Ճատրակ. Պատեն – Պատենի Մրցաշարք. Արոնեան – Քարլսըն` 0,5-0,5
1161
0
Գերմանական Պատեն – Պատեն քաղաքին մէջ սկսաւ ճատրակի միջազգային մեծ մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան:
Արոնեան, որ Ա. հանգրուանին ճերմակ քարերով կը մրցէր աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընի դէմ (Նորվեկիա), հաւասարութեամբ սկսաւ մրցաշարքը: 64-րդ շարժումին անոնք համաձայնեցան հաւասարութեամբ աւարտել մրցավէճը:
Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Անանտ, Քարուանա, Ատամզ, Նայտիչ, Պաքրօ եւ Պարամիծէ: