Հարցազրոյց ՀՅԴ Հայ Դա­տի Եւ­րո­պա­յի Գ­րա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Պե­տօ Տե­միր­ճեան-­Քիւրք­ճեա­նի հետ


«Այ­սօր, հա­յու­թեան մօտ պէտք է պատ­րաս­տել հա­տուց­ման կա­րե­ւո­րու­թեան գա­ղա­փա­րը»

Կ­՚ու­զէինք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100 ա­մեա­կի ընդ­հանուր ձեռ­նարկ­նե­րու հա­մա­յ­նա­պատ­կեր մը ու­նե­նալ, ինչ կը վե­ րա­բե­րի Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեա­կին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւե­լիք­նե­րուն՝ թէ՛ Ֆ­րան­սա­յի եւ թէ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին։

Ար­դա­րեւ, 2015ը կը զու­գա­դի­պի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին։ Այս ուղ­ղու­թեամբ մեր գրա­սե­նեա­կը աշ­խա­տանք կը տա­նի ոչ թէ ան­հատ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, այլ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մօտ, բայց նաեւ կ­՚օ­ժան­դա­կենք 100ա­մեա­կի միա­ցեալ յանձ­նա­խում­բե­րուն, ո­րոնք իւ­րա­քան­չիւր երկ­րէն ներս կազ­մո­ւած են Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։ Հարկ ե­ղած պա­րա­գա­յին բնա­կա­նա­բար ձեռք կու տանք Եւ­րո­պա­յի ո­րե­ւէ այլ շրջա­նի մը Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին։ Ն­շեմ, թէ Եւ­րո­պա­կան տա­րած­քին կը գոր­ծեն 13 յանձ­նա­խում­բեր, ո­րոնց քա­ղա­քա­կան աշ­խա­տան­քը կը հա­մադ­րէ Պ­րիւ­սէ­լի գրա­սե­նեա­կը։

Ո՞ր եր­կիր­նե­րու մէջ կը գոր­ծեն Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը։

Անգ­լիոյ, Ֆ­րան­սա­յի, Կիպ­րո­սի, Պուլ­կա­րիոյ, Յու­նաս­տա­նի, Հո­լան­տա­յի, Ռու­մա­նիոյ, Աւստ­րիոյ, Շո­ւէ­տի, Ս­պա­նիոյ, Գեր­մա­նիոյ, Լե­հաս­տա­նի եւ Պել­ճի­քա­յի մէջ կը գոր­ծեն մեր գրա­սե­նեակ­նե­րը։ 2015ին Եւ­րո­պա­յի այլ եր­կիր­նե­րու մէջ ալ յանձ­նա­խում­բեր պի­տի կազ­մո­ւին եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ ան­դուլ աշ­խա­տան­ք կը տա­նինք։ Օ­րի­նակ ա­րե­ւե­լեան եւ կեդ­րո­նա­կան Եւ­րո­պա­յի ո­րոշ եր­կիր­նե­րու մէջ, ուր այս­պէս կո­չո­ւած՝ դա­սա­կան սփիւռք գո­յու­թիւն չու­նի, մեր հա­յաս­տան­ցի հայ­րե­նա­կից­նե­րուն կ­՚օ­ժան­դա­կենք։

Ի՞նչ է կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը Ա­րե­ւե­լեան եւ կեդ­րո­նա­կան Եւ­րո­պա­յի եր­կիր­նե­րու։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է այ­սօր Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւ­նը ընդ­լայ­նո­ւած է եւ կ­՚ընդգր­կէ 28 եր­կիր­ներ, հե­տե­ւա­բար քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նե­լու ձե­ւը կամ տա­րո­ղու­թիւ­նը փո­խո­ւած է։ Ա­րե­ւե­լեան եւ կեդ­րո­նա­կան Եւ­րո­պա­յի եր­կիր­նե­րը ձե­ւով մը հա­կա­ռուս տրա­մադ­րու­թիւն­ներ ու­նին, ինչ­պէս օ­րի­նակ Լե­հաս­տա­նի կե­ցո­ւած­քը Ուք­րա­նիա­յի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու գծով…։ Իսկ Հա­յաս­տա­նը իբ­րեւ Ռու­սաս­տա­նի դաշ­նա­կից նման մօ­տե­ցում­նե­րու «զո­հը» կը դառ­նայ։

