Պատմական Հայկական Եկեղեցին Վերածուած է Աղբանոցի

Պաթմանի Ենիփընար գիւղին մէջ գտնուող 11-րդ դարու հայկական եկեղեցին վերածուած է աղբանոցի: Հասանքէյֆի հնագիտական պեղումներու պատասխանատու Պաթմանի համալսարանի տօնրէն` Տոքթ․ Փրոֆ. Ապտուսսելամ Ուլուչամը կ՛սէ. «Կապ չունի, թէ որ կրօնին կը պատկանին մեզի ժառանգութիւն մնացած կառոյցները. անոնք պէտք է մեր աչքի լոյսի պէս պահենք»: Այս մասին կը հաղորդէ “Ակունք”-ը՝ վկայակոչելով “Ակօս”-ը։

Պաթմանի Պեշիրի գաւառին ենթակայ Ենիփընար գիւղին մէջ գտնուող 11-րդ դարու հայկական եկեղեցին կ՛օգտագործուի որպէս աղբանոց: Կը տեսնենք, որ եկեղեցին կանգուն պահող սիւներն ու որոշ փորագրուած քարեր գիւղացիները կ՛օգտագործեն  ախոռներու շինարարութեան մէջ:

Ուլուչամ կը տեղեկացնէ, որ շրջանին մէջ 11-րդ ու 14-րդ դարերուն պատկանող եկեղեցիներ ու վանքեր կան, որոնք պատմական ժառանգութիւն են, ապա կ՛աւելցնէ. «Մենք պարտաւոր ենք պահպանել անցեալէն մեզի ժառանգութիւն մնացած մշակութային արժէքները: Նաեւ մեր նահանգապետարանի աջակցութեամբ իրականացուող գիտահետազօտական նախագիծի ծիրէն ներս Պաթմանի շրջանին մէջ գտնուող բոլոր պատմական կառոյցները պիտի ուսումնասիրուին: Կապ չունի, թէ այդ կոթողները որ կրօնէն մեզի ժառանգութիւն մնացած են. անոնք պէտք է մեր աչքի լոյսի պէս պահենք: Մեր երկու տարբեր խումբերուն մէջ ընդհանուր 8 գիտնական կայ: Երկու տարուան մէջ Պաթմանի շրջանին մէջ գտնուող բոլոր կոթողները պիտի փաստագրուին: Այդ կոթողները պիտի նորոգուին ու տեսարժան վայրեր պիտի դառնան»:

8 սիւներէն 4-ը քանդուած են

Գիւղի բնակիչներէն Ալի Ուչար կ՛ըսէ, որ ահաւոր վատ կը զգայ, երբ կը տեսնէ, որ հին կոթողներու սիւներն ու քարերը կ՛օգտագործուին ախոռներու ու տուներու շինարարութեան մէջ:  Ան կը տեղեկացնէ, որ եկեղեցիին պատկանող փորագրուած քարէ սիւները շարուած են գոմի, ջրատարներու ու թոնիրներու կողքերուն, ապա կ՛աւելցնէ․ «Եկեղեցւոյ մէջտեղի 8 սիւներէն 4-ը քանդուած են: Մեր բոլորիս ամօթն է, որ գիւղի գագաթին գտնուող այս պատմական կառոյցը նման վիճակի մէջ է: Կարեւոր կառուցները որպէս անասնագոմ օգտագործելը ցոյց կու տայ, թէ մենք որքան կ՛արժեւորենք պատմութիւնը»:

Թարգմանեց Անի Մելքոնեանը

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.