Առաջնորդ Սրբազանը Հովուապետական այցելութիւն կատարեց Վանգուվըր
Կիրակի, 19 Օգոստոս 2018-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Վանգուվըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր հայրական պատգամին մէջ նշեց, թէ հայ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Աստուածամօր Վերափոխման տօնի ուրախութիւնը տակաւին կը շարունակուի. առ այդ, ներկայացուց Սուրբ Կոյս Մարիամի նկարագրային յատկանիշները՝ հաւատարմութիւն, հնազանդութիւն, խոնարհութիւն, աղօթական կեանք եւ ամբողջական նուիրում։ Եզրափակելով իր խօսքը թելադրեց հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ, մեր քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքին եւ ազգային արժէքներուն։
Պատարագէն ետք, Եկեղեցւոյ սրահին մէջ հաւատացեալները առիթը ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ մօտէն շփուելու եւ զրուցելու։
Այսօր, Երկուշաբթի, 20 Օգոստոսին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ պիտի ըլլայ Սասուն Ճամբարի փակման հանդիսութեան։