Անգարա Հակադարձեց Սերժ Սարգսեանի Յայտարարութեան
- (0)
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին անդրադարձած էր նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ 24 Ապրիլին Կալիփոլիի (Չանաքալէ) մէջ մէկտեղուելու հրաւէրին ու ծանր դատապարտութեան ենթարկած էր այդ հրաւէրը՝ յայտնելով, որ այսպիսի հրաւէր մը անպարկեշտ ու թերի քայլ մը կը նկատէ։
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Գալըն պատասխանեց նախագահ Սարգսեանի վերոնշեալ արտայայտութեան եւ ըսաւ, որ այդ արտայայտութիւնը դիւանագիտական ընկալեալ լեզուի յարմար չէ եւ «անընդունելի» է։
«Մենք նոյնութեամբ իրեն կը վերադարձնենք Սարգսեանի այն խօսքերը, որոնք պետութեան նախագահի մը բերանին վայել չեն», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Ծանօթ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը ջանան 2015ը Թուրքիոյ ու թուրքերուն դէմ միջազգային արշաւի մը վերածել, եւ կը գործածեն այնպիսի նախադասութիւններ, որոնք ատելութիւն ու նախատինք կը բովանդակեն ու անյարիր են դիւանագիտական սովորութիւններուն։ Սարգսեանի լուսաբանութիւնն ալ այս ցաւալի վերաբերումին մէկ օրինակն է։ Հայաստանը, ո՛չ կը մօտենայ 1915ի պատահարները պատմութեան ճիշդ պատուհանէն ձեռք առնելու ընտրանքին՝ քաղաքական հաշիւներէ անջատելով զանոնք, ոչ ալ կը փորձէ Ղարաբաղի բռնագրաւման վերջ տալով՝ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ հիմնել։ Այս վերաբերումը ամէնէն առաջ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին վնաս կը պատճառէ։ Բայց թուրք-հայ վաղեմի բարեկամութիւնը պիտի շարունակուի ի հեճուկս այս արմատական խմբակներու գրգռութիւններուն։ Իրատեսութիւն չէ սպասել, որ մեր այս անկեղծ մերձեցումները ընդունուին Սարգսեանի ու իր գործակիցներուն կողմէ, որոնք իրենք զիրենք չեն կրցած փրկել պատմութեան էջերէն։ Հայաստանի իշխանութիւններու ատելավառ խօսակցութիւնները ցոյց կու տան, որ անոնք կարող չեն նաեւ հասկնալու Չանաքալէի պատերազմի նշանակութիւնը»։
Բանբերը սակայն բնաւ չանդրադարձաւ այն հարցին, թէ որքա՞ն ճիշդ էր 24 Ապրիլի առիթով նմանօրինակ հրաւէր մը ուղղել Հայաստանի նախագահին։
Գալընի յայտարարութենէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան առնչութեամբ՝ պահպանելով նոյն շեշտադրումները։ Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հայաստան ուղարկուած հրաւէրին պատճառը այդ մարտերուն ընթացքին կռուած ու զոհուած հայ մարտիկներն են՝ աւելցնելով. «Այս շրջագծով՝ Թուրքիան, հասկնալով ու չժխտելով հայերու ցաւերը՝ անկեղծօրէն կը բաժնէ զանոնք։ Որպէս օրինակ, այդ մարդկային կեցուածքը բացէ ի բաց ամբողջ աշխարհին ի ցոյց դրուեցաւ 23 Ապրիլ 2014ին, «ցաւակցական ուղերձ»ի միջոցաւ, եւ յիշեցուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ըլլան երկու հնագոյն ժողովուրդներու բարեկամութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Մեր թանկագին անատոլիացի մտաւորական Հրանդ Տինքի մահուան 8րդ տարելիցին շրջագծով, 20 Յունուար 2015ին յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ. այդ ալ թրքական իշխանութիւններու շինիչ դիրքորոշման մէկ այլ ապացոյցն էր։ Նմանօրինակ պայմաններու մէջ, մեծ վիշտով տեսանք, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի նախագահը 29 Յունուարին, Երեւանի մէջ իր ըրած յայտարարութեամբ, հերթական անգամ անտեսելով Թուրքիոյ մարդկային, պարզ, իրատեսական քայլերը եւ հայկական կողմին ուղղեալ ձեռքը՝ անյարիր կերպով վերադարձուց հրաւէրը։ Խստօրէն կը դատապարտենք հարեւան երկիրի նախագահը»։
Յայտարարութեան մէջ ողջամիտ ըլլալու կոչ կ՛ուղղուի Հայաստանի ղեկավարութեան ու կարեւոր կը նկատուի երկու ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան շարունակականութիւնը։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Նախագահական պալատի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւններուն որպէս պատասխան, քննադատական խիստ տողերով կոչեր հրապարակուեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն ու նախագահական պալատի աշխատակազմի ղեկավարէն։ Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան, «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ ծանր քննադատութիւն հնչեցուց Թուրքիոյ ղեկավար շրջանակներէն հրապարակուած յայտարարութիւններուն մասին ու հետեւեալ կոչը ուղղեց թրքական իշխանութիւններուն.
«Գայթակղեցուցիչ, ոչ-ժողովրդավար ու ժխտողական վարչաձեւ մը, որ կը համարձակի խօսիլ դիւանագիտական լեզուի ու վիրաւորանքներու մասին։ Համարձակութիւն ունեցէք ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւս միացաւ դիւանագիտական այս նոր բանավէճին ու անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահի կողմէ պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկին՝ ըսաւ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ Հայաստան շատ յստակ կերպով արտայայտած է իր դիրքորոշումը. պատմութիւնն ուսումնասիրելու փուլը վաղուց անցած է, եւ եթէ Թուրքիոյ մէջ ոեւէ մէկը ցանկութիւն ունի առերեսուելու պատմութեան հետ, ապա ատոր համար բազմաթիւ ճամբաներ կան։
«Այդ պատմութեան հայերու չափ ծանօթ են նաեւ թուրք քաղաքական գործիչները, հայ պատմաբաններու չափ նաեւ՝ թուրք պատմաբանները», ըսաւ Վիգէն Սարգսեան։
Գալով այն հարցին, թէ Թուրքիա կը յաջողի՞ «փոշի» փչել միջազգային հանրութեան աչքին՝ Վիգէն Սարգսեան այսպէս արտայայտուեցաւ. «Ես մինչեւ այսօր միջազգային հանրութեան մէջ չեմ տեսած տրամաբանող ոեւէ անձ, որ ըսէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւն չէ եղած։ Ես յաճախ լսած եմ, որ որոշ երկրի մը մէջ քաղաքական գործիչներ ըսեն, թէ այս պահուն նպատակայարմար չեն նկատեր ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը՝ մեկնելով քաղաքական հաշուարկներէ։ Ես ժխտումի քաղաքականութիւն կը տեսնեմ միայն երկու երկիրներու մէջ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի»։
