Նաւարայի խորհրդարանը ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը
1646
0
\n
\n
Սպանիոյ Նաւարա ինքնավար մարզի խորհրդարանը Յունիս 23-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հռչակագիր ընդունած է, ուր կ՚ըսուի, որ «դէպքերը, որոնց պատճառով տուժած է հայ ժողովուրդը, իսկական ցեղասպանութիւն են»:
\n
Հռչակագիրը նաեւ կը դատապարտէ այն ժամանակուան թրքական իշխանութեանց քաղաքականութիւնը, եւ Թուրքիոյ կոչ կ՚՚ընէ «դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ եւ կարգաւորել սահմանային վէճը խաղաղ ճանապարհով»:
\n