Ա­ւե­լին, այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ ա­տըր­պէյ­ճա­նա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի է, մաս­նա­ւո­րա­բար Ռու­մա­նիոյ պա­րա­գա­յին։ Ու­րեմն, ա­զե­րի­նե­րու քա­րոզ­չու­թիւ­նը ո­րոշ չա­փով հա­կակշ­ռե­լու հա­մար մենք ար­դէն տա­րիէ մը ի վեր աշ­խա­տանք կը տա­նինք նոր յանձ­նա­խում­բեր կեան­քի կո­չե­լու հա­մար։ Պէտք է ը­սեմ, որ յատ­կա­պէս Ռու­մա­նիոյ կամ Լե­հաս­տա­նի մէջ յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րած ենք, ուր հա­մալ­սա­րան­նե­րու կամ բարձ­րա­գոյն այլ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցե­լով այ­լեւս կշիռ կը ներ­կա­յաց­նենք եւ պէտք ե­ղած ա­տեն ան­մի­ջա­պէս կը հա­կա­դար­ձենք։

Ձեր քիչ ա­ռաջ նշած 13 եր­կիր­նե­րուն մէջ գոր­ծող յանձ­նա­խում­բե­րու աշ­խա­տան­քը ինչ­պէ՞ս կը հա­մադ­րէք, ո­րո՞նք են ձեր ա­ջակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րը։

Ը­սեմ, թէ Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բե­րը կը գոր­ծեն ա­պա­կեդ­րո­նա­ցո­ւած դրու­թեամբ եւ իւ­րա­քան­չիւր յանձ­նա­խումբ կ­՚աշ­խա­տի տո­ւեալ երկ­րին պա­րա­գա­նե­րուն հա­մե­մատ։ Օ­րի­նա­կի հա­մար Կիպ­րո­սի կամ Յու­նաս­տա­նի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը կա­րե­լի չէ բաղ­դա­տել Շո­ւէ­տի կամ Գեր­մա­նիոյ հետ, նոյն­պէս ալ Ռու­մա­նիան՝ Ս­պա­նիոյ հետ, զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով։ Օ­րի­նակ Կիպ­րո­սի յանձ­նա­խում­բը հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի «հան­գիստ» կը գոր­ծէ, քա­նի որ ինչ­պէս գի­տէք, Կիպ­րո­սը Թուր­քիոյ հետ հար­ցեր ու­նի։ Տար­բեր է Յու­նաս­տա­նի պա­րա­գան, ո­րով­հե­տեւ հոն վեր­ջին շրջա­նի տնտե­սա­կան տագ­նա­պին եւ ա­զե­րի­նե­րու ու­ժա­նիւ­թա­յին ներ­խու­ժու­մին պատ­ճա­ռով մեր աշ­խա­տան­քը այդ­քան ալ հե­զա­սահ չէ։ Այս ե­րե­ւոյ­թին վառ օ­րի­նա­կը՝ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին մէջ յոյն ե­րես­փո­խա­նի մը նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ա­տըր­պէյ­ճա­նա­կան բա­րե­կա­մա­կան խում­բի մը հիմ­նադ­րումն էր։ Ը­սել կ­՚ու­զեմ որ ան­ցեա­լին նման բան կա­րե­լի չէր, նկա­տի ու­նե­նա­լով Ա­տր­պէյ­ճա­նի շատ մօտ կա­պե­րը գրա­ւեալ Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի հետ…։
Ինչ կը վե­րա­բե­րի հա­մադ­րու­մի հար­ցին, մենք գտնո­ւե­լով Եւ­րո­պա­յի մայ­րա­քա­ղաք Պ­րիւ­սէ­լի մէջ, ուր հաս­տա­տո­ւած են Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը, Եւ­րո­խոր­հուր­դը եւ եւ­րո­պա­կան բարձ­րա­գոյն ա­տեան­նե­րը, եւ ուր բնա­կա­նա­բար իւ­րա­քան­չիւր երկ­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ կան, կրնանք հայ­կա­կան ո­րե­ւէ հարց ներ­կա­յաց­նել ե­րես­փո­խան­նե­րուն՝ մեր յանձ­նա­խում­բե­րու ճամ­բով, իսկ մեր գրա­սե­նեա­կը – միշտ տեղ­ւոյն վրայ ըլ­լա­լով – կը հա­մադ­րէ ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Անց­նող Նո­յեմ­բեր 28-30ին, Ա­թէն­քի մէջ կա­յա­ցաւ Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բե­րու հա­մա­գու­մա­րը, ուր ար­ծար­ծո­ւե­ցան ընդ­հան­րա­պէս 2015ին մեր ի­րա­գոր­ծե­լիք ծրա­գիր­նե­րը, աշ­խա­տանք­նե­րը՝ ընդ­դէմ թրքա­կան կամ ա­տր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չու­թեան, Ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին ճա­նա­չու­մը ե­ւայլն։

