Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը մասնակցեցաւ վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի ի պատիւ ընդունելութեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրով՝ ի պատիւ պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի, Հոկտեմբեր 12-ի երեկոյեան վարչապետի նստավայրին մէջ կայացաւ պաշտօնական ընթրիք-ընդունելութիւն:

Գանատայի վարչապետի պետական պատուիրակութեան ընկերակցող գանատահայ համայնքի պատուիրակութեան հետ ներկայ էին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Րաֆֆի Տօնապետեան, Շահէն Միրաքեան եւ Յակոբ Թորոսեան։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բաժակաճառի ընթացքին ըսաւ. «Ես գնահատում եմ այս իրադարձութիւնը, մեր այս հանդիպումը՝ շատ խորհրդանշական Նոր Հայաստանում և համարում եմ, որ Գանատայի մեծարգոյվարչապետը՝ իմ բարեկամ Ճասթին Թրուտոն, խորհրդանշում է ճշմարտութեան յաղթանակը»:

Իր կարգին, Գանատայի վարչապետ Թրուտօ ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ ծանօթանալ ձեր երկրի բռնած ուղիին, ձեր երկրի ժողովուրդին և կ՚ողջունեմ ձեզ: Ներկայիս շատ մը երկիրներ նահանջ կ՚ապրին ժողովրդավարութեան գծով… դուք այսօր Հայաստանի մէջ հաստատակամ և հպարտօրէն ճիշդ ուղղութեամբ կ՚ընթանաք, դուք կ՚առաջնորդէք դէպի ժողովրդավարութիւն՝ հպարտօրէն»:

Վարչապետ Թրուտօ պիտի այցելէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, որուն ընթացքին իրեն պիտի ընկերակցին Գանատայի պետական պատուիրակութիւնը, գանատահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.