Աշխարհի ամենամեծ երկու խաչքարերու կրկնօրինակները պիտի տեղադրուին Մայր Աթոռին մէջ


Մինչեւ Ապրիլ 23 Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տարածքին մէջ պիտի տեղադրուին արեւմտեան Հայաստանի նշանաւոր երկու խաչաքարերու կրկնօրինակները: Խաչքարերու կրկնօրինակները կը պատրաստէ քանդակագործ Լիւդվիկ Ղազարեան: Իւրաքանչիւրը 6 մեթր երկարութեամբ եւ 12-14 թոն կշռող խաչքարեր են:

Նշենք, որ Էրզրումէն ոչ շատ հեռու Ապարանք վանքային համալիրին մէջ տակաւին կանգուն են Ս. Յովհաննէս եկեղեցին (17-րդ դար) եւ Ս. Դաւիթ մատուռը, որոնց մօտակայքը կը գտնուին աշխարհի ամենաբարձր` աւելի քան 6 մեթր բարձրութիւն ունեցող հրաշալի երկու խաչքարեր, որոնք յաջորդաբար քանդակուած են 1191 եւ 1194 թուականներուն։



Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.