Պաքու եւ Երեւան քարոզչական պայքարը կը փոխադրեն ԱՄՆ

\n \n

\n
\n «Եուրէյժանեթ» կը գրէ, որ Թենըսի նահանգի Նաշվիլ քաղաքը, ըստ երեւոյթի, պատերազմի դաշտի վերածուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, որոնք աշխատանք կը տանին Միացեալ Նահանգներու մէջ ռազմավարական դաշինքներ կազմելու։\n
\n
\n Նահանգային օրէնսդիր Ճօ Թաունզ (նկարը), եթէ գիտակցէր, թէ ինչպիսի նուրբ հարց մը կ՚արծարծէ Թենըսիի նահանգային Ներկայացուցիչներու Տան մէջ ազրպէյճանամէտ բանաձեւ մը ներկայացնելէն պիտի զգուշանար։ Մեմֆըսի դեմոկրատական Ճօ Թաունզի քայլը չվրիպեցաւ միշտ արթուն եղող հայ համայնքէն. Նաշվիլի «Չանըլ 5» պատկերասփիւռի կայանէն անմիջապէս քննադատական լրատուութիւն մը հնչեց։\n
\n
\n «Սի.Պի.Էս.»-ի մասնաճիւղ եղող պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Թաունզ Ազրպէյճանի հետ կապ ունեցող աղբիւրներէ 10 հազար տոլար գանձած է։ Թաունզ այդ մասին հարցումի մը պատասխանելով չկրցաւ լաւ բացատրութիւն մը տալ, թէ ինչ զինք մղած է Պաքու-Նաշվիլ բարեկամութեան համար լոպիինկ կատարելու կամ այդ արշաւին մասնակից կողմերը ովքեր են։\n
\n
\n «Չանըլ 5»-ի աւագ լրագրող Ֆիլ Ուիլիըմզ յայտնեց, որ այս պատմութիւնը կը ներկայացնէ Ազրպէյճանի կողմէ կասկածելի քաղաքականութիւններ ջատագովելու համար ամերիկացի քաղաքական պաշտօնատարներ գնելու քայլը։ Լրագրողին միակ զրուցակիցը, Պարի Պարսումեան, որ ներկայացուած էր իբրեւ հայ հասարակական գործիչ մը, ա նդրադառնալով «զարմանալի» բանաձեւին, նուիրատուներու կասկածելի կապը մատնանշեց։ Ան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ հայկական տեսակէտը ներկայացուց։ \n
\n
\n Նշենք, որ բանաձեւը ի վերջոյ տապալեցաւ:\n
\n
\n Յստակ չէ, թէ Թենըսիի բնակիչները որքանով կրցան հարցը հասկնալ, սակայն ակնդիրներուն յստակ էր, որ անծանօթ անուններով երկիրներ եւ օտար շահեր «Երաժշտութեան քաղաք»-ին մէջ գործ մը ունին։\n
\n
\n Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Թենըսիի քաղաքագէտները Ազրպէյճանի անունը լսեցին։ Անցեալ Մարտին, այլ նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն նման Թենըսիի Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց Լեռնային Ղարաբաղի Խոջալու շրջանին մէջ ազրպէյճանցիներու ջարդի յիշատակը յարգող բանաձեւ մը, որ ներկայացուած էր…նոյնինքն Թաունզի կողմէ։\n
\n
\n Ազրպէյճանի շահերը իրենց արտայայտութիւնը գտած են նաեւ նահանգի ինը այլ ներկայացուցիչներու մօտ, մասնաւորաբար Ազրպէյճանի քոնկրեսական համախմբումի համանախագահ Սթիւ Քոհենի, որ դարձեալ Մեմֆիսէն է։ Ազրպէյճանական եւ թրքական գործիչներու հրատարակութիւնները նաեւ կը նշեն նոյն համախմբումի անդամ Ճոն Տանքընին անունը։\n
\n
\n Միւս կողմէ Ազրպէյճան այս խաղին մէջ իր մրցակիցը ունի։ Մայիսին Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի գլխաւոր կեդրոն Քալիֆորնիան Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու կոչ ուղղող բանաձեւ մը որդեգրեց։\n
\n
\n Ղարաբաղի կամ Խոջալուի վերաբերեալ բանաձեւերը վերակենդանացնելու փորձերը հաւանաբար շարունակուին տարբեր նահանգներու մէջ։ Ազրպէյճան կը փորձէ ուժանիւթի մարզէն իր աճող հարստութիւնը օգտագործել լոպիինկի մէջ, իսկ հայ համայնքը վճռակամօրէն կը փորձէ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ ազրպէյճանական ազդեցութիւնը դիմակայել։\n

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.