Հայաստանի Հանրապետութեան Փոխ Վարչապետ Տիգրան Աւինեան հանդիպեցաւ Գանատայի հայ համայնքին հետ
– Նոր իշխանութիւնը բարձրօրէն կ‘արժեւորէ Սփիւռքի մասնակցութիւնը ժողովրդավար Հայրենիքի կերտման աշխատանքին մէջ եւ կ‘անկնկալէ Սփիւռքի մասնակցութիւնը ո՛չ միայն բարեգործական նուիրատութիւններով, այլեւ՝ գիտական եւ մարդկային ներուժով
– Փոխ վարչապետը վստահեցուց, թէ Արամ Մանուկեանի յուշարձանը անպայմա՛ն պիտի տեղադրուի
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Երեքշաբթի 26 Յունիսին, Թորոնթոյի հայ համայնքը հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինյան եւ իրեն ընկերակցող պետական պատուիրակութիւնը։ Փոխ վարչապետի այցելութիւնը կը նպատակադրէր ամրապնդել Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ վստահութիւնը շահաբեր ներդրումներու հնարաւորութիւններու առիթը ստեղծել սփիւռքի գործատէրերուն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին փոխադրութեան, կապի և տեղեկատուական գիտարուեստի փոխ նախարար Յակոբ Արշակեանը, Սփիւռքի փոխ նախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեանը, ՀՀ փոխվարչապետի գրասենեակի ղեկավար Սերժ Վարագ Սիսեռեանը, փոխվարչապետի օգնական Վիքթորիա Այտինեանը, Տնտեսական զարգացման և ներդրումներու փոխ նախարար Մանէ Ադամեանը, Bussiness Armenia-ի ներկայացուցիչներ՝ Ալինա Եղիազարեանը և Նարեկ Ալեքսանեանը:
Օրուայ ընթացքին փոխ վարչապետն ու պատուիրակութեան անդամները զանազան հանդիպումներ ունեցան Թորոնթոյի մէջ։ Գանատահայ Գործարարներու խորհուրդի (Canadian Armenian Business Council – CABC), Համահայկական առեւտրային ցանցի (ATN Global Armenian Chamber of Commerce) եւ Bussiness Armenia-ի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը Lara’s ճաշարանէն ներս, ուր գանատահայ գործարարներուն ներկայացուեցաւ նոր իշխանութեանց քաղաքական ծրագիրն ու գործընթացը, Սփիւռքի հետ համագործակցութեան հնարաւոր ձևաչափերը եւ Հայաստանի մէջ շահաբեր ներդրումներու առիթները:
Երերկոյեան, Թորինթոյի Հայ կեդրոնին մէջ կայացաւ ժողովրդային հաւաք, որու ընթացքին իր պատգամը փոխանցեց փոխ վարչապետը:
Հանդիսութեան սկիզբը Թորոնահայութեան եւ Bussiness Armenia-ի անունով խօսք սռաւ Յակոբ Ճանպազեանը, որ շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը տակաւին հսկայական ճանապարհ ունի կտրելիք եւ թէ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ պետականութեանց հզօրացումը՝ կը մնայ ազգային գերխնդիր։ Ապա բեմ հրաւիրուեցան փոխ վարչապետն ու Սփիւռքի փոխ նախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը: Փոխ վարչապետը լայնօրէն անդրադարձաւ նոր կառավարութեան գործընթացին եւ աշխատելաոճին մասին, շեշտելով իրաւունքի գերակայութեան եւ օրէնքի առջեւ բոլորին հաւասարութեան վրայ հիմնուած ազգային միասնութիւնը եւ քաղաքացիական համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը: Փոխ վարչապետը շեշտադրեց Սփիւռքի կարեւոր դերը նոր Հայաստանի հզօրացման աշխատանքին մէջ։ Ան յատկապէս կարեւոր նկատեց Հայաստան-Սփիւռք փոխ-վստահութեան վերականգնումը եւ Հայաստանի մէջ տիրող մենաշնորհային դրութենէն ձերբազատումը: Ան յայտնեց նաեւ, որ նոր իշխանութիւնը բարձրօրէն կ‘արժեւորէ Սփիւռքի մասնակցութիւնը ժողովրդավար Հայրենիքի կերտման աշխատանքին մէջ եւ կ‘անկնկալէ Սփիւռքի մասնակցութիւնը ոչ միայն բարեգործական նուիրատութիւններով, այլեւ՝ գիտական եւ մարդկային ներուժով, ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ ներդրումներ կատարել գիւղատնտեսութեան, գետարուեստի եւ ենթկառոյցներու հզօրացնան ոլորտներէն ներս:
Ապա հանրութեան հետ քննարկուեցան զանազան հարցեր, որոնցմէ են՝ երկքաղաքացիութեան զինապարտութեան օրէնքը, հակամենաշնորհային դրութիւն ստեղծելու աշխատանքները, Եւրոմիութեան հետ կապեր ամրապնդելու գործընթացը: Փոխ վարչապետն ու փոխ նախարարները թափանցիկ մօտեցումով պատասխանեցին ուղղուած հարցումներուն: Փոխ վարչապետը յստակացուց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու համար, գանատահայերը կրնան դիմել Bussiness Armenia-ին։
Տեղին է յիշել, որ Արամ Մանուկեանի յուշարձանի տեղադրման աշխատանքները յետաձգելու առնչութեամբ շրջանառութիւն ընող տեղեկութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ փոխ վարչապետը վստահեցուց, թէ հարցը քաղաքական ոչ մէկ բնոյթ ունի եւ Արամ Մանուկեանի յուշարձանը անպայմա՛ն պիտի տեղադրուի:
Հանդիսութեան աւարտին, «Հորիզոն»ը առիթ ունեցաւ առանձնազրոյց ունենալու Սփիւռքի փոխ նախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեանին հետ, որ յայտնեց թէ նախարարութեան առաջնահերթութիւնն է նոր տեսլական եւ ռազմավարութիւն ստեղծել՝ հիմնական թիրախ ունենալով հայապահպանումն ու հայրենադարձութիւնը եւ Սփիւռքի մասնագիտական ներուժը լաւագոյնս օգտագործել ի նպաստ Հայաստանի:
Թորոնթօ այցելութեան ծիրէն ներս, փոխ վարչապետի պատուիրակութիւնը առիթ ունեցաւ նաեւ հանդիպելու Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճոն Թորիի հետ, որուն հետ քննարկուեցաւ յառաջիկային քաղաքապետին Հայաստան այցելելու կարելիութիւնը: Քաղաքապետ Ճոն Թորին պատրաստակամութիւն յայտնեց 2019-ին գանատացի գործարարներու խումբով Հայաստան այցելելու:
Հայկական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Գանատայի երկրորդ ամենամեծ ելեկտրական սարքեր արտադրող Rex Power Magnetics ընկերութեան կեդրոնը, որ մասնաճիւղ ունի Հայաստանի մէջ: Քննարկուեցան հայաստանեան մասնաճիւղը ընդարձակելու հնարաւորութիւնները:
Սարին Փօլատեան Աբիկեան