Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչներ Հանդիպեցան Պահպանողական Կուսակցութեան Ղեկավար Անտրու Շիրի Հետ
1955
0
Շաբաթ, 30 Յունիս, 2018-ին, Հայ Դատի շրջանային եւ տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ, Սենթ Գաթրինզի մէջ հակիրճ հանդիպում մը ունեցան Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրու Շիրի հետ:
Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Օթթաուայի Գրասենեակի Վարիչ Տնօրէն՝ Սեւակ Պէլեան եւ Սենթ Գաթրինզի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ՝ Յովսէփ Գասարճեան, Ժան Սեքլեմեան եւ Միսակ Պէլեան:
Հանրային հաւաքի ընթացքին տեղի ունեցած սոյն հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի ներկայացուցիչները Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն մասին առանձնազրոյց մը ունեցան Շիրի եւ իր գործընկերներուն հետ: