Ֆրանսական Դիմադրութեան հերոս Միսաք Մանուշեանի կիսանդրին վանտալիզմի ենթարկուած է

\n

 

\n

\n

«Հորիզոն».- Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ, թէ Յունիս 24-ին, Մարսէյլի մէջ վանտալիզմի ենթարկուած է Բ. աշխարհամարտի ֆրանսական Դիմադրութեան հերոս Միսաք Մանուշեանի կիսանդրին, որուն վրայ դիտումնաւոր փորագրած են Ատոլֆ Հիթլէրի նացի կուսակցութեան խորհրդանիշ կեռ խաչը։

\n

Հայ բանաստեղծ եւ ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման գործիչ Միսաք Մանուշեան ծնած է Ատիյաման (Արեւմտյան Հայաստան) 1906-ին: Ծնողները կը զոհուին Մեծ եղեռնի օրերուն: Հրաշքով փրկուած Միսաքն ու եղբայրը կը հասնին Սուրիա։ 1920-ական թուականներու սկիզբը կ՚ապաստանի Լիբանանի Ճիւնի քաղաքի հայկական որբանոցը, ուր կը ստանայ իր կրթութիւնը: 1925-ին կը տեղափոխուի Ֆրանսա:

\n

Ֆրանսիայի համայնավար կուսակցութեան անդամ կը դառնայ 1933-ին: Շուտով կը դառնայ կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ։

\n

1935-37 կը խմբագրէ «Զանգու» շաբաթաթերթը: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ (1939-1945) կը մասնակցի գերմանական նացիական ուժերու դէմ ֆրանսական դիմադրական զինեալ պայքարին: 1943-ին կը նշանակուի Փարիզի շրջանի հայդուկային  ջոկատներու հրամանատար:

\n

1943-ի Նոյեմբեր 16-ին մատնութեան պատճառով կը ձերբակալուի նացի գերմանական բանակին կողմէ եւ երեք ամիս ետք, Փետրուար 21-ին, կը գնդակահարուի իր 22 մարտական ընկերներուն հետ: 

\n

1946-ին (յետ մահու) Փարիզի մէջ լոյս տեսած է իր բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, որ վերահրատարակուած է Երեւանի մէջ` «Իմ երգը» (1956) խորագրով: Պարգեւատուած է Ֆրանսայի «Պատուոյ լեգէոն» պետական բարձրագոյն շքանշանով (յետ մահու): Մանուշեանի անունով փողոցներ կան Փարիզի, Մարսէյլի, եւ Առնուվիլի մէջ, ինչպէս նաեւ իր անունով դպրոցներ` Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ:

\n

Նշենք, որ այս տարուան Փետրուար 21-ին Փարիզի մէջ  նշուեցաւ Մանուշեանի մահուան 70-ամեակը, որուն ներկայ գտնուեցաւ  Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.