December 16, 2025
Մովսիսեան Միացաւ Սպարտակի Հաւաքին
- (0)
Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան միացաւ իր կազմին, որ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Զուիցերիոյ մէջ:
Sport-express.ru կայքին համաձայն, մոսկուացիները Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին պիտի պատրաստուին Զուիցերիոյ մէջ:
Armsport.am եզրափակեց նշելով, որ վերջին շրջանին Մովսիսեան կը մարզուէր անհատական ծրագիրով: