Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք» երիտասարդական շարժումը


Յունուար 21ին, Փարիզահայութեան հետ հանդիպման մը ընթացքին, Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք»երիտասարդական շարժման հիմնադիր Սայեաթ Թէքիր լայնօրէն անդրադարձած է շարժման պատմականին եւ գործունէութեան։ Սայեաթ Թէքիր բացատրած է թէ ինչո՛ւ ընտրած են «Նոր Զարթօնք» անունը: Ատիկա կը հետապնդէր 1830-1915 ժամանակահատուածին ապրուած «Զարթօնք»ի շրջանին շարունակութիւնը հանդիսանալու նպատակը: Այնուհետեւ, 2005-2006ին «Նոր Զարթօնք» սկսած է հետզհետէ մարմին առնել՝ ժողովներու, դասախօսութիւններու կազմակերպութեամբ, հուսկ 2007ին՝ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք պաշտօնապէս որպէս երիտասարդական շարժում լոյս աշխարհ եկած է, թէկուզ միայն երեք հոգիով: Այդ թուականէն ի վեր ամէն տարի կը մասնակցին Հ. Տինքի ոգեկոչման երթին: 2009ին  հիմնած են նաեւ «Նոր» ձայնասփիւռը, որ հաղորդումներ կը կատարէ 15 լեզուներով: 

Թեքիր ընդգծած է, թէ իրենք ոչ թէ միայն Հայ Դատը կը հետապնդեն, այլեւ կողքին են այն բոլոր փոքրամասնութիւններուն, որոնք ճնշումներու ենթակայ են: Թեքիր աւելցուցած է նաեւ որ «Նոր Զարթօնք» ցոյց կազմակերպած է Խոճալուի շինծու ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ, իսկ Տիգրանակերտի մէջ ալ բողոքի ցոյց մը կազմակերպած է Սեւակ Պալըքճըի դատավարութեան առթիւ: Նաեւ հետաքննութիւն կատարած են Պոլսոյ մէջ սպաննուած տարեց Մարիձա Քիւչիւքի ոճիրին կապակցութեամբ եւ ապացուցած, որ ոստիկանութեան կատարած հետաքննութիւնը խեղկատակութիւն մըն է: 

Ապա հասնելով իրենց գլխաւոր նախաձեռնութիւններէն Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի «Կէզի» հանրապարտէզի երկարատեւ ցոյցերուն, բացատրած է թէ ինչու «Նոր Զարթօնք»ը մասնակցած է այդ ցոյցերուն: Որովհետեւ այդ ցոյցերուն տեղի տուած բողոքները փարատելու համար, Էրտողան որ վարչապետ էր այդ շրջանին, ցուցարարներուն ըսած էր՝ «չէք ճանչնար ձեր պատմութիւնը. կ՚ուզենք վերականգնել անցեալի հրապարակը»: Այս յայտարարութեան դէմ է, որ «Նոր Զարթօնք» շարժման պիտի անցնէր, յիշեցնելով որ եթէ պիտի խօսուի Թաքսիմի անցեալին մասին նախ եւ առաջ պէտք է խօսուի Հայութեան, անոր հոն գտնուած կալուածներուն, խնդրոյ առարկայ «Կէզի» հանրապարտէզին մեծ մասին վրայ տարածուած՝ երբեմնի Ս. Յակոբ հայկական գերեզմանատան մասին: 

Ս. Թէքիր անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ Հայերու ապրած վախին եւ յայտնած, թէ իրենք կը փորձեն ցոյց տալ իւրաքանչիւր Հայու, թէ առանձին չէ եւ թէ «Նոր Զարթօնք» կը գտնուի իր կողքին: 

Ան յայտնած է, թէ «Նոր Զարթօնք» ստեղծած է Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութիւն մըն ալ, որու գլխաւոր առաքելութիւնն է աւանդել հայերէն լեզուն: Այդ դասընթացքներուն շնորհիւ արդէն աւելի քան 200 հոգի հայերէն սորված է: Կը հրատարակեն թրքերէն գիրքեր ալ, թուրք հանրութիւնը իրազեկ դարձնելու համար իրենց պաշտպանած գաղափարներուն շուրջ: 

Թէքիր բաւական երկար կերպով անդրադարձած է Թուզլայի «Քամփ Արմէն»ի պահպանութեան համար իրենց կատարած 175-օրեայ դիմադրական շարժումին մասին: Պատմած է, թէ ճամբարը կառուցուած է 1963ին Հայ Աւետարանական հիմնադրամին կողմէ եւ 1980ին Պետութիւնը զայն գրաւած ու վաճառած է գնորդի մը, առանց դոյզն հատուցում կամ գումար վճարելու վերոնշեալ հիմնադրամին: Եւ երբ անցեալ տարի անոր քանդումի վտանգը յայտնուած է, իրենք ստիպուած եղած են բանակցիլ արդէն 7րդ գնորդի մը հետ (ճամբարը՝ 1980ի վաճառքէն ետք 6 անգամ տէր փոխած է): Դժբախտաբար քիչ մը ուշ հասած ըլլալով, ճամբարին մէկ երրորդը արդէն քանդուած վիճակի մէջ գտած են: Անմիջապէս կազմած են մարդկային շղթայ մը հողաբարձ մեքենաներու առջեւ, արգելք հանդիսանալով ամբողջական քանդումին: Ան Պատմած է ճամբարին ի նպաստ՝ Պոլսոյ մեծ երկու ցոյցերուն, ինչպէս նաեւ Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ տեղի ունեցած զօրակցութեան ցոյցերուն, ազգայնամոլ խմբակներու կողմէ՝ իրենց ենթարկուած զոյգ յարձակումներուն եւ Թուզլայի բնակչութեան սիրալիր ընդունելութեան մասին, եւլն.: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.