103-ամեայ Մուսալեռցի վերապրող Յովհաննէս Պալապանեան


 

(Լուսանկարը՝ Իննա Մխիթարեանի)

Էջմիածին քաղաքին մէջ բնակող 103-ամեայ մուսալեռցի Յովհաննէս Պալապանեանը, նոյնիսկ յառաջացած տարիքին, երիտասարդական աւիւնով, կարծես՝ անսպառ եռանդով ու մեծ ոգեւորութեամբ կը պատմէ իր ծննդավայրին, ծնողներուն մասին: Զիս շատ կը յուզեն՝ մանուկի նման երկու ափերով արցունքոտ աչքերը տրորող այդ մեծ մարդու ապրումները, երբ կը պատմէ հայոց ողբերգական անցեալի եւ քաջ մուսալեռցիներու պատմութիւնը: «Ինծի համար անցեալ չկայ, միշտ ներկայ է ինծի համար», տխրամած կ’ըսէ կորովի հայը եւ աննկարագրելի ճարտարախօսութեամբ, զարմանալի յիշողութեամբ կը պատասխանէ հարցումերուս:

 

Ես Յովհաննէս Մովսէսի Պալապանեանն եմ, ծնած եմ Մուսա լերան Պիթիաս գիւղը: Հինգ եղբայր էինք եւ մէկ քոյր, բոլորս ալ այնտեղ ծնած ենք: Մենք բնիկ մուսալեռցիներ ենք, մեր պապերու պապերն ալ Մուսալեռ ծնած են: Մեր Պալապան պապը մեծ ժայռ մը շրջած է դէպի ձորը եւ այդ քարի տեղի հողերը օգտագործած է, որ արտերը շատնան: Այդ օրէն անոր ըսած են. «Ծօ՛, դուն պալապան չե՞ս…», եւ մենք Պալապանեան կոչուած ենք:

-Յովհաննէ՛ս պապիկ, մուսալեռցիները ինչպէ՞ս դիմադրեցին թուրքերուն:

-Պատմե՛մ: Նախքան մեր ժողովրդը տեղահան ընելը, արդէն կը խօսուէր, որ թուրքերը հայերը իրենց տուներէն, գիւղերէն պիտի հանեն: Թրքական բանակի մէջ արդէն կը հալածէին ու կը խոշտանգէին հայ տղաները: Մեր տղաները, որ բանակէն փախած էին, լուր կը տարածեն, որ իրենց փախուստի ճանապարհներուն հալածուող, խոշտանգուող ուրիշ հայերու ալ հանդիպած են: Եւ կ’ըսեն՝ մենք չպիտի խոշտանգուինք, մենք չենք ենթարկուիր, պէտք է դիմադրենք ու պայքարինք՝ ինչքան որ ուժ ունենանք. կա՛մ մահ, կա՛մ՝ ազատութիւն: Մուսա լերան բոլոր գիւղերու մտաւորականները կը հաւաքուին, ժողով կ’ընեն եւ կ’որոշեն բարձրանալ սար: Մեծ ու փոքր, ահել-ջահել կը բարձրանան սար: Մեր գիւղէն դէպի սար ճանապարհ չկար: Մեր գիւղէն միայն երկու ձորակ կային, այդ ձորակներէն մարդիկ բարձրացած են` սարի ծովափնեայ կողմը եւ ընտանիքները տեղաւորած այնտեղ, ուր հսկայ ժայռեր կային, տակն ալ՝ քարանձաւներ: Քարանձաւներու մէջ ժամանակաւոր կացարաններ դասաւորած են, հաց թխած, ճաշ եփած, տղամարդիկ ալ կռուած են ու դիմադրած թուրքերուն: Կռուողներու շարքին եղած է նաեւ հայրս՝ Մովսէս Կարապետի Պալապանեանը: Երբ թուրքերը զօրք կը բերեն Մուսա լեռ, ժողովուրդին մէկ մասը կը բարձրանայ սար, միւս մասը, որ չի կրնար բարձրանալ, կը տանին, աքսորելու: Օր մը զիրենք կը պահեն Անտիոքի մէջ, յաջորդ օրը կը քշեն Սուրիոյ անապատները: Մերինները կու տան Թուրքերու այն զօրապետին, հարիւրապետին, որ զինուորական ակադեմիան աւարտած էր Գերմանիոյ մէջ, եւ անոր կը յանձնարարեն, որ Մուսա լերան ժողովուրդը ինք աքսորէ: Անոր հայրը Եղիա պապիկիս հետ նիստուկաց ունեցած է, պապիկս լաւ պարտէզներ ունէր, տեսակ-տեսակ պտուղներ, զորս կը տանէր քաղաք վաճառելու: 1907-ին կամ 1909-ին այս մարդը պապիկիս կ’ըսէ. «Այս ի՜նչ  լաւ պտուղներ ունիս…», ու կը հարցնէ, թէ ո՛ր գիւղէն է: Պապիկս կ’ըսէ, որ Պիթիասէն է, ան ալ կ’ըսէ. «Տայի՛ (քեռի), ես օր մը ձեր գիւղը պիտի գամ»: Պապիկս զինք սիրով կը հրաւիրէ: Այդ մարդը կու գայ պապիկիս տունը, մի քանի օր կը մնայ, կը վայելէ քաղցրահամ պտուղները, սառնորակ աղբիւրներու ջուրը, ծովը… Յետոյ կ’ըսէ, որ նորէն պիտի գայ ու կինն ալ հետը բերէ: Կու գան, 10-15 օր կը հանգստանան պապիկիս օճախին մէջ: Այս մարդը Անտիոքի մէջ ազգային ժողովի անդամ կ’ըլլայ, իսկ տղան ալ Գերմանիոյ մէջ կ’ուսանի: Տղան կ’աւարտէ, կու գայ տուն, հայրը տղուն կը հարցնէ, թէ զինք ի՛նչ գործի նշանակած են: Տղան կ’ըսէ, որ իրեն յանձնարարած են Մուսատաղի ժողովուրդի աքսորը: Հայրը անոր կու տայ Եղիա պապիկիս հասցէն եւ կ’ըսէ, որ ինքն ու կինը օրերով հանգստացած են պապիկիս տան մէջ, կերած ու խմած են: Կ’ապսպրէ իր տղուն, որ պապիկիս ընտանիքն ու Մուսա լերան այդ գիւղի բնակիչներուն վնաս չտան: Երեք օր ու գիշեր ժողովուրդը կը տանին մինչեւ Համա քաղաք: Տղան կ’ըսէ, որ անկէ աւելի լաւութիւն ա՛լ չի կրնար ընել հայերուն, մարդիկ կը մնան այնտեղ:

Հիմա նորէն գամ Մուսա լերան պայքարին: Թուրքերը որքան սար կը բարձրանային, այնքան կը կոտորուէին ու կը նահանջէին: Հայերը զէնքով կը կռուէին, քարեր ու ժայռի կտորներ կը գլորէին թուրքերուն վրայ: Թուրք հրամանատարը կ’ըսէ. «Փախէ՛ք, մենք կը կրակենք՝ կիւլլէն քարին կը դպչի, իրենք  կը կրակեն՝ մեր մարմնին կը դպչի»: 40 օր ու գիշեր մերինները դիմացան, այդ 40 օրուան մէջ Մուսա լերան սարը ծածկուած եղած է մառախուղով: Ընդհանրապէս գարնան՝ շաբաթը 4 օր, մինչեւ Օգոստոսի կէսերը սարը միշտ մառախուղի մէջ կ’ըլլար: Այդ 40 օրերուն մառախուղն ալ կ’օգնէ մերիններուն: Կը մօտենան Սուրբ Խաչի օրերը, եղանակը կը բացուի, մշուշը կը ցրուի, մերինները անգլերէն տառերով ճերմակ կտորներու վրայ կը գրեն. «Հայերը վտանգի մէջ են», եւ գրածը բարձր կը պահեն սարի բարձունքին: Այդ օրերուն, կարծես հրաշքով, երեւի Աստուած ուղարկած էր, ծովուն մէջ նաւ մը կը յայտնուի, ժողովուրդը կ’աղաղակէ՝ ըսելով, որ Աստուած կ’երեւի լսեց իրենց աղերսանքը: Այդ նաւուն մէջ Տիգրան Թէքէեան անունով հայ երիտասարդ  մը նաւաստի եղած է, ինք ըսած է, որ նաւը քշեն դէպի մեր կողմը, այնտեղ հայեր կրնան ըլլալ: Հեռադիտակով կը նային ու կը տեսնեն գրուածը՝ հայերը վտանգի մէջ են (Յովհաննէս պապիկը պատմած ժամանակ կ’արտասուէ): Նաւը խարիսխ կը նետէ, երկու փոքր նաւակ կ’իջեցնէ, որ ժողովուրդին օգնեն: Մուսալեռցիներուն մէկ մասը կը կռուի թուրքին դէմ, որ միւսները նաւ նստին: Արդէն վերջին օրերն էին, զինամթերքն ու ուտելիքը գրեթէ սպառած էր: Առաջին հերթին նաւ կը նստեցնեն տարեցները, կիներն ու երեխաները: Նաւապետը հեռագիր կ’ուղարկէ, թէ այնտեղ 4000 մարդ կայ, որ օգնութեան հասնին: 4 նաւ եւս կու գայ եւ ժողովուրդը կը տանի: Ապրի՛ այդ նաւապետը իր նաւաստիներով. եթէ իրենք չըլլային, մենք ողջ չէինք մնար: Մեր տղաները զէնք չունէին արդէն, ֆրանսացիները տղաներուն զէնք կու տան, որ կարենան թիկունքը պահել: Վերջն ալ այդ զէնքերով ուրախութեան կրակոցներ կ’արձակեն: Մէկ օր կը տեւէ նաւերը բեռնելը, եւ նաւերու քարաւանը կը հասնի Պոր Սաիտ:

Հիմա գանք Համա հասած մեր աքսորեալներուն: Մերինները շերամապահութեամբ  զբաղած են: Մօրական ու հօրական պապերս ջուլհակագործ եղած են եւ պատուէրով մետաքսէ հագուստներ պատրաստած են, վաճառած ու անով ալ ապրած: Մերինները երկու բազմանդամ ընտանիքներով Համայի տանտիրոջը կ’ըսեն, որ եթէ հումքը ունենան, կ’աշխատին: Այդպէս 4 տարի կ’ապրին: 4 տարի անց կ’ըսեն, որ հայերը կրնան վերադառնալ իրենց տուները, արդէն խաղաղ է: Երկու պապերս երկու սայլ կը վարձեն, կը հասնին Անտիոք, մէկ գիշեր այնտեղ կը մնան, յաջորդ օրը դաշտերու մէջէն կը հասնին մեր գիւղերը: Աքսորուած բոլոր մուսալեռցիները կը հասնին իրենց տուները: Բարեգործական միութիւնները կը սկսին օգնել մարդոց լուբիայի, գետնախնձորի եւ այլ բանջարեղէններու սերմերով: Մեր պարտէզները մեր աղբիւրներու ջուրով կը ջրէինք… Ա՜խ, ինչ ջուր էր, ըլլար,  գաւաթ մը խմէի: Գիշերները կը մտածեմ, թէ ես ո՜ւր ծնած եմ, ո՜ւր հասած եմ…

