Սեբաստիոյ հայկական գիւղի գերեզմանատունը թուրք գանձախոյզներու թիրախ

\n

 

\n

ՀՈՐԻԶՈՆ.- Մայիս 16-ին, Սեբաստիոյ (Սվազ) Քանկալ գիւղաքաղաքի Պոզարմութ գիւղի հայկական հին գերեզմանատունը օր ցերեկով թուրք գանձախոյզներու թիրախ դարձած է։ Ըստ տեղական աղբիւրներու, գանձախոյզները գերեզմանատան տարածքը պեղելու թոյլտուութիւն ստացած են շրջանի կուսակալէն (գայմագամ)։

\n

Պեղումներուն համար օգտագործուած են հողափոր մեքենայ։ Մի քանի օրերու վրայ երկարող «տքնաջան» աշխատանքէ ետք, գիւղի նախկին հայ բնակիչներու գանձերը փնտռող թուրքերը ձեռնունայն հեռացած են։ Նկարներուն մէջ կարելի է նկատել, թէ հողը փորող մեքենան որքան խորութեամբ փորած է գետինը։ Հայոց նախկին գերեզմանատունը այժմ վերածուած է երթեւեկութեան հողէ ճանապարհի։

\n

1915-էն առաջ գիւղին մէջ գործած է Ս. Սարգիս եկեղեցին, որ այժմ բնակարանի վերածուած է։

\n

 Ներկայիս գիւղը ունի 147 բնակիչ։

\n

\n

 

\n


\n

 

\n

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.