Ո­րո՞նք են 100րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով ձեր հիմ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։

Մենք իբ­րեւ Հայ Դա­տի գրա­սե­նեակ, կեդ­րո­նա­ցած ենք քա­ղա­քա­կան միտք պատ­րաս­տե­լու ու­ղիին վրայ, որ կ­՚ընդգրկէ ի­րա­ւա­կան պա­հանջ­ներ (հա­տու­ցում­ներ)։ Ն­շեմ, որ Հա­յաս­տա­նի 100ա­մեա­կի կեդ­րո­նա­կան յանձ­նա­խում­բին խօսքն է՝ «յի­շում եմ եւ պա­հան­ջում եմ», որ կը նշա­նա­կէ նաեւ ճա­նա­չում։ Իսկ Հայ Դա­տի ցան­ցե­րը ճա­նա­չու­մէն քայլ մը ա­ւե­լի ա­ռաջ կ­՚եր­թան քա­ղա­քա­կան հա­տու­ցում պա­հան­ջե­լով։ Այդ գծով մենք դի­մած ենք մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­բան­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան եւ ար­դէն թղթած­րար մը պատ­րաս­տո­ւած է։ Այ­սօր, հա­յու­թեան մօտ պէտք է պատ­րաս­տել հա­տուց­ման կա­րե­ւո­րու­թեան գա­ղա­փա­րը։ Ան­ցեալ տա­րի Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Գոն­կրէ­սը բա­նա­ձեւ մը որ­դեգ­րեց, ո­րուն հա­մա­ձայն ներ­կա­յի Թուր­քիոյ տա­րած­քին գտնո­ւող փոք­րա­մաս­նու­թեանց ե­կե­ղե­ցա­կան կա­լո­ւած­նե­րը պէտք է վե­րա­դար­ձո­ւին ի­րենց տէ­րե­րուն։ Այս ուղ­ղու­թեամբ – ինչ­պէս ծա­նօթ է – հայ ժո­ղո­վուր­դին պատ­կա­նող կա­լո­ւած­նե­րը ա­մե­նէն ըն­դար­ձակ տա­րածք­ներն են։
Ինչ կը վե­րա­բե­րի 100ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րուն, մեր մի­ջոց­նե­րով կ­՚օ­ժան­դա­կենք բո­լոր ծրա­գիր­նե­րուն, ըլ­լան ա­նոնք ցոյ­ցեր, դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ, թէ ե­րաժշ­տա­կան յու­շ­-ե­րե­կոյթ­ներ։ Կը գոր­ծակ­ցինք նաեւ Թուր­քիոյ մէջ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կո­ւած այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու (­Յոյ­ներ, Ա­սո­րի­ներ ե­ւայլն) հետ։ Ան­ցեալ տա­րի ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Պ­րիւ­սէ­լի մէջ հա­մախմ­բե­ցինք նշեալ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, նե­րա­ռեալ Ռո­ւան­տա­յի Թու­թսի­ներն ու Հ­րեա­նե­րը եւ միաս­նա­բար ձեռ­նար­կի մը ըն­թաց­քին փո­խան­ցե­ցինք մեր պատ­գա­մը։ Այս ձեռ­նար­կին հրա­ւի­րո­ւած Քիւր­տերն ալ միա­ցան մե­զի։ Ա­ւելց­նեմ, թէ Պել­ճի­քա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բին հետ գոր­ծակ­ցա­բար կեան­քի կո­չե­ցինք Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րու հար­ցե­րը հա­մա­կար­գող խոր­հուրդ մը՝ (ո­րուն փոխ­նա­խա­գահ­նե­րէն է Պ­րիւ­սէ­լի գրա­սե­նեա­կի ա­տե­նա­պետ Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան) Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի քրիս­տո­նեա­նե­րուն օգ­նու­թիւն հասց­նե­լու նպա­տա­կով։ Պել­ճի­քա­յի Ար­տա­քին եւ Ներ­քին գոր­ծոց, ինչ­պէս նաեւ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեանց հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ար­դէն տեղ­ւոյն վրայ օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րած ենք յատ­կա­պէս Ի­րա­քի հիւ­սի­սը գտնո­ւող քրիս­տո­նեա­նե­րուն, Ե­զի­տի­նե­րուն, բայց նաեւ Ի­րա­քի Հա­յոց Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին։ Այս տա­րի ալ նման ա­ռա­քե­լու­թեամբ նոյն խոր­հուր­դէն պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը Սու­րիա պի­տի այ­ցե­լէ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, հայ­կա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն դի­մաց գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի նաեւ թուրք-ա­զերի քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նան, որ պե­տա­կան զօ­րակ­ցու­թիւն կը վա­յե­լէ։ Դուք ա­նոնց հա­կազ­դե­լու բա­ւա­րար մի­ջոց­ներ ու­նի՞ք։

