Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի Հետ
2694
0
Կիրակի, 17 Մարտ, 2019-ին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, հանդիպում ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատի անդամ , հայութեան եւ Արցախ ժողովուրդի բարեկամ՝ Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի անդամները Պարոնուհի Քոքսի հետ քննարկեցին Արցախի ներկայ իրավիճակը, այս ուղղութեամբ Գանատայի մէջ տարուող աշխատանքները եւ իր կողմէ իրականացուող շարք մը ծրագիրներու մանրամասնութիւնները:
Հայ Դատի պատուիրակները յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեցին Պարոնուհի Քոքսին, իր ջերմ ու անկեղծ բարեկամութեան եւ մանաւանդ Արցախի մէջ տարած մարդասիրական գործունէութեան համար:
Նկարը ձախէն աջ՝ Յանձնախումբի ատենապետ՝ Շահէն Միրաքեան, Աբգար Միրաքեան եւ Օթթաուայի գրասենեակի գործավար՝ Սեւակ Պէլեան