Նոյն Սպառնալիքը՝ 101 Տարի Անց
Թուրքիոյ վարչապետ Ա. Տաւութօղլու անպատասխանատու, միաժամանակ անբախտ յայտարարութիւն մը կատարեց Պինկէօլի մէջ։ Ակնարկելով ՀՏՓ-ին՝ ըսաւ հետեւեալը. «Հայկական հրոսախումբերու նման կը գործակցին Ռուսերուն հետ»։
Խօսքի ազատութեան եւ մամուլի սեղմումները, քաղաքացիներու նոյնիսկ ապրելու տարրական իրաւունքին դէմ իրականացուող բռնարարքները, հետզհետէ միահեծան, անսանձ տիրապետութիւն մը հաստատելու փորձերը արդէն իսկ բաւարար հիմքեր կը ստեղծէին ԱՔՓ-ն համեմատելի դարձնելու համար Իթթիհատ եւ Թերաքքիի հետ։ Տաւութօղլուի այս յայտարարութիւնն ալ կու գայ ահա պսակելու այդ բոլորը եւ ա՛լ աւելի համարձակութիւն տալու անոնց, որոնք արդարօրէն ձախաւեր Իթթիհատ մը կը տեսնեն ԱՔՓ-ի մէջ։
Պետութիւնը, հակառակ 101 տարի անցած ըլլալուն, կ՚ուրանայ 1915ին Հայերուն դէմ իրագործած ցեղասպանութեան յանցանքը։ Ո՛չ միայն կ՚ուրանայ, այլ 101 տարի անց, 2016ին, քիւրտ ժողովուրդին «կը ներկայանայ» նոյն ոճիրը կրկնելու սպառնալիքով։
Պետական-պաշտօնական պատմագրութիւնն ու քաղաքականութիւնը 1915ի Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու համար ստեղծած է մեծ սուտ մը՝ «հայկական հրոսախումբերուն Ռուսերուն հետ համագործակցած» ըլլալու պարագան (ինչ որ «միամտաբար» կը կարծեն, թէ կրնայ չքմեղանք մը դառնալ)։ Եւ նոյն այդ սուտը, 101 տարի անց, որպէս ճշմարտութիւն կը դնեն հասարակութեան իրենց հաւատացող զանգուածին առջեւ, ՀՏՓ-ի պարագային եւս։
Արդեօք ունի՞ն պատասխանները հետեւեալ հարցումներուն։
Հայկական ո՞ր մէկ հրոսախումբն էր որ համագործակցեցաւ Ռուսերուն հետ։ Աւելին՝ հայկական հրոսախումբ մը առհասարակ գոյութիւն ունէ՞ր արդեօք այդ թուականներուն։ Պահ մը ընդունինք, որ, այո՛, հայկական հրոսակախումբեր կային եւ անոնք Ռուսերուն հետ կը համագործակցէին, ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի եղաւ միայն քանի մը ժանտարմաներու ուղեկցութեամբ տեղահանել եւ դէպի մահ ուղարկել մարդկային կարաւանները, հայրենազրկել ու սպաննել աւելի քան միլիոն հաշուող ժողովուրդ մը։ Հարցումներու այս շարքը կարելի է երկարել անշուշտ, ինչ որ չի փոխեր իրականութիւնը, դժբախտաբար։
Եւ այսօր, ըսէք խնդրեմ, ՀՏՓ ի՞նչ միջոցներով կը համագործակցի Ռուսերուն հետ։ Ռուսական ընկերութիւններուն հետ համագործակցաբար աթոմակայա՞ն կը կառուցէ Աքքույուի մէջ։ Թէ ռուսական կազէն կախեալ վիճակի մը մէջ դրած է երկիրը։
Ինչպէս պիտի յիշուի, ԱՔՓ երբ նոր իշխանութեան գլուխ եկած էր, կը նկատուէր իթթիհատական աւանդութեան հակոտնեայ քաղաքական ուժ մը։ Սակայն պատկերը բոլորովին այլ է այսօր։ Վարչապետի մը իսկ բերնով կրկնուող մեծ սուտը՝ սպառնալիք մըն է այսօր դժբախտաբար։ Ցեղասպանութեան սպառնալի՞ք մը կ՚ուղղէ վարչապետը արդեօք։ 2016ին։
ՀՏՓ-ի համանախագահ Սելահաթթին Տէմիրթաշ վարչապետին յայտարարութիւնը քննադատեց անշուշտ՝ մեկնաբանելով անոր խօսքերուն տակ պահուըտած սպառնալիքը։ «Կ՚ուզեն ըսել, որ ինչ որ Հայերուն ըրինք՝ նոյնը պիտի ընենք ձեզի։ Իրենց մտայնութիւնը այս է ահաւասիկ։ Ահաբեկել ցեղասպանութեամբ։ Ոչինչ կրնան դնել մեր առջեւ՝ բացի կոտորածէ, ոճրի քաղաքականութենէ»։
Կառավարողները վերջին քանի մը ամիսներուն (տարիներո՞ւն պէտք է ըսէի արդեօք) վաղուց արդէն հեռացած են խաղաղարար ըլլալէ. իրենց քաղաքականութիւնը, բանն ու խօսքը պատերազմ, բռնութիւն, սեղմում ու ճնշում է միայն։ Նման մթնոլորտի մը մէջ յաճախ կը հոլովուի նաեւ Հայոց անունը։
Սեպտեմբերին չէ՞ր, երբ Ճիզրէի մէջ ոստիկանները մէկ կողմէ կը կրակէին փողոցներուն մէջ եւ միւս կողմէ բարձրախօսով մը կը պոռային տեղւոյն բնակչութեան երեսին, մութին մէջ. «Հայերը հպարտ են ձեզմով։ Բոլորդ ալ Հայ էք»։
Այս յայտարարութիւնը սպառնալիք մըն էր խորքին մէջ եւ ըսել կ՚ուզէր թէ «բոլորդ Հայ էք եւ Հայերու նման ալ պիտի մեռնիք»։ Այդ ժամանակ ոմն ոստիկանի մը բերնէն ելած այդ խօսքերը պատահական ու մասնակի պարագայ մը նկատուեցաւ թերեւս, սակայն ի՞նչ ըսել, երբ նման խօսքերով, Պինկէօլի մէջ հանրութեան կը դիմէ նաեւ ուրիշ մէկը, որ վարչապետի պաշտօն ալ կը վարէ։
Քանի դեռ կը շարունակուի ուրացումը, քանի դեռ առերեսումը կ՚ուշանայ՝ տակաւին շա՜տ պիտի լսենք նման խօսքեր, դեռ շա՜տ վկայ պիտի դառնանք սպառնալիքներու եւ երբեմն նաեւ այդ սպառնալիքներու ի կատար ածման։
Հոգ չէ թէ պետական յանցագործ վարչակարգին ստեղծած թշնամին Հայուն փոխարէն քիւրտ ժողովուրդը ըլլայ այսօր ալ։
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