Ան­մի­ջա­պէս ը­սեմ, թէ Թուր­քիոյ եւ Ա­տրպայ­ճա­նի պե­տու­թիւն­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս հայ­կա­կան խնդիր­նե­րու պա­րա­գա­յին միա­ցեալ ճա­կա­տով կը գոր­ծեն։ Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին, ազե­րի­նե­րը ինչ­պէս կ­՚ը­սո­ւի՝ «­Թուր­քէն ա­ւե­լի Թուրք են» եւ ի­րենց կա­րե­լին կ­՚ը­նեն զայն չէ­զո­քաց­նե­լու նպա­տա­կով եւ կը փոր­ձեն քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու մօտ հա­կա­ռա­կը պար­տադ­րել Հա­յը ներ­կա­յաց­նե­լով իբ­րեւ «ջար­դա­րար» եւ Թուր­քը՝ «զոհ»։ Չա­փա­զան­ցու­թիւն պի­տի չըլ­լայ ե­թէ ը­սեմ, թէ Թուր­քիա ո­րոշ չա­փով Ցե­ղաս­պա­նու­թեան «ծրա­րը» յանձ­նած է Ա­տր­պէյ­ճա­նին։ Թարմ օ­րի­նակ մը բե­րե­լով նշեմ, թէ Փէ­րին­չէ­քի հար­ցով Թուր­քե­րը հա­մաեւ­րո­պա­կան շար­ժում մը սկսած են։ Այլ խօս­քով Թուր­քիոյ եւ Ա­տր­պէյ­ճա­նի դրօ­շակ­նե­րը միա­ցած՝ մեր դէմ կը պայ­քա­րին։ Այս պա­րա­գա­յին մենք ալ Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի միա­ցեալ դրօշ­նե­րով կը հա­կազ­դենք։
Միւս կող­մէ, ինչ­պէս տե­ղեակ էք, Թուր­քիան Ապ­րիլ 24ի ա­ռի­թով տար­բեր պե­տու­թեանց նա­խա­գահ­նե­րուն կամ վար­չա­պե­տե­րուն կոչ ուղ­ղած է ներ­կայ գտնո­ւե­լու Կա­լի­փո­լիի հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն։ Իսկ Պել­ճի­քա­յի «Եու­րո­փա­լիա» մշա­կու­թա­յին ծրա­գի­րը՝ 2015ը նուիրուած է Թուր­քիոյ, թրքա­կան մշա­կոյ­թը լայն շրջա­նակ­նե­րուն ծա­նօ­թաց­նե­լու։

Այս բո­լո­րին դի­մաց մենք ալ մեր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ կը փոր­ձենք ներ­կայ ըլ­լալ զա­նա­զան ճա­կատ­նե­րու վրայ։

Ան­շուշտ 100ա­մեա­կը խորհր­դա­նըշա­կան թո­ւա­կան մըն եւ ըստ ար­ժան­ւոյն պէտք է ո­գե­կո­չո­ւի, սա­կայն մեր աշ­խա­տան­քը հա­րիւ­րա­մեա­կէն ան­դին ալ կը շա­րու­նա­կո­ւի։

 Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի կամ Եւ­րո­խոր­հուր­դի մա­կար­դա­կով ձեռ­նարկ­ներ նա­խա­տե­սո­ւա՞ծ են։

Ե­թէ մենք չհե­տա­պնդենք, եւ­րո­պա­կան բարձ­րա­գոյն ա­տեան­նե­րը ա­ռանձ­նա­պէս ո­րե­ւէ քայ­լի պի­տի չդի­մեն՝ Թուր­քիան «չնե­ղաց­նե­լու» մտա­հո­գու­թեամբ։ Բուն խնդի­րը այն է, որ Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա մուտ­քին հա­մար կան զա­նա­զան կար­ծիք­ներ։ Ո՛չ ոք կ­՚ան­գի­տա­նայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ե­ղե­լու­թիւ­նը, սա­կայն պե­տու­թիւն­նե­րը չեն ու­զեր յա­ւե­լեալ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ յա­ռա­ջաց­նե­լով Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա մուտ­քին խո­չըն­դոտ հան­դի­սա­նալ։ Իսկ մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է միշտ եւ միշտ յի­շեց­նել եւ պա­հան­ջել որ սե­ղա­նի վրայ բե­րո­ւի Հայ­ոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը։

