Փրոֆ Աքչամ Մոնթրէալի մէջ պիտի ներկայացնէ «Սպանութեան Հրահանգներ. Թալաթ Փաշայի Հեռագիրները Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» գիրքը
ՀՅԴ Արմէն Գարօ Ուսանողական միութեան եւ ՄքԿիլ, Գոնգորտիա ու Մոնթրէալի համալսարաններու հայ ուսանողական միութիւններու կազմակերպութեամբ՝ Մոնթրէալի մէջ պիտի կայանայ Փրոֆ. Թաներ Աքչամի KILLING ORDERS գրքին ներկայացումը։ Թալաթ փաշայի գաղտնի հեռագիրներու ճշմարտացիութիւնը փաստագրած այս գրքի ներակայացումը պիտի կատարէ հեղինակը ինք՝ Փրոֆ. Թաներ Աքչամը։
Աքչամ տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի հաւաքել Հայոց Ցեղասպանութիւնը աւելի փաստացի հողի վրայ դնելու հիմքեր եւ պայքարիլ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան դէմ: Այս ծիրին մէջ ան ունի բազմաթիւ հրատարակութիւններ, որոնցմէ վերջինը՝ «Սպանութեան Հրահանգներ. Թալաթ Փաշայի Հեռագիրները Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» (Killing Orders; Talaat Pasha’s Telegrams and the Armenian Genocide), կարեւոր փաստագրական ուսումնասիրութիւն մըն է:
Աքչամ այս գրքին մէջ ուսումնասիրած է Նայիմ Էֆենտի անունով թուրք զինուորականի մը հեռագիրներն ու ձեռագիրները եւ զանոնք բաղդատած է Օսմանեան արխիւներուն հետ ու գտած ծածկագիրներու նմանութիւններ:
Գիրքի ներկայացումը տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբեր 12-ի երկոյեան ժամը 7-ին, Մքկիլ համալսարանի Leacock շէնքի թիւ 26 սրահին մէջ։