Ճէզիրէէն Ներս Ստեղծուած Զգայուն Կացութեան Գծով Խորհրդակցութիւն Արամ Վեհափառի, Աֆրամ Բ. Եւ Եունան Գ. Պատրիարքներուն Միջեւ
Սուրիոյ Ճէզիրէ շրջանէն ներս համայնքային դպրոցներու գծով ստեղծուած դժուարութիւններուն գծով՝ Օգոստոս29-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ն.Ս. Աֆրամ Բ. եւ Ն.Ս. Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան պատրիարքներուն միջեւ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ։
Յայտնենք, որ վերջին շաբաթներուն յիշեալ շրջանէն ներս տիրական ներկայութիւն դարձած քրտական իշխանութիւնը կարգ մը քայլերու դիմած է համայնքային դպրոցներէն ներս շարք մը կարգադրութիւններ իր հայեցողութեամբ կատարելու որոշումով։ Ճեզիրէի Գամիշլի քաղաքին մէջ կ՚ապրին հազարաւոր հայեր։ Հոն կը գտնուի առաջնորդական փոխանորդութիւնը եւ հոն կը գործէ նաեւ Ազգային վարժարան։
Առաջարկուեցաւ, որ թէ՛ Դամասկոսի իշխանութեան ճամբով եւ թէ քրտական իշխանութեան հետ բանակցելով բարւոք լուծում որոնեն ստեղծուած դժուար կացութեան։ Նոյն օրն իսկ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը մեկնեցաւ Դամասկոս, իսկ ասորի կաթոլիկ պատրիարքը՝ Հալէպ։