Ար­դեօք Պ­րիւ­սէ­լի գրա­սե­նեա­կին եւ հայ­կա­կան կամ այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բե­րուն մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի՞։

Օ­րի­նակ մը բե­րե­լով նշեմ, թէ Պ­րիւ­սէ­լի մէջ կը գոր­ծէ ոչ-­Հա­յե­րէ կազ­մո­ւած «­Հա­յաս­տա­նի եւ­րո­պա­ցի բա­րե­կամ­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ Հա­յե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կամն է եւ մա­մու­լի մօտ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նի զա­նա­զան մար­զե­րու վե­րա­բե­րեալ՝ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին, ե­ւայլն։ Մենք բնա­կա­նա­բար ի­րենց հետ կը գոր­ծակ­ցինք։ Նոյնն է պա­րա­գան ՀԲԸՄ-ի, որ այս օ­րե­րուն Եւ­րո­խոր­հուր­դի մէջ կազ­մա­կեր­պեց Հ­րանդ Տին­քի յի­շա­տա­կի ձեռ­նար­կը։ Մենք մնա­յուն եւ ան­մի­ջա­կան կա­պի մէջ ենք նաեւ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նէն ներս Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կա­մու­թեան խում­բին հետ։

Հա­յան­պաստ ձեռ­նարկ­նե­րուն ի՞նչ չա­փով կը մաս­նակ­ցի պել­ճի­քա­հայ հա­մայն­քը։

2013ի եւ 2014ի Դեկ­տեմ­բեր ա­միս­նե­րուն մենք հայ գա­ղու­թին ներ­կա­յա­ցու­ցինք մեր գրա­սե­նեա­կին աշ­խա­տանք­նե­րը։ Այս գոր­ծին նպա­տակն էր մօ­տէն ի­րա­րու ծա­նօ­թա­նալ եւ միաս­նա­բար քննար­կել հար­ցե­րը։ Մա­նա­ւա՛նդ վեր­ջին զե­կու­ցա­կան ձեռ­նար­կին հա­մայն­քը մեծ թի­ւով մաս­նակ­ցե­ցաւ եւ ու­րա­խա­լի էր յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Կա­րե­լի է ը­սել, թէ գա­ղու­թը այ­լեւս քա­ղա­քա­կա­նա­ցած է եւ մօ­տէն կը հե­տե­ւի հայ­կա­կան հար­ցե­րուն։

Ընդ­հան­րա­պէս Եւ­րո­պա­յի հա­յու­թիւ­նը եւ մաս­նա­ւո­րա­բար այս պա­րա­գա­յին Պել­ճի­քա­յի հայ հա­մայն­քը իբ­րեւ կազ­մա­կեր­պո­ւած կա­ռոյց ար­դեօք կը քննար­կէ՞ ներ­քին կազ­մա­կեր­պա­կան դրու­թիւն մը հաս­տա­տե­լու հար­ցը, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ լե­զուն, մշա­կոյ­թը կամ պատմութիւնը հասկ­նա­լի «լե­զուով» փո­խան­ցել նոր սե­րունդ­նե­րուն, ո­րոնց մաս կը կազ­մեն նաեւ Հա­յաս­տանէն գաղ­թած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը։