Հիմա գանք կամաւորներուն, որոնք Նապլուսի 4 տարուան ճակատը բացին: Մայիսի սկիզբն էր, այդ օրերուն մեր հայկական կամաւոր բանակները կը լեցուին այն դիրքերը, ուր անգլիացիներ էին, ֆրանսացիներ: 10-15 օր կը մնան, արաբները կը վախնային, չէին կրնար բերքը հաւաքել. մեր տղաները կը լեցուին այգիները, բերքը 15 օրուան մէջ կը հաւաքեն, արաբներն ալ կը միանան մերիններուն: Կու գայ Սեպտեմբեր 17-ի գիշերը. բանակին կը յայտնեն, որ մենք Արարատ բլուրի վրայէն պիտի յարձակինք: Առաւօտեան ժամը 6-ին ծովէն, ինքնաթիռներէն զօրաւոր պայթիւններ կը լսուին եւ անակնկալի կը բերեն թշնամին: Այդ բլուրի ետեւն ալ թունելներ էին՝ լեցուած զէնք-զինամթերքով: Այս ինչ որ կը պատմեմ, հօրս պատմածներն են: Ամբողջ հրամանատարական կազմն ալ թունելներէն կը հանեն եւ մերկանդամ, բոպիկ զիրենք կը հասցնեն անգլիական, ֆրանսական զօրակայաններ: Եւ այդպէս պատերազմը կ’աւարտի, մեր տղաները 8 զոհ կու տան, որոնցմէ միայն մէկը  մուսալեռցի էր: Զիրենք կը տանին Պէյրութ, կը քշեն Կիլիկիա, կը տանին Տերսիմ եւ մաս-մաս կը բաժնեն գիւղերու մէջ՝ մինչեւ մէկ տարի ժամկէտով: Բանակի մէջ ծառայողները ստորագրութիւն կու տային, բայց քանի որ պատերազմ չկար, իրենք ալ 4 տարի ընտանիքները չէին տեսած, կը բողոքեն, որ եթէ մինչեւ Մայիս 1 իրենց ազատման հրաման չտան, իրենք  կամովի պիտի հեռանան բանակէն: Բողոքին պատասխանը դրական կ’ըլլայ, եւ անոնք Մայիս 1-էն կ’երթան իրենց տուները:

 

-Պարո՛ն Պալապանեան, ընդհատեմ Ձեր շատ հետաքրքրական եւ արդէն աւարտուող պատմութիւնը. ե՞րբ եկաք Հայաստան:

-Մենք մեծցանք, տուն-տեղ ըրինք եւ 20 տարի ապրեցանք Մուսա լեռ՝ մինչեւ 1939 թուականը: Անձնագիր չունէինք, եւ այդ տարածքն ալ թրքական կը համարուէր, Սանճաք կ’ըսէին: 1939-ին լուր տարածուեցաւ, որ Մուսալեռցիները պիտի գաղթեն: Վարդավառի օրերն էին, մէկ շաբթուան մէջ Մուսա լեռը դատարկուեցաւ, մնաց 40 ընտանիք: Մենք վախցանք եւ լքեցինք գիւղը: Այնքա՜ն գեղեցիկ էր մեր գիւղը՝ ամենազարգացածն էր, Հալէպէն ամառները կու գային  օդափոխութեան: 1938 թ. Մայիս 1-ին թուրքի հազարներով զօրքը մտաւ Անտիոք, ուր կային շատ հին զօրանոցներ, զորս զբաղեցուցած էին ֆրանսական զօրքերը: Ֆրանսացիները զօրանոցներէն ելան՝ վերջին մուսալեռցին Սանճաքի նահանգէն ապահով հանելէն ետք: Երկու ամիս մնացինք ճանապարհները, մեզի տարին Լիբանան: Երբ Մուսալեռէն ելանք, թուրքի սահմանը անցանք, մտանք Սուրիոյ սահմանը, Հիթլերը յարձակեցաւ Ֆրանսայի վրայ: Տը Կոլի զօրքը մնաց Սուրիա, չէզոք մնաց, կռուին չմասնակցեցաւ: Հասանք Լիբանան, Կիպրոսէն մինչեւ այդ անկիւնը մեծ կղզի էր, վեց անգամ նաւը գնաց-եկաւ, մեր իրերը տարաւ, յետոյ ալ մենք գացինք: Մենք ալ գիւղ-գիւղ գացինք, հասանք Թրիբոլի: Նաւէն իջանք, նստանք վակոնները, հասանք քաղաք, ուր զօրանոցներ էին: Վրաններ լարեցին ժողովուրդին համար եւ ըսին, որ պէտք է խումբ-խումբ աշխատինք եւ մեզի համար տուներ կառուցենք: Սկսաւ շինարարութիւնը, մէկ տարուան մէջ ամէն ընտանիքի մէկ սենեակ, պէտքարան եւ հողամաս տուին: Ցորեն ցանեցինք, այդ ցորենը հնձեցին, բաժնեցին ժողովուրդին: 1946 թուականին եկանք Հայաստան: 1945-ին Հայաստանէն եկած էին եւ արձանագրած, թէ ո՛վ կ’ուզէ Հայաստան երթալ: «Ռոսիա» նաւով իջանք Պաթում, յետոյ հասանք Հայաստան՝ Էջմիածին: Աշխարհով մէկ շրջեցանք, դրախտավայր Մուսա լեռը ձգեցինք, եկանք Հայաստան: Ես արդէն 30-ը անց էի, Հայաստանի մէջ ալ ամուսնացայ, 5 երեխայ ունեցայ, որոնցմէ երկուքը մահացած են: Հինգ եղբայրներէս մէկը Այնճար կ’ապրի: Հիմա շատ մուսալեռցի չէ մնացած. մնացած են միայն յիշողութիւնները եւ Մուսա լերան օրը, որ ամէն տարի կը նշենք՝ մեր հանգանակութիւններով: Շատ կ’ուզէի մէկ անգամ Պիթիաս երթալ: Միայն մէկ անգամ Այնճար գացած եմ: Մեր տղաներէն մէկը գացած էր Պիթիաս, նկարած էր մեր մանկութեան գետակները, լիճերը, նկարները տեսայ, յուզուեցայ:

 

-Ինչպիսի՞ն է մուսալեռցին, պարո՛ն Պալապանեան:

-Մուսալեռցին վախ չունի.

Կամաւոր հայ զինուոր ենք,

Պատերազմի կը վազենք՝

Վրէժի մէջ մկտրուած:

Կեցցե՛ն քաջ Անդրանիկ եւ ընկերներ,

Կեցցե՛ն հայ կամաւորներ,

Մի՛շտ կեցցեն, միշտ կեցցէ՜ն հերոսներ…

Պիտի երթանք Հայաստան,

Պարզենք դրօշ հայկական,

Պիտի երգենք պանծալի,

Թող թշնամին սարսափի:

(Այս վերջին տողերը կ’երգէ զարմանալի արհեստավարժութեամբ):

-Պապի՛կ, քանի՞ թոռնիկ ու ծոռ ունիք:

-7 թոռնիկ ու 9 ծոռ ունիմ. 60 տարի ապրած եմ կնոջս՝ Կարինէին հետ, որ ինծի համար ամենասիրունն էր աշխարհի մէջ: Գոհ ու շնորհակալ եմ զաւակներէս, փեսաներէս: Բոլորն ալ լաւ են:

 

-Մուսա լերան բարբառով մաղթանք մը կ’ըսէ՞ք…

-Մընք կ’ուզընք միր իհալին աղուիր ումըր ապրա, աղուիր ումըր ունունու, աղուիր բանա…  (մենք կ’ուզենք մեր ժողովուրդը լաւ կեանք ապրի, լաւ կեանք ունենայ, լաւ աշխատի)

 

 -Բան մըն ալ թրքերէն ըսէք…

Էլէք, գացէք մեր հողէն, յալլա՛յ… պու պիզիմ էվլերիմիզտիր, կիտին պուրտան… (ասոնք մեր տուներն են, գացէ՛ք այստեղէն): Աղջի՛կ ջան, թուրքերու ճանապարհը մեր գիւղի միջէն էր, չորս գիւղի ճանապարհը մեր քովէն կ’անցնէր: Շատ անգամ իրենք Անտիոք կ’երթային, ու վերադարձին շատ ուշ կ’ըլլար, գիշերները կը մնային մեր գիւղը, մեր տուներուն մէջ: Աքսորի տարիներուն շատ թուրքեր ուզեցին մեզի աջակցիլ, բայց զիրենք վախցուցին, ըսելով որ բոլորը սուրի կը քաշեն, եթէ հայերը պաշտպանեն: Հիմա կ’ըսեն, որ մեր հողերը պիտի տան… Է՜… չե՛ն տար, չեմ հաւատար: Օպաման ըսաւ, որ եթէ թուրքերը ընդունին Եղեռնը, ես ալ կ’ընդունիմ: Բայց թուրքերը կ’ըսեն, որ ոչ մէկ Եղեռն ալ չէ եղած…

 Ահա հայու մը կեանքի պատմութիւնը, որ ողջ ժողովուրդի, կորսուած դրախտավայր երկրի մը տարեգրութիւնն է:

 Կարինէ  Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց Նայիրի Մկրտիչեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.