Գեղասահք. Անասթասիա Գալուստեան Գրաւեց 7-րդ Դիրքը


keghasahk_021516

Նորվեկիոյ Լիլըհեմըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող պատանեկան ողիմպիական խաղերուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ, գեղասահորդ Անասթասիա Գալուստեան գեղասահքի մրցումներուն գրաւեց 7-րդ դիրքը, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը:

Կարճ գեղասահքի մրցումներուն, որոնց մասնակցեցան 16 գեղասահորդներ, Գալուստեան, որ հանդէս եկաւ կրելով թիւ 10-ը, ապահովելով 55,89 կէտ գրաւեց 7-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը գրաւեց Ճափոնի ներկայացուցիչը` 60,87 կէտով:

Գալուստեան իր յաջորդ ելոյթին պիտի ներկայանայ` ազատ ծրագիրով կատարելով իր մրցումը, յայտնեց ArmSport.am:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.