանգը չէզոքացնելու կամքով: Ձերբազատուելու համար ազգին տզրուկներէն, որոնք առաջին օրերէն պետութեան հետ սերտաճած՝ ոչ միայն սեփականացուցին երկրին հարստութիւնը, այլ միաժամանակ, ինչ որ ահաւորն է, իրենց վարքով արժէզրկեցին՝ ազգին ու հայրենիքին կապող անկախութեան, արդարութեան թէ իրաւունքի հասկացութեանց առնչուող ամէն գաղափար ու սկզբունք: Հոգիներու մէջ երազ չձգեցին, որու հետեւանքով ալ աստանդական դարձաւ հայրենի բնակչութիւնը: Անոնք հաշուի չառին նոյնիսկ, որ ազգը պատերազմի մէջ է քսանհինգ տարիէ իվեր: Հայրենի բնակչութիւնը հիասթափուած, յուսահատ ու անզօր՝ չկարողանալով յեղաշրջել կացութիւնը լուծումը գտաւ փախուստի մէջ.արտագաղթ: Ահնարութեան պարագային՝ հոգիով արտագաղթ: Իսկ սփիւռքահայութիւնը անցնող տարինեուն իր լռութեամբ… ականջ խլացուց եւ տարին մէկ-երկու անգամ հանգանակութեանց մասնակցելով բարեգթութիւնը կամ բարեգործութիւնը փոխակերպած եղաւ «հայրենասիրութեան»:

Արտաքին վտանգը վերակենդանացուց հայու հոգեկերտուածքին որակական յատկութիւնները, որոնք մեր ազգը պահած են դարերու երկայնքին՝ նոյնիսկ ամէնադժխեմ պայմաններու մէջ: Ափսոս պիտի ըլլայ, եթէ վերաշխուժացած յատկութիւնները կրկին անթեղուին-մարին: Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին մէջ անշուշտ որ կան նաեւ առողջ ու ողջմիտ տարրեր, որոնք անպայմա’ն կը տեսնեն, որ ներքին չարիքը մնայուն աւեր կը գործէ, մինչ արտաքին վտանգին դէմ պաշտպանուելու համար նախապատրաստուելու հնարաւորութիւնը կայ: Անյոյս է փորձը, որ այդ ցեցերը մեղայի պիտի գան ու մէկ օրէն միւսը պիտի ազնուանան կամ օրէնսդրութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ զսպել-չէզոքացնել զանոնք պետական համակարգի մը մէջ, որ իրենց ձեռքն է, նոյնինքն իրենք են սիստեմը:

Յուսանք սակայն, որ կը գտնուին չորսօրեայ պատերազմին ստեղծած ազգի միասնութիւնն ու համահայկական վճռականութիւնը դէպի ներքին ճակատ հունաւորող ղեկավարներ, որպէսզի Հայաստանէն սկսի ժողովրդային ճնշումը, ծաւալի ու համազգային բնոյթ առնէ անիկա, երկրին մէջ հաստատելու համար օրէնքի, իրաւունքի ու արդարութեան գերակայութիւնը եւ վերջակէտ դնելու բոլոր տեսակի շահագործումներուն:

Այլապէս՝ ափսոս պիտի ըլլայ: Հայրենի բնակչութիւնը արժանի է իրաւական պետութեան մը: Իր արժանաւորութիւնը անգամ մը եւս փաստեց նորերս, նոյնիսկ կենաց- մահու վտանգին դիմաց:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.