Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Յաղթեց Ուեսլի Սոյին
1134
0
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ սեւ քարերով ճակատեցաւ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ուեսլի Սոյի դէմ, յաղթանակ մը արձանագրեց:
28-րդ շարժումին Սօ յանձնուեցաւ, կը նշէ ArmSport.am:
4-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Արոնեան իր տրամադրութեան տակ ունի 3 կէտ:
5-րդ հանգրուանին Արոնեան ճերմակ քարերով պիտի մրցի Ալեքսանտր Կրիսչուքի (Ռուսիա) դէմ: