1-2 Յուլիս 1913. Թրքական զօրքը արիւնահեղ «ազգային մաքրագործման» ենթարկեց Ռոտոսթոյի հայերն ու յոյները…
Յուլիս ամսու առաջին այս օրերուն, 102 տարի առաջ, արեւելեան Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթօ քաղաքը, թրքական զօրքի ձեռամբ, ներկուեցաւ հայերու եւ յոյներու արեամբ։
Պալքանեան պատերազմներու ժամանակաշըրջանն էր։ Հիմնականին մէջ յոյներէ եւ հայերէ բաղկացած՝ ոչ-թրքաբնակ Ռոտոսթօ քաղաքը, 1912ի Հոկտեմբերին բռնկած Պալքանեան Առաջին Պատերազմի ատեն, ազատագրուած էր օսմանեան լուծէն։ Բայց երբ 30 Յունիս 1913ին պայթեցաւ Պալքանեան Երկրորդ Պատերազմը, Ռոտոսթօն անմիջապէս վերագրաւուեցաւ թրքական զօրքին կողմէ, որ 1 Յուլիս 1913էն սկսեալ, երկու օր շարունակ, կոտորածի ենթարկեց վաճառականական այս յայտնի քաղաքին բնիկ տէրերը՝ յոյներն ու հայերը, հրոյ ճարակ դարձնելով անոնց տուներն ու խանութները։
Մարմարա ծովու արեւմտեան ափին գտնուող նաւահանգիստ քաղաք է Ռոտոսթոն, որ այսօր մաս կը կազմէ եւրոպական Թուրքիոյ, առաւելաբար թուրքերով բնակուած է հիմա եւ 1923էն ի վեր կը կոչուի Թէքիր Տաղ։
102 տարի առաջ միայն սակաւաթիւ թուրքեր կþապրէին Ռոտոսթոյի մէջ, որ առաւելաբար յունական եւ հայկական քաղաք էր։ Քաղաքը յայտնագործուած էր հին ժամանակ յոյն վաճառականներու եւ նաւաստիներու կողմէ, որոնք դարերու ընթացքին նախ յունական, ապա բիւզանդական քաղաքակրթութեան կարեւոր կեդրոնի վերածեցին զայն։
Նոյնքան հին ժամանակներէ կու գայ հայերու ներկայութիւնը Ռոտոսթոյի մէջ, որ ինչպէս հայոց առեւտուրի, այնպէս եւ հայկական մշակոյթի, ձեռարուեստի եւ գրականութեան ծանօթ կեդրոն եղած է։
Ահա թէ ինչպէ՛ս Ռոտոսթոյի եւ անոր մերձակայ՝ նոյնպէս հայաբնակ Մալկարա գիւղաքաղաքին հայ բնակիչները, 1913ի Յուլիս 1էն սկսեալ, կոտորածի եւ աւերումի ու թալանի ենթարկուեցան թրքական զօրքերուն կողմէ.-
30 Յունիս 1913ին սկսաւ Պալքանեան Երկրորդ Պատերազմը։
Հազիւ ամիս մը առաջ, 30 Մայիս 1913ին, վերջ գտած էր Պալքանեան Առաջին Պատերազմը, որ բռնկած էր 9 Հոկտեմբեր 1912ին՝ մէկ կողմէ պալքանեան չորս երկիրներու (Պուլկարիա, Յունաստան, Սերպիա, Չեռնոգորիա) դաշնադրութեան եւ միւս կողմէ Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ։
Պալքանեան Առաջին Պատերազմին Թուրքիա կրեց ծանրագոյն պարտութիւն եւ պարտաւորուեցաւ 30 Մայիս 1913ին ստորագրել Լոնտոնի Հաշտութեան Դաշնագիրը, որուն հիման վրայ կորսնցուց պալքանեան թերակղզիի իր տիրապետութեան ենթակայ բոլոր հողերը։ Պոլսէն եւ արեւելեան Թրակիոյ փոքր մէկ բաժնէն զատ ոչինչ մնաց եւրոպական Թուրքիայէն։
Հայութիւնը եւս աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Պալքանեան Առաջին Պատերազմին։ Անդրանիկի եւ Գարեգին Նժդեհի հրամանատարութեամբ՝ Դաշնակցութեան կամաւորական գունդերը յանդուգն գործողութիւններ իրագործեցին թրքական զօրքերուն դէմ՝ հերոսի դափնեպսակին ու զինուորական կոչումներու արժանանալով պուլկար սպայակոյտին կողմէ։
Իսկ Պուլկարիան եղաւ գլխաւոր յաղթականը Պալքանեան Առաջին Պատերազմին՝ խլելով առիւծը բաժինը օսմանեան բռնատիրութենէն ազատագրուած հողերուն։
Բայց ոչ միայն Պուլկարիոյ պալքանեան դաշնակիցները՝ Յունաստանն ու Սերպիան դժգոհ մնացին, որ ազատագրուած հողերէն իրենց սպասած բաժնին չկրցան տիրանալ, այլեւ՝ եւրոպական մեծ տէրութիւնները մտահոգուեցան, որ Ուղղադաւանութեան (Օրթոտոքս) դրօշակիր Ցարական Ռուսաստանը միակողմանիօրէն շատ ընդարձակած էր իր ազդեցութեան գօտիները Պալքաններու մէջ։
