Ճատրակ. Նանօր Առնելեան Հանդիսացաւ Երկրորդ` Միջերկրականեան Խաղերուն


nanor1_9-02-15fnanor2_9-02-15f27 օգոստոսէն 3 սեպտեմբեր 2015 Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ տեղի ունեցան միջերկրականեան ճատրակի խաղերը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ ճատրակ խաղացողներու:

Այս խաղերուն կը մասնակցէր նաեւ Լիբանան` իր երկսեռ խաղացողներով:

Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Նանօր Առնելեան, որ միակ հայն ըլլալով կը ներկայացնէր լիբանանահայութիւնը:

Առնելեան իր առաջին երկու խաղերուն յաղթանակ արձանագրելէ ետք յաջորդ երկուքին պարտուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցները մեծ էին (16 տարեկան):

Իսկ ինչ կը վերաբերի 5-րդ, 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ խաղերուն, ան հաւասարութիւն արձանագրեց իրմէ բաւական մեծերու դէմ:

Վերջապէս, 9-րդ եւ վերջին մրցումին, Նանօր Առնելեան յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ երկրորդ` աղջկանց 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ:

Ան այս խաղերը աւարտեց 5 կէտով, մինչ տիտղոսին տիրացողը` 5,5 կէտով:

Նշենք, որ մրցումները կ՛ընթանային խառն ձեւով, մեծեր եւ փոքրեր միասին:

Կը շնորհաւորենք Նանօր Առնելեանը` անոր ձեռք ձգած այս կարեւոր նուաճումին առիթով, եւ անոր կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.