Նախարար Շարպոնօ, Լաւալի քաղաքապետ Տեմերս եւ այլ պաշտօնական հիւրեր այցելեցին Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ քերմէսը
Շաբաթ, 23 Յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-էն սկսեալ, Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ տօնավաճառ-քերմէս այցելեցին դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական մակարդակի զանազան պաշտօնատարներ: Պաշտօնական այս հիւրերու շարքին էին Քեպէգի տարեցներու հարցերու եւ Լաւալ շրջանի տարեց քաղաքացիներու հարցերու նախարար Ֆրանսին Շարպոնօ, Լաւալի քաղաքապետ Մարք Տեմերս, դաշնակցային երեսփոխաններ Ֆայսալ Էլ-Խուրի (Laval-les-Iles), Եւա Նասիֆ (Vimy) եւ Իվ Ռոպիյար (Marc-Aurèle-Fortin), նահանգային երեսփոխաններ Կի Ուելէթ (Chomedey), Սոլ Փոլօ (Laval-des-Rapides) եւ Մոնիք Սովէ (Fabre), Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Արամ Էլակէօզ (Renaud), Միշէլ Փուասան (Vimont), Տէյվիտ Տէ Գոթիս (St-Bruno), Ժոսլին Ֆրէտէրիք Կոթիէ (Auteuil), Սանտրա Էլ-Հըլու (Souvenir-Labelle), Ակլայա Ռեւելաքիս (Chomedey), Ռէյ Խալիլ (Sainte-Dorothée), Նիգոլաս Պորն (Laval-les Iles), Եանիք Լանկլուա (Orée-des-Bois) եւ Վիրժինի Տիւֆուր (Sainte-Rose):
Հիւրերը դիմաւորեցին Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յովիկ Թիւֆէնքճեան, որ ողջունեց ներկաները եւ բարձր գնահատեց ներկայ պաշտօնատարներուն քաջալերանքը հայկական նախաձեռնութիւններուն, որմէ ետք նախարար Շարպոնօ խօսք առնելով շնորհաւորեց ներկաները Քեպէգի ազգային տօնին ու Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին զոյգ առիթներով: Իր կարգին, քաղաքապետ Տեմերս, իր ելոյթին ընթացքին շեշտեց լաւալահայութեան ներդրումը Լաւալի բարգաւաճումին եւ յառաջդիմութեան գործընթացին մէջ:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք հիւրերը մօտաւորապէս մէկ ժամ վայելեցին քերմեսի ճոխ մթնոլորտը:
Վազգէն Գարագաշեան