Հայկական Բանակը բարձունք մը գրաւած է Նախիջեւանի Սահմանին Վրայ


Յունիս 26-ին, Հայկական բանակը Նախիջևանի սահմանին վրայ յառաջանալով գրաւած է ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող բարձունք մը և իր հսկողութեան  տակ առած է ատրպէյճանական 3 սահմանադիրքեր եւ զանոնք միացնող ճանապարհները։

Այս մասին լրագրող Արշակ Զաքարեանի պատրաստած տեսանիւթը դիտել հոս

https://www.youtube.com/watch?v=WGwRQNZBp88

 նշենք, որ 2014-ի Յունիսի սկիզբը, ատրպէյճանցիներուն համար անսպասելի եւ անակնկալ զինուորական արագընթաց գործողութեամբ մը, հայկական բանակը Նախիջեւանի սահմանին վրայ յառաջացաւ եւ իշխող դիրքեր ու բարձունքներ գրաւեց։ Հայկական կողմին վերահսկողութեան տակ անցաւ հարիւր քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, որ մինչ այդ վերահսկման տակ չէր բարդ աշխարհագրութեան եւ կլիմայական պայմաններու պատճառով։ 

Նախիջեւան քաղաքը ներկայ դրութեամբ կը գտնուի հայկական սահմանէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Լուսանկարները՝ Կարէն Վրթանեսեանի։

 

ատրպէյճանցիներու դիրքերը

 


Հեռուն Նախիջեւան քաղաքը հայկական դիրքերէն դիտուած 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.