Շաւարշ Միսաքեանի Յուշատետրին ֆրանսերէն թարգմանութեան ներկայացումը


Ուրբաթ, Մայիս 7-ի երեկոյեան, Մարսիլիոյ Հայ Մշակոյթի Տան մէջ ուրախութիւնը ունեցանք ունկնդրելու Գրիգոր Պըլտեանը։ Ան հրաւիրուած էր ներկայացնելու Շաւարշ Միսաքեանի Յուշատետրին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ »Face a՝ lþinnommable Avril 1915«, որ լոյս տեսած է Parenthe՝ses հրատարակչատունէն։ իրքին յառաջաբանը գրած է նոյնինքն՝ րիգոր Պըլտեան, իսկ գիրքը հայերէնի թարգմանուած է Արփիկ Միսաքեանի կողմէ։

Երեկոյթի բացման խօսքը արտասանեց Մշակոյթի Տան տնօրէն Կարօ Յովսէփեան, ներկայացնելով րիգոր Պըլտեանը։

 Պրն. Պըլտեան մանրամասն գիծերու մէջ տուաւ Շաւարշ Միսաքեանի կեանքը. հալածուած, հետապնդուած բայց անվհատ կերպով հայ լեզուի եւ գրականութեան նուիրուած այս եզակի անձին տարած գործունէութիւնը՝ քաղաքէ քաղաք, թերթէ թերթ։ Շ. Միսաքեանի վերջին կայքը հանդիսացաւ Փարիզը, ուր 1925-ին հիմնեց »Յառաջ«ը։ Պըլտեան շեշտեց ի մասնաւորի »Յառաջ«ի 1945 Դեկտեմբեր 9-ի թիւը, որ կը կրէր »Ge՛nocide« խորագիրը եւ Շաւարշն էր որ կþընէր վերծանումը այդ բառին, գրելով՝ Ցեղասպանութիւն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.