Հ․Հ․ Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հանդիպումները Արեւելեան ԱՄՆ-ի մէջ
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց)․- Երկուշաբթի, Օգոստոս 6-ի առաւօտեան, «Հայրենիք»-ի շէնք այցելեց Հ․Հ․ Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեան, որ աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր ժամանած էր Միացեալ Նահանգներ, շրջելու համար քանի մը գաղթօճախներ, որոնց կարգին Լոս Անճելըս, Նիւ Եորք եւ Պոսթըն։
«Հայրենիք»-ի անձնակազմին կողքին, նաեւ ներկայ էին Հ․Օ․Մ․-ի եւ Հ․Ե․Դ․-ի ներկայացուցիչներ։ Նախարար Հայրապետեանին կ՛ընկերակցէր խորհրդատու Վահէ Սահակեան (Միշիկըն)։ Իսկ Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէն կը ներկայացնէին Ճորճ Աղճայեան եւ Ժան Աւետիսեան։
Գրեթէ մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հետ առնչոչող հարցեր։ Նախարարը յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց կատարուելիք աշխատանքներուն մասին եւ կոչ ուղղեց անմիջական գործակցութեան։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, զանազան բնագաւառներէ ներս, Հայաստանի ի նպաստ գործող ժողովրդական կազմակերպութիւններուն, որոնք յատկապէս տագնապալի օրերուն կը գործեն եւ իրենց անմիջական ներդրումը կը բերեն։
Հուսկ, նախարար Մխիթար Հայրապետեան այցելեց Հ․Յ․Դ․-ի եւ Հայաստանի Ա․ հանրապետութեան արխիւները։
Նշենք թէ շաբաթ, Օգոստոս 4-ի երեկոյեան Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած էր հանդիպում-զրոյց, իսկ յաջորդ օրը՝ Կիրակի Օգոստոս 5-ին, նախարար Հայրապետեան այցելած էր շրջանի Սուրբ Ստեփանոս եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիները եւ ապա մեկնած էր «Քէմփ Հայաստան»։ Նիւ Եորքի մէջ, նախարարը հանդիպեցաւ հայկական բանակին հետեւողական աջակցութիւն ցուցաբերող «Հայ Վիրաւոր Հերոսներու Հիմնադրամ»ի ներկայացուցիչներուն հետ, ապա այցելեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Հ․Հ․ մտական ներկայացուցչութիւն:
Նաեւ կատարուեցաւ հանդիպում՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ հոգեւոր դասի հետ:
Այլ հանդիպումներ կատարուեցան «Քարնըկի» հիմնադրամի նախագահ Վարդան Գրիգորեանի եւ «Դաւիթեան» կրթական հիմնադրամի նախագահ Ասօ Դաւիթեանի հետ:
Նիւ Ճըրզիի «Թէքէեան» մշակութային կեդրոնին մէջ, նախարարը հանդիպեցաւ հայ համայնքի զանազան ներկայացուցիչներու հետ: Տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ:
Սփիւռքի Նախարարութեան կայքը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ հանդիպում կատարուած է նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շրջանի նախագահ Նորայր Մկրտիչեանի, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ:
Իսկ Պոսթընի մէջ, Ուաթըրթաունի Հայ Կեդրոնին մէջ կատարուած հաւաքին, ողջունելով ներկաներուն՝ նախարար Հայրապետյանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ, անկեղծ մթնոլորտի ու հիւրընկալութեան համար եւ նշեց. «Ձեզանից ոմանք Թաւշեայ յեղափոխութիւնից յետոյ հասցրել են լինել հայրենիքում, իսկ ովքեր չեն եղել, խորհուրդ եմ տալիս գալ եւ վայելել նոր Հայաստանը: Ավելի լաւ ապագայի յոյսով՝ մարդիկ արդէն սկսել են ժպտալ եւ հաւատալ: Սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան յեղափոխութիւնը ոչ միայն իւրաքանչիւր հայի, այլեւ մարդկութեան յաղթանակն է: Եւ ես այս առթիւ մէկ անգամ եւս շնորհաւորում եմ մեզ բոլորիս: Մենք ոչ միայն ունենք փառահեղ ապագայ կերտելու պատմական հնարաւորութիւն, այլեւ լաւ, արժանապատիւ ներկայ ունենալու մեծ նախադրեալներ: Հզօր Հայաստան, ուժեղ սփիւռք. ահա այն բանաձեւը, որին մենք հաւատում ենք եւ վստահ ենք, որ միասնաբար պիտի գնանք առաջ»:
Խոսելով գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու մասին՝ Մխիթար Հայրապետեան ընդգծեց, որ այսօր սփիւռքի աջակցութիւնը, սատարումը հայրենիքին մէջ կատարուող փոփոխութիւններուն շատ կարեւոր են:
«Առաջին անգամ պատմութեան մէջ մենք սփիւռքից փող չենք խնդրում: Մենք կարիք ունենք փոխադարձ գործակցութեան, համահայկական ներուժի վերհանման եւ նպատակային կիրառման»,-շեշտեց նախարարը:
Հայրապոտեան ներկայացուց նախարարութեան ծրագրերը, անդրադարձաւ սփյուռքահայ երիտասարդներու «ՆերՈւժ» startup ծրագրին։ Ան յատկապէս կարեւորեց Հայաստանի բժշկական եւ նիւթական ոլորտի մասնագէտներու վերապատրաստման անհրաժեշտութիւնը, ուր կ՛ակնկալուի սփյուռքահայ մասնագէտներու աջակցութիւնը:
Այնուհետև մոտ երկուքուկէս ժամ տեւած հարց-պատասխանի ընթացքին, նախարարը պատասխանեց հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հարցերուն, որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերէին Հայաստան-սփյուռք գործակցութեան նոր տեսլականին, հայրենադարձութեան, հայապահպանութեան, հայկական դպրոցներու ներկայի վիճակին, սփիւռքի մասնագիտական ներուժի համախմբմանը:
«Մենք արմատախիլ ենք անում կոռուպցիան, Հայաստանում այլևս չկայ մենաշնորհ: Մեր հայրենիքը մոդեռն, զարգացած երկիր է, որտեղ դուք կարող եք ներդրումներ անել եւ գումար աշխատել: Սա շատ յստակ կոչ է, որ ցանկանում եմ ձեզ փոխանցել»,-նշեց սփիւռքի նախարարը: