Թուրքիա Մտադիր Էր Սուրիոյ մէջ Թիւրքմենական Ինքնավար Շրջան մը Ստեղծել


Թիւրքմեն զինեալներ Լաթաքիոյ շրջանի անտառներուն մէջ

 

ARA News քրտական կայքէջը կը հաղորդէ, որ թուրք պաշտօնատարներ Յուլիսի վերջաւորութեան յայտարարեցին, որ կը ծրագրեն Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեամբ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հաստատել ISIS-է ազատ ապահովական գօտի մը։ Հետզհետէ յաւելեալ փաստեր ցոյց կու տան, թէ այդ գործողութիւնը իրականացնելէ ետք՝ կացութիւնը կրնար վերածուիլ 1974-ին Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոս ներխուժման կրկնօրինակին։

1974-ին, Կիպրոսը Յունաստանին կցելու նպատակով կղզիին մէջ տեղի ունեցած յոյներու պետական յեղաշրջումէն ետք, թրքական բանակը ներխուժեց Կիպրոս պաշտպանելու համար թուրք կիպրացիները։ Ներխուժման աւարտին թրքական բանակը գրաւեց կղզիին 40 առ հարիւրը։ Յեղաշրջումէն ետք- կարգ, կանոն եւ ժողովրդավարութիւն վերահաստատուեցան յունական Կիպրոսի կողմը, սակայն Թուրքիա բռնագրաւումին վերջ չտուաւ։ 1983-ին, կղզիի բռնագրաւուած հիւսիսը Կիպրոսէն անկախութիւն յայտարարեց։ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ աշխարհի վրայ միակ երկիրը, որ կը ճանչնայ այսպէս Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը։

Թուրքիա բռնակցումի եւ խամաճիկ պետութիւններ ստեղծելու հռչակ ունի. հիւսիսային Կիպրոսը, Սուրիոյ Ալեքսանտրէթի նահանգը եւ հիմա՝ Հալէպի նահանգը, ուր պիտի ստեղծուի ապահով գօտին։ Թուրքիոյ այս մութ կողմը իր արմատներն ունի Համաշխարհային Ա պատերազմի հետեւանքներուն մէջ։

Սուրիոյ մէջ մեծագոյն թիւով թիւրքմէններ կ՚ապրին Հալէպի նահանգին մէջ, սակայն Հալէպի մէջ անոնց թիւը քիչ է։ Ատոր պատճառը այն է, որ Սուրիոյ մէջ թիւրքմէններու թիւը փոքր է։ Ըստ կարգ մը գնահատումներու, Սուրիոյ մէջ թիւրքմէններու թիւը 100,000 է, որ քաղաքացիական պատերազմէն առաջ Սուրիոյ բնակչութեան թիւին 0,5 առ հարիւրէն ալ նուազ է։ Այս գնահատականը համահունչ է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի այն գնահատականին, թէ սուրիացիներուն 90 առ հարիւրը արաբներ են եւ 9 առ հարիւրը քիւրտեր, իսկ մնացեալ 1 առ հարիւրը հայեր, ասորիներ եւ թիւրքմէններ։ 
Թուրքիա թուրքերուն ցեղակից թիւրքմէնները սկսած էր զինուորապէս պատրաստել, որպէսզի երբ իր կողմէ առաջարկուած Հալէպի սահմանին մօտ «ապահովական գօտի»ն հաստատուի, թիւրքմէն զինեալ խումբերը հոն հաստատուին:

Թուրքիա միշտ ալ Սուրիոյ մէջ օգտագործած է թիւրքմէնական խաղաքարտը՝ արդարացնելու համար սուրիական քաղաքացիական պատերազմին հարցով իր քաղաքականութիւնը։ Օրինակի համար թրքական գաղտնի սպասարկութեան ՄԻԹ-ի (MIT) կողմէ զէնքեր Սուրիոյ փոխադրուող փոխադրակառքերու տեսերիզը մեծ տարածում գտաւ։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները յայտնեցին, որ անոնք կը յանձնուին ISIS-ին, սակայն Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ անոնք ուղղուած են Սուրիոյ մէջ թիւրքմէններուն։ 

2012-ին, Իսթանպուլի մէջ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ հաստատուած սուրիական Թիւրքմէնական ազգային պլոք կուսակցութիւնը վերջերս յայտարարեց, որ ապահով գօտիին համար ոստիկաններ կը զինուորագրէ։ Ընտրեալները, որոնց թեկնածութիւնը կ՚ընդունուի միայն այն պարագային եթէ թիւրքմէն են, երկու ամիս պիտի մարզուին Թուրքիոյ մէջ։ Ինչ որ կը յառաջացնէ հետեւեալ հարցականը. «Ապահով գօտին միայն թիւրքմէններու կողմէ պիտի ղեկավարուի՞»։

Գոյութիւն ունին փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ Թուրքիա կը պատրաստէ Հալէպի նահանգին մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող ինքնավար շրջան մը։ Վերջին ամիսներուն Հալէպի բնակչութեան համար սուրիական լիրան թրքական լիրայով փոխարիներու շուրջ բուռն քննարկումներ տեղի ունեցան։ 
Այս բոլորի կողքին՝ Սուրիական թիւրքմենական ազգային պլոքը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ թիւրքմէններուն թիւը 3,5 միլիոն է, ինչ որ պաշտօնական աղբիւրններու գնահատականէն շուրջ 3,4 միլիոն աւելի է։ Թրքական ազգայնական աղբիւրներու »Արեւմտեան Թուրքմենիստան«-ի մասին պնդումները եւս կը մտահոգեն սուրիացիները։ Կարելի է ապահով կերպով ըսել, թէ մտահոգուելու տեղիք կայ։

Ապահով գօտի մը ստեղծելու Թուրքիոյ դրդապատճառներուն շուրջ լայն քննարկում կատարուած է։ Գլխաւոր դրդապատճառը Աֆրին եւ Քոպանի քրտական քանթոններու միացման կանխարգիլումն է։ Կարելի չէ հաստատօրէն նշել, որ Թուրքիան ինչու մտադիր է այս ծրագիրը գործադրել։ Թերեւս ատոր նպատակը իսկապէս սուրիացի քաղաքացիներու եւ տեղահանուածներու պաշտպանութիւնն է՝ ինչպէս Թուրքիան կը պնդէ։ Թերեւս Սուրիոյ մէջ քիւրտերու ազդեցութեան աճը սանձել է։ Սակայն նաեւ կարելի է, որ ապահով գօտին պարզապէս թրքական սահմանին կից թիւրքմէնական ինքնավար շրջանի մը հաստատման նախաքայլ մըն է։ Ժամանակը պիտի բացայայտէ Թուրքիոյ իսկական նպատակները։
Այս բոլորով հանդերձ, ռուսական զինուորական միջամտութենէն ետք, Թուրքիոյ թիւրքմենական ծրագիրը դժուար թէ իրականութիւն դառնայ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.