Զուլալ երրեակի հոգեպարար համերգները
«Այս երգերը ձեզի կը պատկանին»
Թամար Տօնապետեան Գուզուեան
Հոկտեմբեր 3-4 շաբաթավերջին, Համազգայինի Սանահին եւ Գլաձոր մասնաճիւղերու վարչութիւնները հազուադէպ առիթ ընծայեցին Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի գաղութներուն, պահ մը վերադառնալու իրենց ակունքներուն ու վայելելու այն ինչ որ հարազատ է, մերն է, կը հոսի Մոկաց գաւառէն ու Ջաւախքէն, Վանէն ու Բալուէն, Մուշէն ու Սասունէն դէպ ի մեր սրտերը, իւրաքանչիւրիս հոգիին մէջ արթնցնելով իր հին պապը։ Զուլալ երրեակը տարիներ անց, դարձեալ հանդէս եկաւ Մոնթրէալի, ապա՝ Թորոնթոյի մէջ հանդիսանալով հանդիսատեսի յոյժ գնահատանքին։
Բեմը զուրկ է պսպղուն յարդարանքներէ, նուագարաններէ ու գործիքներէ, ականջ խլացնող ճիչերէ ու հարուածներէ։ Չկան շքեղ զգեստներ ու շպարներ. կան երեք տաղանդաւոր արուեստագէտներ՝ Երազ, Թենի եւ Անայիս, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ անհատականութեամբ. կայ իր պարզութեան մէջ բարձր՝ հայ գաւառական երգը։
Հպանցիկ ակնարկ մը յայտագրին՝ ու արդէն հոգիները կը ջերմանան։ «Ախ նինար» ժողովրդական երգը մեզ կը տանի Սասուն գաւառ հին Հայաստան, այդ օրերուն երբ երգերը կը հիւսուէին թոնիրին շուրջ հաւաքուած հարազատներու կողմէ։ Կը լսենք Սասնոյ բարբառը «Երկնքուց ամպեր կ՚ուզիմ, Ամպերուց անձրև կ՚ուզիմ, Որ մըր ուզած տայ մըզի, Անձրև իջնի վըր ձըզի:» ու հակիրճ բացատրական մը երգին մասին, անգլերէնով։ Թէ ինչո՞ւ անգլերէնով. որովհետեւ, կը բացատրէ Երազ Մարգարեան, տրուած ըլլալով որ Զուլալը հանդէս կու գայ հայ եւ օտար հասարակութեան առջեւ, կարեւոր է որ օտարներն ալ ծանօթանան մեր երգերուն, մեր մշակոյթին։ Եւ այսպէս, իւրաքանչիւր երգի մեկնաբանութենէն առաջ կը տրուի համապատասխան բացատրականը։
«Ախ նինար»ին կը յաջորդէ Կոմիտասի «Ցոլակ ջան»ը. Իրարու ամբողջացնող ձայներու ներդաշնակութիւնը գեղեցիկ համանուագ մը կը ստեղծէ։ Մերթ ընդ մերթ հանց նուագարաններու՝ ձայներու դրսեւորումը, տպաւորութիւնը կու տայ թէ գործիքներու շարք մը հաւանաբար պահուըտած ըլլայ վարագոյրներու ետին…. ։ «Լաչին ու Մանան» Բասէն գաւառէն ժողովրդային երգի կատարումէն ետք «Եանա եանա»ն մեզ կը փոխադրէ հայ մշակոյթի երբեմնի բեղուն շրջաններէն՝ Ջաւախք, ուրկէ կը սաւառնինք դէպի Վան, համբարձման տօնին մաս կազմելու։ «Վիճակ» երգը խանդավառ մթնոլորտ մը կը ստեղծէ ու անգամ մը եւս յիշեցնել կու տայ, թէ ինչպիսին էին հայկական սովորութիւնները մեր պապենական հողերուն վրայ։
Աշուղական երգարուեստը լրիւ տարբեր աշխարհ է, ուր իր անհերքելի դրոշմը դրած է մեծատաղանդ աշուղ Հաւասի։ Կը լսենք «Զեփիւռ բարեւ տար»ը… գարնան արեւ տար իմ եարին…։ Ի հարկէ, իւրաքանչիւր մեկնաբան կը դնէ իր շեշտը երգին վրայ, սակայն Զուլալի պարագային, զգալի է բծախնդրութիւնն ու որակը բնագիրի հարազատութիւնը պահելու ու հայ երգին ոճը զուլալ պահելու ճիգին մէջ։ Գալով «Մոկաց հարսներ»ուն, լաւ անակնկալ է հանդիսատեսին համար լսել երգին երկու տարբերակները. բունը եւ ապա՝ յետոյ մշակուած եւ ընդհանրացած տարբերակը։ Սա ապացոյցներէն մէկն է Զուլալ երրեակի ուսումնասիրական գործին, ուր իբր արդիւնք կը յայտնաբերուին անցեալին մէջ կորած երգեր ու մեղեդիներ։
Դարձեալ Վան ենք. կը հնչէ ծանօթ «Նինօ»ն, հանդիսատեսը կ՚ընկերանայ մերթ ծափով ու մերթ երգով ու կը հասնինք առաջին բաժնի աւարտին՝ «Մեր տան» երգի մեկնաբանութեամբ։
«Զինչ ու զինչ»ը Կարա Մուրզայի ստեղծագործութիւններէն է. բացատրականները կ՚օգնեն երգը առաւել եւս իմաստաւորելու, տրուած ըլլալով որ գաւառական երգերուն մէջ կը գերիշխէ զանազան բարբառներու գործածութիւնը։ Կը յաջորդէ Կոմիտասի «Շողեր ջան»ը, այնքա՜ն հոգեպարար ու հարազատ։ Իսկ ի՞նչ պիտի ընէր Թալինի մէջ նոր բոյն կազմած Սասունցին, եթէ ոչ աչքը յառած իր պապենական հողերուն չկրկնէր իր զաւկին .- «Քելէ լաօ, քելէ էրթանք մըր էրկիր», ուր մինչ օրս կը սպասեն հերն ու մերը, հողերը որ «առանց մըզի արցունք կը թափին….»։ Տարօն աշխարհէն սերած Արմէն Մովսիսեանի ստեղծագործութիւններէն, կը լսենք խորիմաստ «Մանչս» երգը.- «… աբօ, քամին ո՞ւր կ՚երթայ…»։ «Լիլի» ժողովրդային երգը կու գայ Սեւանէն, որուն կը յաջորդէ «Քամին եանա» աշխոյժ երգը, զորս հաճոյքով կ՚ունկնդրէ հանդիսատեսը։
Նուագարաններու ձայները, ընդհանուր բեմականացումը որ Զուլալ երրեակը իր ճարտարութեամբ այնքան բնական ձեւով կը դրսեւորէ, մեզ կը փոխադրէ Մշոյ շուկայի եռուզեռին մէջ։ «Գացեր իմ շուկէն»…։ Փակագիծ մը բանալով նշենք, որ այս երգերուն հարստութեան մէկ կարեւոր մասը բարբառներու գործածութիւնն է։ «Գացեր իմ շուկէն, առեր իմ ասեղ, զէն տղէն կ՚առնիմ անունն է Բարսեղ… Բարսեղ ջան, կտակ չունենաս, թէ դուն զիս չառնիս, անկնիկ մնաս…»։ Պարզ ու միամիտ, վառվռուն այս երգերը կ՚արտացոլացնեն երբեմնի կայտառ ու ուրախ կեանքը մեր հողերուն վրայ։ Կ՚անցնինք Բալու. կը հնչէ նշանաւոր «Թամզարա»ն, բազմապատկելով հանդիսատեսին խանդավառութիւնը որ իր գագաթնակէտին կը հասնի Սասնոյ «Հա նինա»ով։ Սրահը ոտքի է, ծափերը կը շարունակուին, չենք յագեցած։
Ծաղկեփունջերու եւ շնորհակալական խօսքերու փոխանցումէն ետք – Մոնթրէալի մէջ՝ Սանահին մասնաճիւղի ատենապետ՝ Թամար Շահինեանի կողմէ իսկ Թորոնթոյի մէջ՝ Գլաձոր մասնաճիւղի ատենապետ՝ Մեղեդի Էթիեմեզեանի կողմէ, Զուլալը դարձեալ բեմի վրայ է. կը հնչէ երգ մը, որ հաւանաբար մեր գեղեցկագոյն մեղեդիներէն նկատուի, «Արի իմ Սոխակ», խօսք՝ Ռ. Պատկանեանի։
Դժուար է բացատրել գոհունակութեան զգացումը։ Երբ այս օրերուն հայերէնէ զատ ամէն ինչի կը նմանին մեր նորօրեայ երգերը (բացառութիւնները գերյարգելի են ի հարկէ), Զուլալի համերգները կազդուրիչ ազդեցութիւն մը կը ձգեն մեր վրայ։
Յոյժ գնահատելի նախաձեռնութիւն մը Համազգայինի կողմէ, որուն առաքելութիւնը ի վերջոյ հայ մշակոյթի փոխանցման մէջ կը կայանայ։ Զուլալ երրեակը անգամ մը եւս զմայլեց բոլորը իր բարձրորակ համերգով, իր բազմապիսի տաղանդներու դրսեւորումով։ Իսկ հանդիսատեսը մեկնեցաւ իր պապերու ոգին գրկելով հետը։