Արթուր Միրանեան. «Իբրեւ Հայ Պարտաւոր Եմ Խաղալ Հայրենիքիս Համար»
Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի յառաջապահ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Արթուր Միրանեան, որ այժմ հանդէս կու գայ մակեդոնական Վարտարի հետ, ուքրանական football.ua կայքին իր տուած հարցազրոյցին մէջ խօսած է Շախտիոր Տոնեցքէն իր հեռանալու պատճառներուն մասին, ինչպէս նաեւ յայտնած է իր ապագայի ծրագիրներուն եւ ընելիքներուն մասին:
ArmSport.am կայքը Միրանեանի յայտարարութենէն կը մէջբերէ հետեւեալ հատուածները.
«Իբրեւ հայ պարտաւոր եմ խաղալ հայրենիքիս համար: Ինչպէս նախապէս ըսած էի, որ Ուքրանիոյ կազմէն ժամանակաւորապէս հանդէս կու գամ: Մեծ հայրենասէր եմ եւ հպարտ եմ, որ հայ եմ:
«Առաջին անգամ, երբ հաւաքական հրաւիրուեցայ շատ ուրախացայ: Ներկայիս ազգային խումբին մէջ քիչ մը դժուար շրջան մը կ՛անցընենք` նկատի ունենալով, որ սկզբնական խաղերը քիչ մը դժուարութեամբ սկսանք: Բայց ի վերջոյ ֆութպոլը ասիկա է: Մեր դիմաց բազմաթիւ խաղեր ունինք, նայինք ի՛նչ կրնայ պատահիլ:
«Բնականաբար շատ հաճելի զգացում է, երբ զիս կը համեմատեն Հենրիխ Մխիթարեանի հետ: Բայց պէտք է շատ աշխատիլ անոր մակարդակին հասնելու համար:
«Վերջերս, երբ իրեն հետ խօսեցայ, ան ինծի ըսաւ մէկ բան. կապ չունի, թէ որո՞ւն, ո՞ր ակումբին հետ հանդէս կու գաս: Կարեւորը այն է, որ պէտք է յառաջդիմես մեծերուն հետ ֆութպոլի մրցումներ կատարելով, որովհետեւ երիտասարդ մարզիկ մըն ես: Ճիշդ այս պատճառով ամէն ինչ կախեալ է միայն ինձմէ»: