Հայկական Կողմը Ոչնչացուցած Է Հակառակորդի 5 Զինուոր
Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի մարզի բնակավայրերուն մէջ իրավիճակը այս պահուն համեմատաբար հանգիստ է, հայ-ատրպէյճանական սահմանին հակառակորդի կողմէ հրադադարի խախտման դէպքերը նուազած են:
Սեպտեմբեր 24-ի երեկոյեան հայկական զինուած ուժերու պատասխան գործողութիւններու արդիւնքով հնարաւոր եղած է զսպել հակառակորդի աշխուժութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին, որուն ընթացքին հայկական կողմէն կան զոհեր եւ վիրաւորներ:
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ հայկական կողմը զինուորական զոհեր եւ վիրաւորներ չունի:
Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն` հայկական զինուած ուժերը յաջողած են նաեւ ոչնչացնել հայկական Պառաւաքար համայնքի դիմաց գտնուող ատրպէյճանական յենակէտերէն մէկը, ուրմէ հակառակորդը կրակ բացած է հայկական գիւղի ուղղութեամբ: Հայկական զինուժի պատասխան գործողութիւններու արդիւնքով 5 ատրպէյճանցի զինծառայող սպաննուած է:
Յիշեցնենք, որ հակառակորդի կրակոցներէն Տաւուշի մարզի Բերդաւան համայնքին մէջ Սեպտեմբեր 24-ին զոհուած է 2 քաղաքացի, 2-ը` վիրաւորուած: Զոհուած քաղաքացիներն են`1974 թուականին ծնած Սոնա Ռեւազեանը եւ 1921-ին ծնած Շուշան Ասատրեանը: Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Տաւուշի մէկ այլ սահմանամերձ` Պառաւաքար համայնքին մէջ հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է 83-ամեայ Պայծառ Աղաջանեանը: