Հայոց Բանակը 24 Տարեկան Է
1502
0
28 Յունուարի այս օրը մեր ժողովորդը կը տօնէ Հայոց Ազգային Բանակին տօնը, որ ահա 24 տարիէ ի վեր ազգային հպարտութեան, հաւաքական կամքի ու միասնական ուժի ինքնավստահութեան եւ մարտունակութեան ապրումներով վերանորոգուելու առիթը կþընծայէ աշխարհի չորս ծագերուն ապ րող
հայ մարդոց։
28 Յունուար 1992ին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրամանագրով, պաշտօնապէս կեանքի կոչուեցաւ Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ զայն գլխաւորելու պաշտօնը յանձնուեցաւ Վազգէն Սարգսեանի։
Բառին քաղաքական իմաստով դժուարին, այլեւ ցաւատանջ երկունք մը վիճակուեցաւ Հայոց Ազգային Բանակին։ Պետական ու քաղաքական իշխանութիւններու որոշումէն առաջ արդէն, մեր ժողովուրդը ի՛նք իր ծոցէն ծնունդ տուաւ Հայկական Բանակի կամաւորական յառաջամարտիկներուն։ Արցախեան Ազատամարտի առաջին բռնկումներուն հետ, Մահ կամ Ազատութիւն մեր հինաւուրց ռազմերգը հնչեցնելով եւ Հայրենիք կամ Մահ ուխտելով՝ դաշնակցական ֆետայիներու աւանդը վերանորոգելով, հայ ժողովուրդի նորօրեայ ազատամարտիկները հարթեցին Հայկական Բանակի ստեղծման ուղին։
Նոյնինքն Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վկայութեամբ, 1988ին թափ առած Արցախեան Շարժման առաջին իսկ քայլերէն սկսաւ Հայոց Ազգային Բանակին սաղմնաւորումը։
Հայկական բանակի երկունքին մէջ իրենց վճռորոշ ներդրումը ունեցան Արցախի հայութեան ինքնապաշտպանութեան նպատակով կազմուած ժողովրդային առաջին զինեալ խմբաւորումները, անոնց կազմակերպման եւ ձեւաւորման առաջադրանքով պայքարի դաշտ նետուած ինչպէս Հ.Յ.Դաշնակցութեան, այնպէս եւ նորայայտ հայկական խմբաւորումներու եւ կուսակցութեանց ֆետայական ջոկատները, նաեւ ու մանաւանդ՝ խորհրդային բանակին մէջ կազմաւորուած հայ սպաներու յայտնութիւնը Արցախեան Շարժման յառաջապահ դիրքերուն վրայ։
Քաղաքական խիթեր ու գաղափարական ցաւագին գալարումներ շատ ունեցաւ Հայոց Բանակին երկունքը.- Նոյնինքն Արցախեան Շարժման յառաջատար ուժերուն միջեւ ներքին հակասութիւններն ու հակադրութիւնները անպակաս եղան։ Մինչեւ իսկ 23 Օգոստոս 1990ի Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրի որդեգրումէն ետք, երբ 1918ի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հիմերը վերականգնելու միահամուռ յանձնառութիւնը օրէնսդրականօրէն ամրագրուած էր, Հայոց Ազգային Բանակի կազմութեան եւ Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութեան հիմնադրման քաղաքական քայլը դիւրին չառնուեցաւ եւ ներ-քաղաքական բուռն հակադրութեանց պատճառ դարձաւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի իշխանութեանց ղեկին հասած Հայոց Համազգային Շարժման ղեկավարութիւնը յամառօրէն պնդեց այն ռազմավարական դաւանանքին վրայ, թէ «Մեր պաշտպանութիւնը մեր անպաշտպանուածութեան մէջ է»՝ ձգձգելով իրաւական ու պաշտօնական ամրագրումը մինչ այդ իրողապէս արդէն կազմուած Հայոց Ազգային Բանակին ու պաշտպանութեան նախարարութեան…