Հոս նշեմ, թէ ան­ցեալ տա­րի մեր գրա­սե­նեա­կին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի կրթու­թեան, մշա­կոյ­թի, բազ­մա­լեզ­ւու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տո­ւին հետ, ո­րու ըն­թաց­քին մենք ներ­կա­յա­ցու­ցինք յատ­կա­պէս ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի վտան­գո­ւած ըլ­լա­լու փաս­տը, որ­պէս­զի այդ հար­ցը դրուի Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան վտանգուած լե­զու­նե­րու հար­թա­կին վրայ։ Ան­շուշտ այս աշ­խա­տան­քը դիւ­րին լու­ծուող հարց մը չէ եւ ժա­մա­նակ կը պա­հան­ջէ։
Սա­կայն մեր էա­կան հար­ցը հե­տե­ւեալն է: Ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին միայն մէ՛կ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան կը գոր­ծէ, այն ալ Մար­սի­լիոյ Հա­մազ­գա­յի­նի կրթա­րանն է, որ Հա­յու­թեան թի­ւին բաղ­դատ­մամբ մտա­հո­գիչ ե­րե­ւոյթ մըն է։ Ան­շուշտ չենք ան­տե­սեր կրկին Ֆ­րան­սա­յի մէջ գոր­ծող «Դպ­րո­ցա­սէր» վար­ժա­րա­նը եւ տա­կա­ւին նոր կա­ռու­ցո­ւող Ալ­ֆոր­վի­լի դպրո­ցը, ո­րոնք դար­ձեալ շատ հե­ռու են բա­ւա­րար ըլ­լա­լէ։ Հոս կ­՚ու­զեմ բե­րել այլ օ­րի­նակ մը.- Հո­լան­տա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի ու կո­մի­տէու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ հա­մայն­քի մաս­նակ­ցու­թեամբ սկսած է աշ­խա­տանք մը, որ­պէս­զի հա­յա­շատ Ալ­մե­լօ քա­ղա­քին մէջ ա­մէ­նօ­րեայ նա­խակր­թա­րան մը հիմ­նո­ւի՝ պե­տու­թեան ուղ­ղա­կի օ­ժան­դա­կու­թեամբ։

Բ­նա­կա­նա­բար քա­ջա­լե­րե­լի ե­րե­ւոյթ մըն է, սա­կայն դար­ձեալ ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի։
Միւս կող­մէ Սու­րիան եւ Լի­բա­նա­նը, ուր տաս­նեակ տա­րի­ներ շա­րու­նակ հա­յե­րէն լե­զո­ւի ու­սու­ցիչ­ներ, խմբա­գիր­ներ եւ մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­ներ կը պատ­րաս­տո­ւէին, այ­սօր պա­տե­րազ­մա­կան կամ քա­ղա­քա­կան անն­պաստ պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով վտան­գի տակ են։ Իսկ Հա­յաս­տա­նէն գաղ­թած Հա­յե­րու թի­ւին եւ հա­յե­րէ­նի լե­զո­ւա­կան ի­մա­ցու­թեան ա­ռու­մով այ­սօր Եւ­րո­պա­յի մէջ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը հետզ­հե­տէ կը դառ­նայ գե­րիշ­խող լե­զու եւ շատ տե­ղեր նոյ­նիսկ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րը միօ­րեայ դպրոց­նե­րու մէջ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն կը սոր­վին։ Այլ խօս­քով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը սկսած է զի­ջիլ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նին։ Բ­նա­կա­նա­բար այս հար­ցը մեր գրա­սե­նեա­կի ծրա­գիր­նե­րուն ան­բա­ժան մէկ մասն է։ Մեր յա­ւե­լեալ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րէն մէկն ալ այն է, որ Եւ­րո­պա­յի 1,5 կամ 2 մի­լիոն Հա­յե­րը հա­մախմ­բո­ւած չեն եւ տա­րա­ծո­ւած են տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ։ Ան­շուշտ այս բո­լո­րի լու­ծու­մը կը կա­րօ­տի նաեւ նիւ­թա­կան մեծ օ­ժան­դա­կու­թեան։ Պէտք է խոս­տո­վա­նիլ որ Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ո­րոշ չա­փով օգ­նու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ, սա­կայն բա­ւա­րար չէ։

Այ­սօր ինչ­պէ՞ս կ­՚ըն­կա­լո­ւի Հայ Դատ հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը։

Եւ­րո­պա­յի մէջ Հայ Դատ հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը կ­՚ընդ­գրկէ՝ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան հզօ­րա­ցու­մը, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ա­պա­հո­վե­լը, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում-հա­տու­ցում պա­հան­ջե­լը, Ս­փիւռ­քի մէջ Հա­յու­թեան ձայ­նը լսե­լի դարձ­նե­լը, Վ­րաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ հայ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը։ Եւ հա­կա­ռակ մեր նիւ­թա­կան եւ մար­դու­ժի սահ­մա­նա­փակ մի­ջոց­նե­րուն պի­տի շա­րու­նա­կենք վե­րոն­շեալ հար­ցե­րու լուծ­ման գծով մեր կա­մա­ւոր աշ­խա­տանք­նե­րը։ Մենք կը հա­ւա­տանք մեր գոր­ծին։

«Նոր Յառաջ»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.