Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ 60-ամեակի տօնակատարութիւն
2018-ին կ’ամբողջանայ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-ամեակը: 1958 թուին էր որ նախնեաց խոհեմ ու հեռատես մտքի յղացքով հիմը դրուեցաւ Ս. Յակոբին, որ տասնամեակներ շարունակ արդարացիօրէն եղաւ ու կը մնայ հաւատքի միջնաբերդ ու գոյատեւման երաշխիք շրջանի հայութեան համար:
Արդարեւ, Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին ու նաւակատիքին առիթով եւ ի յիշատակ Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին, Մարուգէի Ճգնաւորին եւ Մելիտոսի եպիսկոպոսին, Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ նախատօնակի ժամերգութիւն եւ աղի օրհնութիւն:
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԵՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը Շաբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց իր հիմնադրութեան 60-րդ տարեդարձը, որ առիթ եղաւ լուսարձակի տակ առնելու եկեղեցւոյ ծառայական վաստակը՝ յատկապէս Մոնթրէալահայութեան եւ ընդհանրապէս մեր Թեմի կեանքին մէջ։
Հանդիսութիւնը կը վայելէր Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութիւնն ու օրհնութիւնը եւ «Բաստրմաճեան» հիմնադրամի հովանաւորութիւնը։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Երեսփոխաններ, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, շրջանի գործակից միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ ծխականներ։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայեց իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ՝ տօնելու եկեղեցւոյ 60-րդ տարեդարձը, որ խորքին մէջ մարմնաւորումն է հաւաքական ջանասիրութեան մը, ապա, գնահատանքի խօսք ուղղեց հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան անդամներուն եւ բոլոր նուիրեալ ծառայողներուն, յորդորելով շարունակել նախնեաց ճանապարհն ու ծառայական ուղին։
Ան նշեց, որ յոբելենական այս հանդիսութիւնը լաւագոյն առիթն է անդրադառնալու անցեալի ձեռքբերումներուն ու յաղթական երթին, գնահատելու հիմնադիրներն ու կերտիչները եւ ուխտելու ծառայել անոնց օրինակով՝ նոյն յանձնառութեամբ, կորովով, հաւատարմութեամբ եւ հաւատքի նոյն տեսլականով։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ հաւաքական աշխատանքի հրամայականը՝ ի խնդիր ազգային, եկեղեցական, հոգեւոր ու մշակութային կեանքի վերելքին ու բարօրութեան, եւ շեշտեց նոր սերունդի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի հիմնադիրներու շունչով հասակ առնեն անոնք եւ տէրը դառնան այն ջահին, որ զոհողութիւններով ու խնամքով հասած է մեզի:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը եզրափակեց անգամ մը եւս շնորհաւորելով ու գնահատելով եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու անոնք՝ որոնք նպաստած են եկեղեցւոյ պայծառացման ու շինութեան օրհնեալ գործին։
Նշենք, որ յոբելենական այս ձեռնարկին առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Օրհնութեան Գիրերով պատուեց տիկնայք Ռոզա Պուլկարեանն ու Ալիս Մալխասեանը, իսկ տեարք Գէորգ Օհանեան, Արա Փալանճեան եւ Գէորգ Զատոյեան պարգեւատրուեցան Ազգային Առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» շքանշանով։
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Յոբելենական հանդիսութեանց ծիրին մէջ, Կիրակի 16 Դեկտեմեր 2018-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ էին Թեմիս Ազգային Վարչութեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու ծառայող մարմիններու եւ շրջանի գործակից միութեանց ներկայացուցիչները, բարերարներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը սկսաւ առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն տալով Աստուծոյ, ապա, ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ կեանքը իմաստաւորող եւ կենսաւորող նուիրեալ ծառայողներուն ու ծխական համայնքին, յորդորելով՝ նոր աւիւնով ու կենսունակութեամբ ընթանալ այն ճանապարհէն, որ հարթած են մեր նախնիները:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ կերպով ներկայացուց Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին վարքն ու հրաշագործութիւնները:
Վեր առնելով օրուան աւետարանական հատուածին մէջ առաքեալներուն կողմէ Քրիստոսի ուղղուած խմդրանքը՝ «Աւելցո’ւր մեր հաւատքը» (Ղուկաս 17։5), Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ մեր նախնիները դժուարին հանգամանքներու մէջ, Ս. Յակոբի օրինակով, հաւատքի ամուր վէմին վրայ շինեցին այս եկեղեցին եւ տոկուն հաստատութեան մը առհաւատչեան տուին մեզի, մենք ալ պարտ ենք հետեւիլ անոնց եւ մեր հաւատքը դրսեւորել գործով եւ ծառայութեամբ։
Ս. Պատարագի աւարտին, «Աւետիս Ահարոնեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւնը: