Առաջնորդ Սրբազան հօր ներկայութեամբ Գէմպրիճի մէջ նշուեցան Ս. Նշան Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի տօները

Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2018-ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան, Ազգային Վարչութեան անդամներուն հետ ժամանեց Գէմպրիճ, նշելու համար Ս. Նշան Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը եւ Մուսա Լերան հերոսամարտը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընկերակցութեամբ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանին (Առաջնորդական Փոխանորդ) եւ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Փանոսեանին (Ս. Նշան Եկեղեցւոյ այցելու հովիւ) կատարեցին աղ ու հացի եւ մատաղի օրհնութիւնը։

Կիրակի, 9 Սեպտեմբերին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։

Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Սեպտեմբեր 8-9 Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնին մէջ կայացաւ նաեւ տարեկան աւանդական փառատօնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ գանատացի քաղաքական պաշտօնատարներ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.