Դեկտեմբեր 1991ի Խորհրդային Միութեան պաշտօնական լուծարումէն ետք միայն ընթացքի մէջ դրուեցաւ օրէնսդրական նուիրագործումը Հայկական Բանակի կազմութեան եւ, այդ առումով ալ, 28 Յունուար 1992ին, Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնակոչման օրը, հետագային հռչակուեցաւ Հայկական Բանակի ազգային-պետական տօն։
Յուշատետրի սիւնակը տեղը չէ առանձնաբար ու անուն առ անուն յիշատակելու եւ արժեւորելու Հայոց Ազգային Բանակի կազմաւորման սկզբնական շրջանի, ինչպէս եւ իբրեւ պետական հաստատութիւն անոր կայացման ու արմատաւորման հետագայ հանգրուաններու գլխաւոր դերակատարները եւ երախտաւորները։ Բայց Վազգէն Սարգսեանի անուան կողքին անպայման իրենց արժանի տեղը ունին օրին պաշտպանութեան նախարարութիւնը ղեկավարած եւ տակաւին ապրող ու գործող քաղաքական-իշխանաւոր դէմքեր, ինչպիսին են Վազգէն Մանուկեանն ու Սերժ Սարգսեանը։ Անուրանալիօրէն մեծ ու անփոխարինելի եղաւ ներդրումը նաեւ ու մանաւանդ խորհրդային բանակի մէջ թրծուած հայ սպաներուն՝ ինչպիսին են Գուրգէն Ղալիպալթայեանն ու Միքայէլ Յարութիւնեան, Արկատի Տէր-Թադեւոսեան, Սամուէլ Բաբայեան եւ Սէյրան Օհանեան, միայն քանի մը անուններ յիշատակելու համար։
Բայց անպայման պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, Հայոց Ազգային Բանակի տօնին առիթով, որ ինքնապաշտպանութեան եւ ազգային-ազատագրումի թէժ պայքարին ծնունդը եղաւ Հայկական Բանակը։ Իր մարտունակութիւնը ստացաւ հայ ժողովուրդի ազգային գաղափարախօսութենէն ու հայոց ազգային-ազատագրական դարաւոր պայքարի ռազմահայրենասիրական աւանդներէն։
Իբրեւ այդպիսին, եղաւ առնական ծնունդը Արցախեան Ազատամարտին, որմէ եւ ստացաւ ատրպէյճանական ու համաթրքական սպառնական վտանգի դիմագրաւման միշտ պատրաստ գտնուելու ներքին զօրութիւնը։
Ի վերջոյ Անդրանիկի եւ Գէորգ Չաւուշի, Արաբոյի եւ Նիկոլ Դումանի, Նժդեհի ու Դրոյի աւանդներով սնանեցաւ ու հասակ նետեց վերանկախացեալ Հայաստանի Ազգային Բանակը, որ վերածուեցաւ տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ զօրքերէն մէկուն՝ եւրոպական թէ միջազգային ռազմավարական կառոյցներու վկայութեամբ։
Ահա թէ ինչո՛ւ ազգային արդար հպարտութեան ու ինքնավստահութեան տօնն է Հայոց Ազգային Բանակի ծննդեան տարեդարձը։
Յատկապէս ազգային մեր մարտունակութիւնը վերանորոգելու ուխտի օրն է այսօր, որովհետեւ գերազանցապէս ազգային ինքնապաշտանութեան ու ազատագրումի պայքարին ծնունդը եղաւ Հայոց Բանակը եւ, իբրեւ այդպիսին, կը շարունակէ յոյսն ու ապաւէնը մնալ թուրքեւատրպէյճանական սպառնական վտանգը տակաւին դիմագրաւող հայ ժողովուրդին՝ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Արցախի իրողական ազատագրութեան եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումին համար իրենց արիւնն ու գերագոյնը նուիրաբերած մեր հերոսներուն եւ, մանաւա՛նդ, անոնց ծնունդ տուած անընկճելի մեր ժողովուրդին պարտական ենք աչքի լոյսի պէս պահպանումը, բարեկարգումը եւ հզօրացումը այնքան դժուարին երկունքով կեանք առած Հայկական Բանակին։
Ի վերջոյ, Հայկական Բանակին Օրը կու գայ շեշտելու Հայաստանի ու հայութեան ազգային ու պետական անվտանգութիւնը երաշխաւորող անփոխարինելի ողնաշարին շուրջ ազգովին՝ իբրեւ հասարակութիւն, քաղաքական ուժեր եւ մտաւորականութիւն համախմբուելու հրամայականը։
Ն.