Հետեւանքը եղաւ հրահրումը, 1913ի Յունիս 30ին, Պալքանեան Երկրորդ Պատերազմին՝ այս անգամ մէկ կողմէ Պուլկարիոյ եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ, Յունաստանի, Սերպիոյ, Չեռնոգորիայի եւ Ռումանիոյ միացեալ ճակատին միջեւ։
Թէեւ կարճ տեւեց եւ 10 Օգոստոս 1913ին աւարտեցաւ Պալքանեան Երկրորդ Պատերազմը, բայց «ազգային մաքրագործում»ի առումով անհամեմատաբար ահաւոր եւ ծանրակշիռ եղաւ։
Յատկապէս Ռոտոսթոյի եւ Մալկարայի հայերը, որոնք ուղղակի մասնակցութիւն չէին ունեցած Պալքանեան Առաջին Պատերազմին, թիրախ դարձան թրքական վրէժխնդրութեան եւ ցեղասպանական «հաշուեյարդար»ին։
Անշուշտ շատ աւելի ծանր կորուստ ունեցան պուլկարները՝ թէ՛ զոհերու թիւի, թէ՛ քանդում-աւերումներու եւ թէ հողատարածքներու կորուստի իմաստով, բայց ի վերջոյ Պուլկարիան պատերազմող կողմ էր եւ իր կարգին, Պալքանեան Առաջին Պատերազմի ընթացքին իր ազատագրած հողամասերուն վրայ, կա՛մ կոտորած էր թուրք բնակչութիւնը, կա՛մ հարիւր-հազարով տեղահան ըրած էր թուրքերը։
Պալքանեան Երկրորդ Պատերազմը վերջ գտաւ Պուլկարիոյ պարտութեամբ, իսկ տարի մը առաջ թրքական լուծէն ազատագրուած հողերը վերաբաշխուեցան պալքանեան յաղթական երկիրներուն միջեւ։
Յատկապէս թրքական պետութիւնը չարաշահեց Պալքանեան Երկրորդ Պատերազմով ներկայացած առիթը, որպէսզի ձեռնամուխ ըլլայ Օսմանեան Կայսրութեան արեւմտեան սահմանային գօտիները ազգային փոքրասնութիւններէ «մաքրագործելու» եւ «վնասազերծելու» իր ծրագրին գործադրութեան։
Կայսրութեան հիւսիս-արեւմտեան՝ եւրոպական սահմանագօտիին ռազմագիտական կարեւոր դիրքերէն Ռոտոսթօ քաղաքը, այդ հիման վրայ, թիրախ դարձաւ արիւնալի «մաքրագործումներ»ու…
Պատերազմէն ետք, Եւրոպական մեծ տէրութեանց միացեալ նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ քննիչ յանձնախումբ մը, որ երկուստեք գործուած ոճիրները ցուցակագրեց եւ կարեւորութեամբ կանգ առաւ այն փաստին վրայ, որ թրքական կանոնաւոր զօրքերու ձեռամբ, Ռոտոսթոյի մէջ, սպաննուեցան աւելի քան հազար հայեր, շուրջ 300 հայոց բնակարաններ ու 500է աւելի հայոց խանութներ կողոպտուեցան եւ հրոյ ճարակ դարձան։
Թրքական զօրքերու գործած հակահայ խժդժութիւնները յաւելեալ պատճառ մը եղան, որպէսզի եւրոպական դիւանագիտութեան օրակարգին վրայ դրուած Հայկական Բարենորոգումներու հարցը վերստին հրատապ բնոյթ ստանայ։ Ամիսներու վրայ երկարած բանակցութեանց արդիւնքով՝ Փետրուար 1914ին, եւրոպական մեծ տէրութիւնները յանգեցան այն համախոհութեան, որ Օսմանեան Կայսրութեան արեւելեան՝ հայկական նահանգներու բարեկարգումները իրագործելու համար հարկ է կիրարկել տեղական լայն կառավարման դրութիւն։ Որոշուեցաւ հաստատել հայկական կառավարման երկու շրջան՝ Կարին եւ Վան, նշանակելով եւրոպացի երկու կառավարիչներ, որոնք անմիջապէս ճամբայ ելան դէպի իրենց նստավայրերը, բայց տեղ չհասած արդէն բռնկեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը։
Ինչպէս Ռոտոսթոյի հայութեան դէմ իր ձեռնարկած սպանդով, այնպէս ալ այնուհետեւ, Հայկական Բարենորոգումներու եւրոպական ծրագրումին իրագործումը խափանելու նպատակով՝ թրքական պետութիւնը նետուեցաւ Առաջին Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ, միջազգային լարուածութեան եւ իրարանցումի առիթէն օգտուելու եւ Հայկական Հարցէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուելու հրէշային իր ծրագիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրելու համար։
Այդ առումով 1 Յուլիս 1913ի Ռոտոսթոյի հայոց սպանդը, ամբողջացումը կազմելով 1909ի Կիլիկիոյ հայոց Աղէտին, նախերգանքը դարձաւ Հայաստանի եւ հայութեան դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ծանրագոյն ոճիրին։